ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 1-4 Մայիս 1920, Հայաստանի Հանրապետութիւն. Մայիսեան խռովութեանց դառն ու դաժան դասերը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
1-4 Մայիս 1920, Հայաստանի Հանրապետութիւն.
Մայիսեան խռովութեանց դառն ու դաժան դասերը
Ն. Պէրպէրեան
04 ՄԱՅԻՍ 2020 –
Մայիսի առաջին օրերը, յատկապէս Մայիսի 4ը, հարիւր տարի առաջ, Հայաստանի համար եղան պատմական մեծ նշանակութեամբ յատկանշուող ծանրագոյն՝ տագնապալի եւ դաժան օրեր, որոնք բախտորոշ անդրադարձ ունեցան նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հետագայ զարգացումներուն վրայ, յանգելով մեր մանուկ պետականութեան անկախ եւ ազատ վարչակարգի խորտակումին։
Մայիս 1ի Աշխատաւորական Օրուան տօնախմբութիւնները, 1920ին, Երեւանի մէջ սկսան արտասովոր ծանր մթնոլորտի մէջ։ Քանի մը օր առաջ՝ 28 Ապրիլին խորհրդայնացած Ատրպէյճանի «կարմիր» իշխանութիւնները վերջնագիր յղած էին վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան՝ պահանջելով, որ երեք օրէն Հայկական Բանակը պարպէ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը եւ մեր հայրենիքի դարպասները բանայ կարմիր բանակայիններու մուտքին առջեւ։
Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ, այդ օր, կառավարական-պաշտօնական շուքով կատարուող Մայիս Մէկի հանդիսութեանց հետեւող ժողովրդային խուռներամ բազմութիւնը անձկութեամբ կը սպասէր իր կառավարութեան պատասխանին։
Կասկած չկար, որ Հայկական Բանակը պէտք չէ լքէր հայրենի հողը, ընդհակառակն՝ պարտաւոր էր ամէն գնով պաշտպանել Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հայութիւնը ատրպէյճանական ներխուժումին դէմ։
Բայց Ատրպէյճան արդէն Կարմիր Ռուսաստանի դրօշը պարզած էր եւ անոր անունով վերջնագիր յղած էր Հայաստանի։
Հայկական անձկութիւնը ունէր նաեւ ներքին անհանգստութեան աղբիւր մը։
Աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային Օրը տօնող հայ աշխատաւորներու, յատկապէս գիւղացիներու բազմահազարանոց բազմութեան մէջ ներկայ էին եւ արտակարգ աշխուժութիւն կը դրսեւորէին Մարքսի ու Լենինի նկարներ պարզած հայ պոլշեւիկներու փոքրաթիւ, այլ աննշան խումբերը, որոնք Կարմիր Ռուսաստանին ուղղուած զօրակցական կարգախօսքերու շարքին՝ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան տապալումն ու խորհրդային կարգերու հաստատումը պահանջող կոչեր կը վանկարկէին…
Մայիս Մէկի երեւանեան հաւաքը, անշուշտ, անտեսեց հայ պոլշեւիկներու անհեթեթ կոչերը եւ ցուցադրականօրէն, հրապակա՛ւ, որդեգրեց համաժողովրդային բանաձեւ մը, որ նախ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէր տեղի չտալ ատրպէյճանական սպառնալիքին առջեւ, ապա՝ համոզում կը յայտնէր, որ Կարմիր Ռուսաստանը ընթացք չի տար ատրպէյճանական հակահայ գրգռութեանց։
Լենինեան Ռուսաստանին կապուած այդօրինակ յոյսերն ու ակնկալութիւնները անշուշտ անհիմն դուրս եկան։
Քեմալի հետ գաղտնի գործարքի եւ զինակցութեան մէջ մտած պոլշեւիկեան Ռուսաստանը ոչ միայն ընթացք տուաւ ատրպէյճանական գրգռութիւններուն, այլեւ՝ ուղղակիօրէն ինք նախաձեռնարկ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ կարմիր բանակայիններու գրոհին։
Մինչ այդ ատրպէյճանական հալածանքէն փախուստ տուած եւ Հայաստան ապաստանած հայ պոլշեւիկները Անդրկովկասի համայնավար ղեկավարութենէն հրահանգ ստացան, որպէսզի ներքին խռովութիւններ առաջացնելով՝ սկսին Հայաստանի խորհրդայնացման «պայքար»ը…
*
* *
Թէեւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ մեր ժողովուրդը հաստատակամ կանգնեցաւ իր կառավարութեան կողքին եւ պահանջեց դիմագրաւել թէ՛ կարմիր բանակի Զանգեզուրի ուղղութեամբ ներխուժումը, թէ՛ հայ պոլշեւիկներու ապստամբական զանազան գրգռութիւնները, այսուհանդերձ՝ երեւանէն դուրս, յատկապէս Ալեքսանդրապոլի մէջ (այժմու Գիւմրին), Մայիս Մէկէն սկսեալ պոլշեւիկեան խռովութիւնները թափ հաւաքեցին։
Ալեքսանդրապոլը յառաջապահը դարձաւ Մայիսեան խռովութեանց՝ յատկապէս այն պատճառով, որ հոն տեղակայուած Հայկական Բանակի զրահապատ «Վարդան Զօրավար» գնացքին հրամանատարը՝ զօրավար Մուսայէլեան միացաւ խռովարարներուն, ըմբոստացաւ իր իսկ կառավարութեան դէմ եւ հռչակեց ստեղծումը Հայաստանի Ռազմայեղափոխական Կոմիտէի մը, որուն ինքնակոչ նախագահն ու ռազմական կոմիսարը եղաւ ինք՝ զինակից ունենալով Մոսկուայի հրահանգներով շարժող Աւիս Նուրիջանեանն ու Արտաշէս Մելքոնեանը, իբրեւ արտաքին եւ ներքին գործերու կոմիսարներ…
Ալեքսանդրապոլի ապստամբութիւնը բնականաբար անպատասխան չմնաց։
Մայիս 3ին Հայաստանի խորհրդարանը գումարեց արտակարգ նիստ, ուր կառավարութեան կողմէ արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեան զեկուցեց Խորհրդային Ատրպէյճանէն ստացուած վերջնագրին, անոր ետին կանգնած Լենին-Քեմալ գաղտնի բանակցութեանց, ինչպէս նաեւ անոր ընկերացող Հայաստանի ներքին խռովութեանց մէջ արտաքին հրահրումի փաստին մասին։
Ծայր աստիճան բուռն քննարկումներ կատարուեցան. խորհրդարանի անդամ Սոցիալիստ-Յեղափոխական եւ Սոցիալ-Դեմոկրատ պատգամաւորները հանդէս եկան Կարմիր Ռուսաստանը պաշտպանողի դիրքերէ՝ պնդելով, որ Կարմիր Բանակը չ՚երթար Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորտակելու քայլին։
Բայց Հայաստանի խորհրդարանը իր բացարձակ մեծամասնութեամբ կողմնակից գտնուեցաւ աւելի վճռական քայլերու, ընդդէմ թէ՛ ներխուժող զօրքերուն եւ թէ ներքին խռովարարներուն։
Այդ մթնոլորտին մէջ, Մայիս 4ին, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանաւոր կուսակցութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ, մասնակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին, կառավարութեան դաշնակցական անդամներուն, խորհրդարանի դաշնակցական խմբակցութեան եւ Հ.Յ.Դ. Կ.Կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն։
Այդ խորհրդակցութեան ընթացքին որոշուեցաւ վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան հրաժարումը եւ կազմութիւնը Բիւրօ-կառավարութեան։
Այդպէ՛ս, Մայիս 5ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն ստանձնեց Հանրապետութեան պետական ղեկին ամբողջական պատասխանատուութիւնը՝ բժիշկ Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեամբ կառավարութիւն մը առաջացնելով։
*
* *
Բայց Բիւրօ-կառավարութեան եւ անոր ձեռնարկած քայլերուն մասին կ՚արժէ խօսիլ առանձին՝ Յուշատետրի Մայիս 5ի էջով։
Հոս անմիջականօրէն շեշտադրումի արժանի է այն իրողութիւնը, որ 1920ի Մայիս 1էն 4 պատահած խռովութիւնները սեւով ու մուրով ամօթալի խարան մը եղան հայ քաղաքական մտքի ճակտին։
Առանց անկախութեան եւ ազգային պետականութեան ամբողջ դարեր ապրելէ ետք, յատկապէս թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն հազիւ վերականգնած, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ դաւադրական խռովութեանց դիմեցին հայ քաղաքական գործիչներ՝ կարմիր բանակայիններու եւ թուրք-ատրպէյճանական ասպատակողներու զէնքի ուժով տապալելու համար հայոց նորաստեղծ պետականութեան անկախութիւնն ու ազատութիւնը։
Սեփական հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան դէմ բռնաշրջումի նման փորձ հազուադէպ պատահած է ազգերու պատմութեան մէջ։
Հայ պոլշեւիկները նմանօրինակ «ժառանգութիւն» մը թողուցին հայոց պատմութեան էջերուն։
Դաժան ու դառն դասերով յատկանշուող «ժառանգութիւն» մը, որ ե՛ւ մեր սերունդին, ե՛ւ գալիք սերունդներուն վրայ պարտք կը դնէ ամէն գնով կանխելու ազգային-պետական առումով ծանրագոյն՝ հայրենադաւութեան այդ յանցագործութիւնը։
1920ի Մայիսեան խռովութեանց դատապարտումը պատգամն է ոչ միայն Դաշնակցական Մտքին, այլեւ Հայաստանի նորաստեղծ անկախութեան վրայ դողացող հայ ժողովուրդի ազգային՝ հոգեւորական թէ քաղաքական բոլոր առաջնորդ ուժերուն, որոնք պատմական այդ օրերուն հանդէս եկան դատապարտանքի հատու յայտարարութիւններով։
Այդպիսի՛ն եղաւ պատգամը, յատկապէ՛ս, օրուան երջանկայիշատակ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսին, որ հետեւեալ յորդորը ուղղեց մեր ժողովուրդին.
«Նոքա, որոնք վտանգ չեն տեսնում արեւելքից եւ արեւմուտքից, նոքա, որոնք չտեսնողս են ձեւանում, որ մեր տան մէջ դաւեր են լարւում՝ պայթեցնելու անկախ Հայաստանի գաղափարը, նոքա, որոնք չեն տեսնում հայաջինջ ծրագիրների քայլ առ քայլ եւ հետեւողական իրագործումը, զգո՞ւմ են, թէ ի՛նչ պատասխանատուութիւն է ծանրանում նոցա հանդէպ պատմութեան առաջ։ Այս րոպէիս, երբ ամէնքիս պարտականութիւնն է համախմբուել ո՛չ միայն հայրենիքի պահպանութեան եւ վերաշինութեան գործի շուրջը, այլ, նամանաւա՛նդ, հայ ժողովրդի ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու դժուարին աշխատանքի շուրջը, ցաւալի է տեսնել ներքին երկպառակութիւնները։
«Մենք, ինչպէս եւ մեր երջանկայիշատակ նախնիքները, որ աշխատանք ենք թափել տաճկահայ դատի համար լաւ օրերի յոյսի ակնկալութեամբ, չենք կարող անտարբեր մնալ այս նեղ րոպէներին, եւ երբ վտանգուած ենք տեսնում հայրենիքի միութեան գործը, բայց, նամանաւա՛նդ, հայ ազգի ֆիզիքական գոյութեան ճգնաժամային գործը, իբր ընդհանրական հայրապետ, մեր սրբազան պարտքն ենք համարում այս ծանր, կ՚ասենք օրհասական րոպէներին հայրական խրատով դիմել բոլորին եւ զգաստութեան կոչ անել.-
«Հայ ժողովուրդ, համախմբուի՛ր քո հայրենի հանրապետութեան պահպանութեան գործի շուրջը. դա՛ է քո հայրենիքի փրկութեան միակ ճանապարհը… Վտանգը եւ խիստ ծանր վտանգը քո դռանն է, հայ ժողովուրդ, զգոյշ եղիր եւ պատմութեան առաջ ծանր պատասխանատուութեան բեռի տակ մի ընկնիր»։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամէն անհամեմատօրէն շատ աւելի բուռն եւ խարանող եղաւ ատենի Հայ Ռամկավար Կուսակցութեան հրապարակած յայտարարութիւնը, որ «եղբայրադաւ եւ հայրենադաւ ոճիր» որակեց հայ պոլշեւիկներու հրահրած Մայիսեան Խռովութիւնները՝ դիտել տալով, որ «այդ խելագարները ո՛չ միայն չմտածեցին, որ այդ կերպով վերջին անբուժելի հարուածը կու տան լուծման օրերու մէջ գտնուող (կ՚ակնարկէ Սեւրի Դաշնագրի մշակումին – Ն.) Հայկական Հարցին, այլ մինչեւ անգամ հոգ չըրին, որ երկրի սահմանները կը բանան եւ կը հրաւիրեն տաճիկ-ազրբէջանեան գառնազգեստ գայլերը (կ՚ակնարկէ Կարմիր Բանակը համալրած թուրք-թաթարներուն – նոյնը), որպէսզի մնացեալ հայութեան դիակներու վրայէն երթան ու միանան մեր դարաւոր թշնամիին՝ Էնվերի ու Թալէաթի հարազատ յաջորդ Մուսթաֆա Քեմալին»։
Նման պատգամներով յատկանշուեցաւ 4 Մայիսը, 1920 թուականին՝ ՈՒՂԻ հունաւորելով հայ ժողովուրդի հետագայ սերունդներուն համար։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ