ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 8 Մայիս 1992, Շուշիի ազատագրման յաղթական գրոհը – Պահանջատէր հայութեան հաւաքական կամքին եւ միասնական ուժին շղթայազերծումը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
8 Մայիս 1992, Շուշիի ազատագրման յաղթական գրոհը.
Պահանջատէր հայութեան հաւաքական կամքին եւ միասնական ուժին շղթայազերծումը
Ն. Պէրպէրեան
08 ՄԱՅԻՍ 2020 –
8 Մայիսը փառահեղ իր տեղն ու նշանակութիւնը ամրագրած է հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն թուականներու շարքին, իբրեւ Արցախի ազատագրութեան յաղթարշաւին սկզբնաւորման օրը։
Շուշիի ազատագրումով՝ հայ ժողովուրդը ոչ միայն յաղթական հիմը դրաւ Արցախը հայութեան վերադարձնելու համահայական պայքարին, այլեւ՝ ռազմաքաղաքականօրէն ապահովեց վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս Մայիս 9ին կը մեծարէ «Շուշիի ազատագրման եւ յաղթանակի» պետական տօնը։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօնացոյցով Մայիս 9ն հռչակուած է «Յաղթանակի Օր»։
Թէ՛ իբրեւ ազգային-ազատագրական պայքարի յանդուգն նախաձեռնութիւն եւ թէ, մանաւա՛նդ, իբրեւ ռազմական փայլուն գործողութիւն, Շուշիի ազատագրման միօրեայ յաղթական գրոհը, որ սկսաւ 8 Մայիս 1992ին եւ յաղթական իր պսակումին հասաւ Մայիս 9ին, ազգային-քաղաքական իր նշանակութեամբ կարեւորագոյն դարձակէտ մը նուաճեց հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան համար։
Շուշիի ազատագրման «Հարսանիք լեռներում» անուանուած յաղթական գործողութիւնը դրաւ սկիզբը Արցախի իրողական ազատագրութեան յաղթարշաւին։
Աւելի՛ն. Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը ոչ միայն յաղթական թռիչք ու մարտունակ թափ ապահովեց Արցախի լիիրաւ հայացման եւ ատրպէյճանական լուծէն անկախացման պայքարին, այլեւ՝ ռազմաքաղաքականօրէն ամրագրեց վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութիւնը։
*
* *
Բարձրանիստ բերդաքաղաքի անառիկ իր դիրքով յատկանշուող Շուշին ոչ միայն վերջին երեք տասնամեակներուն, այլեւ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան բոլոր թէժ պահերուն, բայց յատկապէս 17րդ դարէն սկսեալ թափ առած հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի բախտորոշ բոլոր վերիվայրումներու ընթացքին, խորհրդանշած է հայկական ինքնութեան, ինքնուրոյնութեան եւ ազատ ու անկախ ապրելու ազգային կամքին բարձունքներէն մէկը՝ անառիկ եւ հերոսական։
Միջին դարերուն Շիկաքար բերդաքաղաքի անունով հռչակուած Շուշին մեր ժամանակները թեւակոխեց իբրեւ հայկական լեռնաշխարհի եզակի արծուեբոյններէն մէկը։ Հակառակ դարերու ընթացքին այլացեղ ներխուժողներու կողմէ կատարուած ասպատակութեանց եւ բռնագրաւող ուժերու կողմէ հայկական այս հինաւուրց ոստանը հայաթափման ենթարկելու եւ օտարամուտ տարրերով բնակեցնելու հետեւողական փորձերուն, Շուշին թէ՛ պահպանեց հայեցի իր ազգային դիմագիծը, թէ՛ դարձաւ հայ մշակոյթի ու դպրութեան, այլեւ հայ քաղաքական մտքի ու ռազմական տաղանդի զարգացման կարեւորագոյն բնօրրաններէն մէկը։
1895ին Շուշի անդրկովկասեան յայտնի գիւղաքաղաք էր 30 հազար բնակչութեամբ, որուն 21 հազարը հայ էր։ Շուշիի Թեմական դպրոցը կը հանդիսանար, ատենին, ողջ հայաշխարհի կրթական հինգ կարեւոր կրթօճախներէն մէկը, ուր թրծուեցան թէ՛ հայ ազգային-ազատագրական շարժման գլխաւոր դէմքերէն շատեր, թէ՛ հետագային՝ խորհրդային դարաշրջանին, Կարմիր Բանակի մեծանուն զօրավարներ դարձած հայ գործիչներ։
Հայաստանի անկախութեան կերտման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնաւորման տարիներուն, 1918-1921 թուականներուն, Շուշին առաջաւոր դիրքը եղաւ Հայկական Դիմադրութեան՝ արեւելքէն եւ հիւսիս-արեւելքէն Հայաստանի ու հայութեան գոյատեւման սպառնացող թուրք-թաթար ազերիական վտանգին եւ ներխուժման փորձերուն դէմ։
Հարիւր տարի առաջ, Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարը ղեկավարելով՝ Շուշի հերոսաբար դիմադրեց համաթրքական գրաւման վտանգին եւ տեղի տուաւ միայն Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, երբ Ստալինեան կամայականութեամբ պարտադրաբար կցուեցաւ Խորհրդային Ադրբեջանին՝ «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ» պոլշեւիկեան անուանումով։
Խորհրդային լուծի տակ Շուշին հետեւողականօրէն ենթարկուեցաւ ատրպէյճանական հայաթափման քաղաքականութեան, բայց արցախահայութիւնը երբեք չհամակերպեցաւ ճնշումներուն։
Իսկ երբ 1988ին արցախայութիւնը բարձրացուց Հայաստանի հետ Միացման դրօշը, ազերիական բանակի անառիկ յենակէտ դարձած բռնագրաւեալ Շուշին պատուհաս դարձաւ ողջ Արցախի գլխուն, յատկապէս իր անմիջական հսկողութեան տակ գտնուող Լ.Ղ.Ի.Մ.ի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը մնայուն ռմբակոծման տակ առնելով։
*
* *
Այս բոլոր առումներով հայկական հերոսութեան ու դիւցազնական խոյանքի փառահեղ մարմնաւորումը կը հանդիսանայ 8 Մայիս 1992ին շղթայազերծուած Շուշիի ազատագրման ռազմական գրոհը, որ պատմական նշանակութիւն զգեցաւ նաեւ ու յատկապէ՛ս իր սանձազերծած հայաշխարհի ազգային միասնականութեամբ։
Հայկական գրոհը սկսաւ բոլոր ուղղութիւններով՝ Արցախեան Ազատամարտին զինուորագրուած հայ մարտիկներու բոլոր միաւորներուն մասնակցութեամբ, կանոնաւոր բանակայիններ ըլլային անոնք թէ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եւ սփիւռքեան հայօճախներէն Արցախ փութացած նորօրեայ ֆետայիներ։
Դաշնակցութեան դրօշին տակ համախմբուած ազատամարտիկներ ըլլային անոնք, թէ 1988ի համաժողովրդական շարժման ալիքին հետ կեանք առած ջոկատներու անդամ «ֆետայիներ», «մահապարտներ» կամ «երկրապահ կամաւորականներ»։
Անշուշտ, յանդուգն այդ գրոհի ընթացքին, առասպելատիպ հայ հերոսներու արիւնէն ծանր գին վճարեցինք անառիկ Շուշին ազատագրելու համար։
Բայց ազատութեան եւ յաղթանակի ուղին միշտ ալ արեամբ ներկուած է եւ, կռուի դաշտին վրայ ինկած նոյն այդ հերոսներու արեան գնով, թանկագին իր արժէքն ու նշանակութիւնը նուաճած է ազատագրական պայքարի իւրաքանչիւր յաղթանակ ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ՝ բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ։
Շուշիի ազատագրութեան փառապանծ յաղթանակին մէջ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ նախ կ՚արժեւորենք մեր ժողովուրդի արի այրերուն միասնական յանդգնութիւնն ու հերոսութիւնը։
8 Մայիս 1992ի գրոհով հայկական ուժերը նուաճեցին երազը, ազատագրեցին Շուշին եւ ճամբան հարթեցին, Հայաստանի հետ սահմանի ողջ երկայնքով, Ազատն Արցախի յաղթահասակ վերականգնումին՝ իբրեւ Մայր Հայրենիքի պաշտպանութեան անառիկ դարպասը։
Արցախի իրողական անկախացումին եւ Հայաստանի հետ անխուսափելի միացումին ամրակուռ անկիւնաքարը հանդիսացաւ Շուշիի ազատագրումը, որուն ամբողջացումը եւ միջազգային ճանաչումով իրաւական ամրագրումը ազգովին պարտք ենք Ազատամարտիկ մեր Հերոսներուն եւ Մարտիրոսներուն։
Շուշիի ազատագրման համար իրենց գերագոյնը զոհաբերած հերոս հայորդիներուն տակաւին պարտք ենք՝ թէ՛ իբրեւ իրաւատէր հայութիւն, թէ՛ իբրեւ իր Ազատութիւնն ու Անկախութիւնը վերականգնած ազգային պետականութիւն՝ ազատագրուած Շուշիի լիիրաւ պահպանումը, լիարժէք վերաշինութիւնն ու բազմակողմանի զարգացումը։
Այդ առումով Մայիս 8-9ի ամենամեայ նշումն ու տօնակատարումը կը ծառայեն շեշտելու, Յաղթանակի Օրուան փառաբանանքի կողքին ու անկէ անդին՝ Շուշիի վերաշինութեան, վերաբնակեցման ու նորովի ծաղկման պայքարին համահայկական ուժերով թափ տալու, զայն լիիրաւ ու լիարժէք յաղթանակով պսակելու հրամայականն ու պարտաւորութիւնը։
Շուշիի ազատագրութեան համար ինկած հայ ժողովուրդի մեծ ու հերոս զաւակներներուն պարտք ենք, տակաւին, ամբողջ Արցախի իրողական անկախութեան եւ Հայաստանի հետ փաստացի միաւորման պահպանումն ու նաեւ միջազգային՝ իրաւական ճանաչումով հաստատագրումը։
Մեր սերունդներուն ուղղուած ազգային ինքնահաւատարմութեան սրբազան մարտահրաւէրը կը շեշտէ Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձը։
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Ն. Պէրպէրեան