ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գրիգոր Նարեկացի (951-1003) Հայկեան Հանճարին բանաստեղծական սրբալոյս ճակատը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Գրիգոր Նարեկացի (951-1003).
Հայկեան Հանճարին բանաստեղծական սրբալոյս ճակատը
Ն. Պէրպէրեան
7 Մայիս 2020
Մայիս 7ի այս օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը Հայկեան Հանճարի բանաստեղծական սրբազնագոյն ճաճանչումը հանդիսացող Գրիգոր Նարեկացիի։
«Նարեկ» անունով մեր ժողովուրդին կողմէ սրբացուած Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» քերթողական գլուխ-գործոցը ոչ միայն հայ գրականութեան վեհաշուք Արարատը կը հանդիսանայ, այլեւ՝ Աստուածաշունչի կամ Սուրբ Գիրքի չափ, հոգեմտաւոր լոյսի ու սնունդի վարար աղբիւր ու լուսաւոր փարոս է հայ ժողովուրդին համար ահա՛ աւելի քան հազար տարիէ ի վեր։
Նարեկայ վանքէն դուրս՝ ուրիշ աշխարհ չտեսաւ եւ ճգնաւորութենէ զատ կեանք չճանցաւ Գրիգոր վարդապետ, բայց ի վերուստ իրեն շնորհուած հանճարի մտքով ու սրտով, այլեւ բոլոր զգայարանքներով՝ շօշափեց, պեղեց եւ վերծանեց մարդն ու աշխարհը, կեանքն ու անդենականը իմաստաւորող ճշմարտութիւնները։
Մանաւա՛նդ այդ բոլորը յաւիտենութեան յանձնեց բանաստեղծական այնպիսի հնչեղութեամբ, յուզական այնպիսի իրաւութեամբ եւ իմաստասիրական այնպիսի խորութեամբ, որ իր ժամանակին շունչը դառնալով մէկտեղ՝ եղաւ բոլոր ժամանակներուն համար անանց ճշմարտութեանց պատգամախօսը։
Բնաւ ալ պատահական չէ, հետեւաբար, որ արդի հայ գրականութեան բոլոր մեծութիւնները, Խաչատուր Աբովեանէն մինչեւ Սիամանթօ, Պետրոս Դուրեանէն մինչեւ Յովհաննէս Թումանեան, Դանիէլ Վարուժանէն ու Միսաք Մեծարենցէն մինչեւ Եղիշէ Չարենց ու Պարոյր Սեւակ, անվարա՛ն բոլորը Նարեկացին կ՚ընդունին իբրեւ իրա՛ւ յոյզերու, խորագո՛յն ճշմարտութեանց եւ գեղարուեստակա՛ն արարումի մեծագոյն առաջնորդն ու վարպետը միանգամայն։
Իսկ հայ մարդը ամէնուր եւ բոլոր ժամանակներուն՝ «Նարեկ»ը պահեց իր բարձին տակ, իբրեւ իր էութեան ամէնէն հարազատ ու խորասոյզ վկայարանը՝ անոր մէջ փնտռելով ու գտնելով ոչ միայն հոգեկան մխիթարութեան եւ փրկութեան, այլեւ՝ մարմնական ապաքինման ու առողջութեան հրաշազօր բալասանը։
Համընդհանուր այդ արժեւորումը լաւագոյնս կը խտացնէ ծանօթ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան, երբ իրաւացիօրէն դիտել կու տայ, որ՝
«Գրիգոր Նարեկացու յայտնութեամբ հայ գեղարուեստական մտածողութիւնը մտնում է միանգամայն նոր փուլ: Տաղերով եւ յատկապէս «Մատեան Ողբերգութեան» պոեմով իր աստուածային հաւատը նա վերածեց խօսքի եւ գեղարուեստական հիւսուածքին հաղորդեց հոգիների վրայ ներգործելու տիրական ազդեցութիւն: Դա կենդանի խօսք է, որ թափանցում է մարդու հոգու խորքը եւ ապրեցնում նրան, իսկ եթէ հիւանդ է՝ բուժում: Հաւատը ենթադրում է կասկածից ու քննութիւնից դուրս նուիրուածութիւն Աստծուն, Յիսուս Քրիստոսին, Սուրբ Հոգուն եւ բոլոր նրանց՝
աւետարանիչներին, մարգարէներին ու սուրբերին, ովքեր տարածել են Աստծու խօսքը: Նարեկացին այն ճշմարիտ հաւատացեալներից մէկն է, որ դասուեց սուրբերի շարքը եւ յաւերժական փառք նուաճեց իր աստուածային հանճարով»։
*
* *
Վասպուրական աշխարհի Ռշտունեաց գաւառի ծնունդ է Գրիգոր Նարեկացի՝ Բզնունեաց տոհմի շառաւիղ, որ լոյս աշխարհ եկաւ Վանայ լիճի հարաւը գտնուող աննշան գիւղի մը մէջ, հոգեւորական եւ մտաւորական ընտանիքի մը յարկին տակ։
Հայրը՝ Խոսրով հայ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս էր ու ծանօթ գրող։ Գրիգոր մանուկ տարիքին կորսնցուցած էր մայրը եւ ղրկուած էր հօրեղբօր՝ Անանիա վարդապետի մօտ, որ Նարեկայ վանքի վանահայրն էր. ամբողջ իր կեանքը Գրիգոր անցուց Նարեկայ վանքին մէջ եւ հոնկէ ալ ստացաւ իր Նարեկացի անուանումը։
Բանաստեղծական յորդաբուխ յուզաշխարհով օժտուած եւ աստուածաբան-իմաստասէրի ընդգրկուն գիտելիքով ու ճանաչողութեամբ զարգացած հեղինակութիւն էր Գրիգոր Նարեկացի, որ իր ժամանակի ուսումնական այդ կարեւոր օճախի՝ Նարեկայ վանական դպրոցի սիւներէն մէկը դարձաւ։
Նարեկացի 52 տարի ապրեցաւ եւ գրական ու իմաստասիրական մեծահարուստ ժառանգութիւն մը ընծայաբերեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեանց գանձարանին։
Նարեկացի հայ գրականութեան անդաստանէն ներս մուտք գործեց իրաւութեան շունչով ու գեղարուեստական նորարար մշակումով յատկանշուող իր «Տաղեր»ով։
Հայ հոգեւորական դասական գրականութեան մէջ իսկական յեղաշրջում կատարեց՝ հայրենի բնութեան գեղեցկութիւնն ու երաժշտականութիւնը բանաստեղծական կշռոյթի վերածող իր տաղերով ու գանձերով։
Յեղաշրջեց նաեւ հոգեւոր ճշմարտութեանց ու գեղեցկութեանց բանաստեղծական ընկալումը՝ մարդկայնացնելով Աստուածայայտնութեան ողջ խորհուրդն ու կրօնական պաշտամունքը, աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդ էակին ներաշխարհը բանի եւ երաժշտութեան վերածելով ու անդուլ ինքնամաքրման հունով զարգացնելով։
Այդպէ՛ս է, որ Գրիգոր Նարեկացիի «Տաղեր»ուն մէջ Աստուածամայրը խորհրդանշեց գերագոյն գեղեցկութիւնը. Աստուածամօր նուիրուած «Տաղ Վարդավառի»ն իրաւամբ կը համարուի համաշխարհային գրականութեան գոհարներէն մէկը։
Յատկապէս իր կեանքի վերջալոյսին՝ 1002 թուականին աւարտած «Մատեան Ողբերգութեան» երկարաշունչ բանաստեղծութեամբ՝ Գրիգոր Նարեկացի յաւերժութիւնը նուաճեց, բոլոր ազգերու եւ լեզուներու գրականութեան գանձարանին տալով հանճարեղ գլուխ-գործոց մը, որ մինչեւ մեր օրերը սքանչացումով ու յափշտակութեամբ կը համակէ ընթերցողներն ու գիտաշխատողները աշխարհի չորս ծագերուն։
*
* *
Ահա՛ աշխարհաբար արեւելահայերէնի վերածուած պատառիկ մը՝ «Մատեան Ողբերգութեան» գործէն․-
… Կէս-գիշերային այս լռութեան մէջ
Նշանդ օրհնեալ` ձեռքիս մատներով
Քեզ եմ կարկառում, ո՜վ ամենատես,
Որ անգիտութեան խաւարով երբեք չես աղօտանում,
Այլ բնակւում ես ու հանգչում ես միշտ
Անմատոյց լոյսի ջինջ ոլորտներում:
Գոհաբանութեամբ աղաչում եմ քեզ`
Ա՛ռ վշտահարիս հզօր թեւերիդ պաշտպանութեան տակ,
Փրկի՛ր ներխուժող խուռնամբոխ պղտոր այս ցնորքներից,
Մաքրի՛ր լիովին զգայարանը սրտիս տեսութեան,
Կենացդ փայտով ամրապնդի՛ր ինձ
Այս տխրաթախիծ անուրջների դէմ,
Արեամբդ ցողի՛ր իմ կացարանի շուրջն ամբողջութեամբ,
Կողիդ կենարար սուրբ կաթիլներով
Սրսկի՛ր ճամբան իմ ելումուտի,
Քառաթեւդ թող լինի մշտապէս երդիս պահապան,
Վեր յառած աչքիս տեսութեան հանդէպ
Թող որ պատկերուի խորհուրդը միայն
Ամենափրկիչ տառապանքներիդ,
Չարչարանքների քո գործիքը թող
Սեմիս ճակատին դրոշմուի ամուր,
Հաւատքը յոյսիս` կախուի հանապազ ծառիցդ օրհնութեան:
Սանձի՛ր սրանցով, տէ՜ր, հոգեսպանին.
Թող որ մուտք գործի պաշտպանը լոյսի ինձ մօտ անխափան.
Թեթեւացրո՛ւ բեռը պարտքերիս`
Անլուր ցաւերիս ծանրութեամբ հանդերձ:
Եւ ահա մահճում, ամփոփուած մտքիս լռարանի մէջ,
Մտաբերելով պտուղները դառն յուսահատութեան`
Խոստովանում եմ ամենագէտիդ
Անօրէն ու չար գործերս բոլոր:
*
* *
Ինչպէս որ Հայկական Հանրագիտարանը կը վկայէ՝
«Նարեկացիի գլուխ-գործոցը «Մատեան Ողբերգութեան» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնն է՝ բաղկացած 95 գլուխներէ (բանք), որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» տողով:
«Մատեան Ողբերգութեան» պոէմը հոգւոյ խորերէն բխած զրոյց է Աստուծոյ հետ։ Զրոյց՝ ուր ներկայացուած են մարդկութիւնը պարուրած վիշտերն ու ցաւերը, կասկածներն ու համոզմունքները, մեղքերն ու խոստովանանքները, ինքնադատապարտման ու ինքնամաքրման ճամբով կատարելութեան հասնելու ձգտումը։
«Նարեկ»ի մէջ բանաստեղծը կը խօսի կեանքի ու մահուան, անկման ու փրկութեան մասին։ կը վերլուծէ մարդկային կեանքի անկատարութիւնը, ուրկէ եւ կը սկսին անոր ողբերգական ապրումներն ու տարակոյսները։ Մարդ էակը կը կասկածի՝ մաքրագործուելով վեր բարձրանալուն, Աստուծոյ մերձենալուն, անբասիր դառնալուն վրայ, կը տարակուսի՝ որովհետեւ անոր մեղքերը աստիճանաբար կ՚աւելնան շարունակ։
Այնուամենայնիւ, իր բոլոր մեղքերով հանդերձ, մարդը յոյս ունի եւ կը հաւատայ Աստուծմէ սպասուող փրկութեանը։ Փրկութեան հասնելու միակ ճամբան խոստովանութիւնն ու զղջումն են, որոնց շնորհիւ մարդը կ՚ազատագրուի սուտէն, կեղծիքէն, յանցանքներէն, սխալներէն, բազում այլ արատներէ եւ կը մաքրուի։
«Նարեկացիի հոգին լի է հաւատով առ Աստուած։ Իր պոեմը Նարեկացի ձօնած է Աստուծոյ՝ Անոր մեջ տեսնելով գեղեցիկը, լաւագոյնը, կատարեալն ու անաղարտը: Նարեկացի կը հաւատայ, որ իր Մատեանը կ՚օգնէ մարդուն եւ սէր, ազնուութիւն ու բարութիւն կը սերմանէ մարդոց հոգիներուն մէջ։
«Նարեկացիի գեղարուեստական մտածողութիւնը էապէս ազդած է հետագայ շրջանի, յատկապէս XII-XIII դարերու (Ներսէս Շնորհալի, Ֆրիկ) եւ XX դարու առաջին կէսի (Միսաք Մեծարենց, Սիամանթօ, Եղիշէ Չարենց) հայ բանաստեղծութեան վրայ։
«Անգերազանցելի է Նարեկացին՝ հայ գրականութեան մէջ իր ստեղծած տաղաչափութեամբ, բանաստեղծական անկրկնելի կշռոյթով եւ երաժշտականութեամբ, խօսքի տարերքով ու բառագանձով։ Ան նաեւ, իբրեւ երաժիշտ, նոր շունչ ու կեանք հաղորդած է հայ միջնադարեան մասնագիտացուած երաժշտութեան, մասնաւորապէս անոր տաղերուն մէջ յաղթահարուած են շարականներու հին, տուեալ պատմաշրջանին համար իսկ արդէն հինցած ձեւերը»։
*
* *
«Մատեան Ողբերգութեան» բանաստեղծութիւնը կը կրէ իր ժամանակաշրջանի շեշտակի դրոշմը։
Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ թուրանական ու մոնկոլական՝ սելճուքեան ասպատակումի եւ աւերումի, հոգեմտաւոր արժէքներու խորտակման ու խաւարման դարերը կը սկսին եւ ահա ճիշդ այդ ահաւո՛ր անկումներու դարաշրջանին դէմ ըմբոստացման ինքնուրոյն՝ հայաշունչ պոռթկում է «Նարեկ»ը։
Նարեկացի Խաւարին կը հակադրէ յաւերժական Լոյսը, երկնաւոր կեանքի մեղքերուն եւ չարիքներուն կը հակադրէ հաւատքի գեղեցկութիւնն ու հոգիի ազնուացումը։
Նարեկացի լոյս աշխարհ կը բերէ ինքնախարազանման եւ ինքնամաքրման ամէնէն իրաւ զգայնութիւնները՝ ուրուագծելու համար դէպի յաւերժական Լոյսին ու Գեղեցկութեան աղբիւրը առաջնորդող հայու ուղին։
Նարեկացի իր «Տաղեր»ով ու «Մատեան Ողբերգութեամբ» անբաժան ընկերակիցը եւ առաջնորդող փարոսը կը հանդիսանայ բազմաչարչար հայ ժողովուրդին՝ խաւարանիստ այդ երկարատեւ դարերու ամբողջ երկայնքին։
Իր ներշնչած Հաւատքի ուժով եւ հոգեմտաւոր Գեղեցկութեան ու Լոյսի անխառն պաշտամունքով՝ Նարեկացի դարերէն վեր բարձրացաւ ու Յաւերժի Ճամբորդին՝ հա՛յ ժողովուրդին կտակեց ինքնապահպանման ու վերապրումի ամէնէն հրաշազօր զէնքերէն մէկը։
Նարեկայ վանքը այսօր չկայ, քսաներորդ դարասկիզբին վերջնականապէս քանդուեցաւ ինչ որ մնացած էր երբեմնի Հայկական Լոյսի այդ մեծ օճախէն։ Բայց «Նարեկ»ը կա՛յ ու կը շարունակէ շունչ, հաւատք եւ լոյս տալ հայ ժողովուրդի ինքնահաստատման յաւերժական երթին
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ