Աֆէեանի Ընկերութեան Պատրաստած Պատուաստանիւթը Հետազօտման 2-րդ Փուլին Անցնելու Արտօնութիւն Ստացած է

Աֆէեանի Ընկերութեան Պատրաստած Պատուաստանիւթը Հետազօտման 2-րդ Փուլին Անցնելու Արտօնութիւն Ստացած է

08 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Coronavirus-covid-19

ԱՄՆ սնունդի եւ դեղորայքի վերահսկողութեան գերատեսչութիւնը (FDA) թոյլատրած է ամերիկահայ գործարար Մուպար Աֆէեանի Moderna Therapeutics ընկերութեան անցնիլ իր պատուաստանիւթի հետազօտման երկրորդ փուլին:

Ան շուտով պիտի մեկնարկէ: MRNA-1273 պատուաստանիւթը առաջինն է, որ ստացած է թոյլտւութիւն ամերիկեան հիւանդանոցներու մէջ փորձարկումներ ընելու համար: Ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հետազօտման 3-րդ փուլը նախատեսուած է սկսիլ ամրան սկիզբը, «Եռագոյն»-ի փոխանցմամբ՝ կը գրէ «Ամերիկայի ձայնը»:

Պատուաստանիւթի պատրաստման ուղղութեամբ աշխատանք կը տանին նաեւ այլ ընկերութիւններ: Օրերս Pfizer եւ BioNTech ընկերութիւնները յայտարարեցին, որ Մայիս 5-էն հիւանդանոցներուն պիտի տրամադրեն պատուաստանիւթեր` փորձարկումներու համար:

Ամերիկեան ու գերմանական այս ընկերութիւններ կ՛ըսեն, որ եթէ պատուաստանիւթը յաջողութեամբ անցնի փորձարկումները, ապա հնարաւոր է` անիկա պատրաստ ըլլայ մինչեւ տարեվերջ Միացեալ Նահանգներու մէջ լայն տարածման համար` շրջանցելով քանի մը տարուան պատուաստանիւթի զարգացման բնորոշ ժամանակացոյցը: Բարեյաջող ընթացքի պարագային 2021-ին հնարաւոր պիտի ըլլայ կազմակերպել պատուաստանիւթի հարիւր միլիոններու հասնող արտադրութիւնը:

Ընկերութիւնները յոյս ունին, որ Միացեալ Նահանգներու սնունդի եւ դեղորայքի վերահսկողութեամբ զբաղած գերատեսչութիւնը հնարաւորին չափ շուտ կը տրամադրէ թոյլտւութիւն սկսելու համար փորձարկումններու, որոնց համաձայնած է մասնակցիլ մօտ 360 մարդ տարբեր տարիքային խումբերէ:

CORONAVIRUS-COVID19

yerakouyn.com/2020/05/08/աֆէեանի-ընկերութեան-պատրաստած-պատու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail