ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – «Հորիզոն»-ի Խմբագրական․ Շուշիի Յաղթանակը՝ Արցախեան Ազատագրական Պայքարի Դարբնասալն Է
08 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
«Ով որ կարծում է, թէ ինքնապաշտպանութեան ապահովումը կարելի է ձեռք բերել միշտ մնալով պաշտպանողական սահմաններում` նա չարաչար սխալւում է: Պէտք է յարձակմանը հատուցանել անյապաղ, որպէսզի հակառակորդը չխրախուսուի անպատիժ յաղթութիւնից եւ չանի նորանոր քայլեր»։
ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ
Արցախի նորօրեայ պայքարի պատմագրութեան մէջ իւրայատուկ է պատմական Շուշիի ազատագրման հերոսապատումը, որ իրաւամբ անկիւնադարձային ներգործութիւն ունեցաւ Արցախեան հիմնահարցին հետագայ քաղաքական եւ դիւանագիտական զարգացումներուն վրայ։
Հայոց երբեմնի բերդաքաղաքը որպէս հրետանային յենակէտ օգտագործելով, ատրպէյճանական զինեալ ուժերը ծրագրուած ձեւով հրթիռակոծելով Ստեփանակերտը նպատակ կը հետապնդէին ոչնչացնել Արցախի սիրտը հանդիսացող Ստեփանակերտը եւ բարոյահոգեբանական բեկում յառաջացնել հայկական զինեալ ուժերուն մօտ։ Մայիսի սկիզբն արդէն, ատրպէյճանական հրթիռակայաններու ամենօրեայ հրթիռատարափներուն տակ կքած եւ փլատակի վերածուած էր Ստեփանակերտի աւելի քան կէսը։
Վճռական հարուածով Շուշին վերագրաւելն ու ազատագրելը դարձած էր մահու կենաց խնդիր, այլապէս՝ Ստեփանակերտը հողին հաւասարեցնելու Պաքուի ծրագիրը օրըստօրէ իրագործուելու հունի մէջ էր։ Մայիս 8-18 տասնօրեայ զինուորական գործողութիւններու եւ հայկական կողմի արձանագրած յաղթանականերուն շնորհիւ ոչ միայն ազատագրուեցաւ հայոց պատմական բերդաքաղաք Շուշին, այլեւ՝ հայկական ուժերու անկասելի յառաջխաղացքը, հասնելով Մայր Հայաստանի սահմաններուն թշնամի հրոսակներէն, վնասազերծեց Լաչինի միջանցքը։ 1992ի Մայիս 18ին, Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերու հակայարձակման իբրեւ արդիւնք, ազատագրուեցաւ Քաշաթաղի շրջանը և բացուեցաւ Մայր Հայաստանի հետ միացնող բազկերակը ու ի սպառ փշրուեցաւ Արցախի շրջափակման մահացու շղթան: Արցախի «կեանքի ճանապարհ»ի վերահաստատումը իր էութեամբ՝ պատմական ռազմավարական մեծ իրագործում էր։
Շուշիի ազատագրման զուգահեռ սկիզբ առաւ նաւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի կազմաւորումը, բանակ՝ որուն հրամանատարութեան ներքոյ հաւաքուեցան պայքարի բովէն անցած բոլոր ազատամարտիկները։
Շուշիի ազատագրումը, Արցախի պայծառ ապագան կերտելու, խաղաղ ապրելու, ազատօրէն արարելու եւ ապագայ սերունդներու յարատեւութիւնը ապահովելու ձգտող՝ մարտնչող Արցախի ժողովուրդին յաղթական խորհրդանիշն է:
Այսօր, Նկատի ունենալով, որ չկարգաւորուած հակամարտութիւնը ուղղակիօրէն կը սպառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան եւ ապագայ գոյատեւելիութեան,
Նկատի ունենալով ատրպէյճանական քաղաքական եւ զինուորական վերնախաւի մինչ օրս շարունակուող ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը՝ որուն վառ օրինակն էր Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հրահրումը,
Նկատի ունենալով, Պաքուի ջղաձիգ ճիգերը ռազմական գերակայութեան հասնելու եւ Արցախեան հակամարտութիւնը զինուորական ուժով լուծելու ձգտումներն ու տրամադրութիւնը,
Նկատ ունենալով, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու շրջափակելու եւ ռազմագիտականօրէն մեկուսացնելու Պաքուի եւ Անգարայի նպատակաուղղուած քաղաքականութիւնը,
Անյետաձգելի կը դառանայ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի կայացումը, ուր յստակօրէն կ՚ամրագրուի Հայաստանի յանձնառութիւնը` երաշխաւորելու Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը։
Հայաստանը՝ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է. հայրենի զոյգ պետութիւններու ազգային անվտանգութեան դաւանաբանական սկզբունքն ու կերտուածքը, պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ ռազմաքաղաքական կայուն եւ ամրագրուած դաշինքով եւ հայութեան ազգային շահերու խորքային աշխարհըմբռնման բնութագրիչը հանդիսացող՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան անքակտելի ու վերանորոգ զօրաշարժով։
Հետեւաբար, Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան հայեցակարգի դարբնաքարի հիմնասիւնն ու երաշխիքն է Հայաստան -Արցախ – Սփիւռք միաձոյլ եւ նպատակաուղղուած համագործակցութիւնը։
horizonweekly.ca