ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Չարչարանքների քո գործիքը թող Սեմիս ճակատին դրոշմուի ամուր, Հաւատքը յոյսիս` կախուի հանապազ ծառիցդ օրհնութեան
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Չարչարանքների քո գործիքը թող
Սեմիս ճակատին դրոշմուի ամուր,
Հաւատքը յոյսիս` կախուի հանապազ ծառիցդ օրհնութեան:
Թող որ մուտք գործի պաշտպանը լոյսի ինձ մօտ անխափան»
7 Մայիս 2020
Բարի լոյս՝ լուսապսակ «Նարեկ»ը Սուրբ Գիրքի պէս ԲԱՐՁԻ ՏԱԿ ՄԻՇՏ ՊԱՀՈՂ, Նարեկացիի ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ՏԱՐԵՐՔՈՎ աշխարհին ու մարդկութեան ՄԵԾ ՀՈԳը հայօրէն շալակող, այլեւ՝ համավարակի այս անհամ ու մղձաւանջային ժամանակաշրջանին ԴԷՊԻ ԱՂԲԻՒՐԸ ԼՈՅՍԻՆ իր հայեացքը անշեղ յառող հայոց սերունդներուն։
Մայիսի 7ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը ՍՐԲԱԴԱՍՈՒԱԾ իր վանական ԲԱՆԱՍՏԵՂԾին՝ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻին, որուն կեանքն ու ԱՒԱՆԴը ներկայացուած են Յուշատետրի այսօրուան փոստով։
Բարի լոյս՝ հայոց պատմութեան բոլոր ԱՐՀԱՒԻՐՔՆԵՐՈՒՆ ժամանակ եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան դիմագրաւած բոլոր ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԵՐՈՒՆ Հաւատքի ու Յոյսի իր անսպառ ՋԵՐՄՈՒԹԵԱՄԲ եւ ԱՐԵՒՈՎ ինքնամաքրման ուղին հունաւորող ՆԱՐԵԿԵԱՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ։
Գրիգոր Նարեկացին հայ ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս քաղաքակիրթ մարդկութեան ընծայաբերեց ԱՂՕԹՔը ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ, որ ԽԱՉԵՑԵԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾՈՐԴԻԻ բացած ՄԱՐԴԱՓՐԿՈՒԹԵԱՆ երկնային ճանապարհին եկաւ միախառնելու ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՆԵՐԱՀԱՅԵԱՑ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ուղիին անմահ խորհուրդը։
Բարի լոյս՝ Նարեկացիի հնաւանդ, այլեւ միշտ նորարար Ինքնամաքրման Աղօթքով իր օրը ԻՄԱՍՏԱՒՈՐՈՂ եւ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ մերօրեայ ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ, որ համավարակի մասնատող, մեկուսացնող եւ ինքնամփոփման մղող պայմաններուն մէջ անգամ՝ ամրօրէն փարած կը մնայ Ազգի ու Հայրենիքի ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆը կարգուկանոնի բերելու, մակաբոյծներու չարաշահման ԿԵՂՏԵՐԷՆ ՄԱՔՐԵԼՈՒ եւ Հայաստանի ու Հայութեան դէմ ԹՇՆԱՄԱԲԱՐ տրամադրուած ոսոխներէն պաշտպանելու ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ։
Բարի լոյս՝ Նարեկացիի ներշնչումով մեր այս օրը Պարոյր Սեւակի ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ երգով շնչաւորողներուն․-
ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ Է ՊԷՏՔ
Աշխարհին, այո՛ մաքրութի՜ւն է պէտք…
Մաքրութիւն է պէտք՝ ժպիտի՛ ձեւով,
Որ մտնենք նրա տաք քաղցրութեան մէջ,
Ինչպէս մեղուն է փեթակն իր մտնում։
Մաքրութիւն է պէտք՝ ծիծաղի՛ ձեւով,
Որ ժայթքի մեր շուրջ,
Մեզ չհարցնելով՝
Կոհակ առ կոհակ գայ, մեզ լուանայ
Առանց օջախի եւ առանց ջրի…
Մաքրութիւն է պէտք՝ տեսքով մեխակի՛,
Մաքրութիւն է պէտք՝ տեսքով սոխակի՛
Մաքրութիւն է պէտ՛ք,
Որ քարերն անգամ
Ներքնապէս զգան
Իրենց երբեմնի հեղուկ վիճակում,
Որ արտաշնչեն բոյսերն էլ… արե՜ւ
Եւ ո՛չ թէ միայն անտես թթուածին,
Որ մարդն էլ իրեն լաւ զգայ այնպէս,
Ինչպէս մեղեդին՝ վսեմ տաճարում,
Գոյնը՝ հանճարեղ կտաւի վրայ,
Եւ խաղալիքը՝ մանկան ձեռներին…
Աշխարհին… մանկա՜ն մաքրութիւն է պէտք…
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ