ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ – Տեսակէտ. Ճակատագրակից Ժողովուրդներ, Մէկ Ոճրային Գաղափարախօսութիւն – Մէկ Ոճրային Գաղափարախօսութիւն

Մայիս 6-ը կ՛առնչուի Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ օսմանեան պետութեան հալածանքներուն, արաբ ազգայնական մտաւորականութեան եւ գործիչներու հաշուեյարդարին

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ – Տեսակէտ. Ճակատագրակից Ժողովուրդներ, Մէկ Ոճրային Գաղափարախօսութիւն – Մէկ Ոճրային Գաղափարախօսութիւն

10 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ԿԵԱՎՈՒՐ-երը ԵՒ ՄԵՆՔ:

Մայիս 6-ը կ՛առնչուի Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ օսմանեան պետութեան հալածանքներուն, արաբ ազգայնական մտաւորականութեան եւ գործիչներու հաշուեյարդարին

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ

Մայիս 6-ը կ՛առնչուի Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ օսմանեան պետութեան հալածանքներուն, արաբ ազգայնական մտաւորականութեան եւ գործիչներու հաշուեյարդարին: Արդարեւ, այդ օր 104 տարի առաջ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան բարձրացուեցան ազատութեան եւ ինքնավարութեան կոչ ուղղող արաբ ընտրանին, թրքացման քաղաքականութեան դէմ պայքարի եւ արաբական զարթօնքի մունետիկները:

Երիտասարդ թուրքերու իշխանութեան ազգայնական գաղափարախօսութիւնը իր չարիքէն զերծ չէր կացուցած Օսմանեան կայսրութեան գրեթէ բոլոր ոչ թուրք տարրերը: Համաշխարհային Ա. պատերազմը չարաբաստիկ առիթ մը հանդիսացաւ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն համար, որպէսզի գործադրութեան դնեն կայսրութեան միատարրութեան ծրագիրը, որ արտայայտուեցաւ ոչ իսլամ ժողովուրդներու` հայերու, յոյներու եւ ասորի-քաղդէացի-արամէացիներու նկատմամբ ցեղասպանութեամբ, իսկ արաբ ժողովուրդին նկատմամբ` թրքացման քաղաքականութեամբ եւ սովամահութեամբ, պայմանաւորուած` զինուորական օրէնքներու պայմաններուն մէջ երկրին բոլոր պաշարները եւ ամբողջ մթերքը զինուորական մարզին տրամադրութեան տակ դնելու երեւոյթով:

Բնականաբար, թուրք օսմանեան իշխանութիւնները հաշտ աչքով պիտի չնայէին արաբական զարթօնքի գաղափարներով տոգորուած գործիչներու գործունէութեան: Պէտք էր ամէն գնով լռեցնել այլախոհ կարծիքները` յանուն կայսրութեան մնացորդներու փրկութեան, բան մը, որուն մէջ թուրքերը չկրցան յաջողութիւն արձանագրել, եւ ի վերջոյ Թուրքիոյ աշխարհագրական սահմանները Լոզանի դաշնագիրով չնչին փոփոխութիւններով այսօրուան պատկերը ստացան: Իրականութեան մէջ Լոզանի դաշնագիրը նուէր մըն էր Թուրքիոյ համար, մեծ պետութիւններու քաղաքական խաղերուն եւ խարդաւանքներուն պատճառով: Այլապէս այս տարածքն ալ պիտի չունենար այդ երկիրը, եթէ իրագործուէր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ գործադրուէր Սեւրի դաշնագիրը, որուն 100-ամեակը կը նշենք այս տարի:

Ինչ որ է, վերադառնանք մեր բուն ըսելիքին: Արաբական զարթօնքի եւ ազգայնականութեան ներկայացուցիչներու կախաղանով նահատակութիւնը` Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ, զուգադիպեցաւ մեր` Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման: Միեւնոյն ոճրագործ պետութեան եւ ոճրագործ համաթուրանական գաղափարախօսութեան կողմէ: Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածները տեղահանութենէն ետք առաջին անգամ հիւրընկալուեցան Սուրիոյ եւ Լիբանանի ասպնջական հողերուն վրայ: Նախ Լիբանանի եւ յետոյ Սուրիոյ խորհրդարանները ընդունեցին եւ դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ նաեւ, այդ երկիրներու ժողովուրդները նոյնպէս օսմանեան հալածանքի ու զուլումի ծանր լուծը ճաշակած էին: Հիմա ալ երկու երկիրները ենթակայ են նոր օսմանականութեան դաւադիր քաղաքականութիւններուն: Ուստի մայիս 6-ը առիթ մըն է վերաթարմացնելու Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան բարձրացած նահատակներուն յիշատակը: Նաեւ վերարժեւորելու անոր բուն իմաստը, նշանակութիւնը: Յիրաւի, այս թուականով հայերը եւ արաբները, սուրիացի մեծ բեմադրիչ Նաճտաթ Իսմայիլ Անզուրի բառերով, դարձած են «հողի եղբայրներ», որովհետեւ միեւնոյն հողին վրայ հալածուեցան, միեւնոյն հողին վրայ ճակատագիր կիսեցին, միեւնոյն ցեղապաշտ գաղափարախօսութեան վնասները կրեցին: Յարգա՛նք մայիս 6-ի նահատակներու յիշատակին:

Արդարեւ, այդ օր 104 տարի առաջ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան բարձրացուեցան ազատութեան եւ ինքնավարութեան կոչ ուղղող արաբ ընտրանին

aztagdaily.com/archives/472275

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail