ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Արեամբ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾը ի հարկին ԱՐԵԱՄԲ պիտի ՊԱՀՊԱՆՈՒԻ
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
Արեամբ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾը ի հարկին ԱՐԵԱՄԲ պիտի ՊԱՀՊԱՆՈՒԻ
8 Մայիս 2020
Բարի լոյս՝ Շուշիի ազատագրութեան յաղթական գրոհի տարեդարձին առիթով մէջքը շտկող եւ յաղթահասակ աշխարհին ներկայացող ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ համավարակի հեղձուցիչ մթնոլորտին մէջ, այլեւ հայրենի հայութեան ինքնամաքրման երթը արգելակել փորձող սադրիչներու եւ ցեցերու ԽԱՓԱՆԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ դէմ յանդիման՝ Շուշիի ազատագրութեամբ նուիրագործուած հայ ժողովուրդի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔին ու ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈՒԺին ամրօրէն փարած մնացող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։
Ամէնուր ընդունուած թեւաւոր խօսք է եւ մեր ժողովուրդն ալ դաժան իր կենսափորձով հաստատած է, թէ ՅԱՂԹԱՆԱԿը իրեն տէր կանգնող ՇԱՏ ՀԱՅՐԵՐ կ՚ունենայ, մինչ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆը սովորաբար ՈՐԲ կը մնայ․․․ որովհետեւ իրեն տէր կանգնող հայր չի գտներ։
Արդէն 28 տարի է, որ աշխարհի չորս ծագերուն հայ ժողովուրդը հպարտութեամբ տէր կը կանգնի Շուշիի ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ եւ փառահեղ ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿը կերտած հերոսական ազատամարտիկներուն՝ որեւէ կարեւորութիւն չընծայելով բոլոր այն փառքի վաշխառուներուն, որոնք Շուշիի ազատագրումին իրենց բերած․․․ մասնակցութիւնը կ՚ուզեն քաղաքական դրամագլուխի վերածել՝ իշխանութեան ի խնդիր մղուող մրցապայքարներու ընթացքին։
Բարի լոյս՝ ամէն բանէ վեր ազատագրուած Շուշին ու ողջ հայոց Արցախը ամբողջապէս ազատագրելու եւ պետականօրէն հզօրացնելու յաղթարշաւին լծուած ՀԱՅՈՑ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏՆԵՐՈՒՆ, որոնք ազգային-քաղաքական ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆ ու ԿԱՄՔԸ ունին շարունակելու ԱՆՍԱԿԱՐԿ զոհաբերութիւնը, ի սպաս հայրենի ՀՈՂին եւ անոր պահապան կանգնած ՄԱՐԴուն համար ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ԿԵԱՆՔի պայմաններու ստեղծման՝ այլեւ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ ու ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՈՎ բարեկարգումին։
Բարի լոյս՝ Արցախի բոլոր ճակատներուն եւ նոյնինքն Հայաստանի պաշտպանութեան համար մեր սահմաններուն վրայ ԱՐԹՈՒՆ ՀՍԿՈՂ մեր ԴԻՐՔԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ, որոնք յատկապէս ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ Օրուան առիթով բոլորիս կը յուշեն, որ ԱՐԵԱՄԲ ՆՈՒԱՃՈՒԱԾը ոչ մէկ պարագայի սակարկելի է, այլեւ՝ ի հարկին ԱՐԵԱՄԲ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԻ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ