ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 9 Մայիս 1992. Շուշիի ազատագրումը – Դեռ ճամբայ ունինք, դեռ պարտք ունինք… Մեր Ազատամարտիկներուն
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
9 Մայիս 1992. Շուշիի ազատագրումը.
Դեռ ճամբայ ունինք, դեռ պարտք ունինք… Մեր Ազատամարտիկներուն
Ն. Պէրպէրեան
9 Մայիս 2020
Ատրպէյճանական լուծէն Արցախի իրողական ազատագրումին եւ Հայաստանի հետ Արցախի վերջնական վերամիացումին ամրակուռ անկիւնաքարը կը հանդիսանայ Մայիս 9ի Շուշիի ազատագրումը, որու յաղթանակի փառքին մետալի ողբերգական երեսը կը մնայ Ազատն Շուշիի պահպանման, վերաշինութեան եւ բարգաւաճման ճակատին վրայ հայոց զոյգ պետութեանց եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժին դանդաղաշարժութիւնը։
Այդ իմաստով Մայիս 9ի ամենամեայ ոգեկոչումը կը ծառայէ շեշտելու, Յաղթանակի Օրուան փառաբանման կողքին, միաժամանա՛կ, Շուշիի վերաշինութեան, վերաբնակեցման ու նորովի ծաղկման պայքարին համահայկական ուժերով լծուելու հրամայականն ու պարտաւորութիւնը։
Շուշիի ազատագրութեան համար ինկած հայ ժողովուրդի մեծ ու հերոս զաւակներներուն պարտք ենք տակաւին ամբողջ Արցախի բոլոր շէներու եւ, այդ շարքին առաջնահերթաբար, Շուշիի վերաբնակեցումն ու բազմակողմանի զարգացումը։
Շուշիի եւ ամբողջ Արցախի հայութեան լիիրաւ ազատագրութեան եւ բազմակողմանի զարգացման ապահովումը ինքնահաւատարմութեան մեծագոյն փորձաքարին դէմ յանդիման կանգնեցուցած է մեր սերունդները։
Շուշիի ազատագրութեան համար թափուած հերոսներու արիւնը արդէն դարձած է սրբազան Կտակ՝ արեամբ նուաճուածը ամէն գնով պահպանելու, անշրջելիօրէն արմատաւորելու եւ հայրենի հողը անդառնալիօրէն հայացնելու, այլեւ՝ իբրեւ ազգային անկորնչելի հարստութիւն, գալիք սերունդներուն աւանդ յանձնելու։
Արդարեւ, Մայիս 9ն կը շարունակէ մեր ժողովուրդին յուշել, որ դեռ ճամբայ ունինք, դեռ պարտք ունինք… պատմական այդ լուսաւոր օրը իրենց արեան զոհաբերութեամբ նուաճած Հայոց Ազատամարտիկներուն։
Ի վերջոյ՝ թէ՛ իբրեւ ազգային-ազատագրական պայքարի յանդուգն նախաձեռնութիւն եւ թէ, մանաւա՛նդ, իբրեւ ռազմական փայլուն գործողութիւն, Շուշիի ազատագրման յաղթական գրոհը, ազգային-ռազմաքաղաքական իր նշանակութեամբ, կարեւորագոյն դարձակէտ մը խորհրդանշեց հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան համար։
Վերանորոգ յաղթարշաւի մէջ մտցուց Հայաստանի եւ Համայն Հայութեան ամբողջական ազատագրութեան երթը։
Արցախի իրողական անկախութեան եւ մայր հայրենիքին հետ միացման միջազգային իրաւական ճանաչումին տուաւ, համահայկական օրակարգի առումով, Հայ Դատի պայքարին ռազմավարական առաջնահերթ թիրախի նշանակութիւն։
Շուրջ երեք տասնամեակ է, ահա՛, որ մեր աչքերուն առջեւ, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ, փաստօրէն եւ պետականօրէն, հակահայ քաղաքականութեան լծուած ուժեր կը շարունակեն որոճալ Արցախն ու ամբողջ Հայաստանը բիրտ ուժով ծունկի բերելու անարգ ծրագիրներ։ Համաթրքական այդ սպառնալիքին եւ վտանգին՝ համազգային մեր Պատասխանը պիտի ըլլայ Հայաստանի հետ Արցախի պետական եւ հասարակական արագընթաց զարգացման, հզօրացման եւ ժողովրդավարացման ամրագրումը։
*
* *
Շուշիի ազատագրութեան տօնը պաշտօնապէս եւ սովորաբար կը նշուի Մայիսի 9ին, բայց այդ ամսաթիւը աւելի շուտ խորհրդանշական բնոյթ ունի:
Իրականութեան մէջ, Շուշին ազատագրելու ծրագիրները կանուխէն մշակուած են, ինչպէս որ առիթով մը յայտնած է «Հարսանիք լեռներում» գործողութեան ղեկավար, գեներալ-լէյտենանտ Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը (առասպելատիպ «Կոմանդոսը»)․-
«Գրոհը նշանակուած էր Մայիսի 5ին, սակայն անսպասելի տեղացած ուժեղ ձիւնը յետաձգեց այն մինչեւ Մայիսի 8ը: Այդպէս էր, յամենայն դէպս, յայտարարուել, սակայն պատճառը նաեւ զէնքի պակասն էր:
«Ապրիլի 24ին, 28ին, 29ին, Մայիսի 4ին գրոհի մի քանի իմիտացիաներ (նմանակումներ) էին եղել: Քննարկւում էին օպերացիայի մի քանի հնարաւոր ամսաթուեր, մենք արեցինք ամէն բան, որ շփոթութիւն առաջացնենք թշնամու մօտ, կեղծ մանեւրներ (մարտախաղեր) էինք անում, որ շեղենք ուշադրութիւնը եւ թոյլ չտանք որոշել հարուածի հիմնական ուղղութիւնը: Թոյլ հարուածներ էին հասցւում բոլոր ուղղութիւններով:
«Իսկ Ապրիլի 27ից յետոյ, հաւատալով ժամկէտների մասին կեղծ տեղեկատուութեանը, հակառակորդն ինքը դիմեց յարձակման՝ մեզ բարդ իրավիճակի մէջ դնելով Ապրիլի 29ին եւ 30ին:
«Իսկ երբ սկսուեց իսկական գրոհը, թշնամին անսպասելիութիւնից եւ հարուածի ուժգնութիւնից խուճապի մատնուեց եւ անգործունակ էր արդէն: Նրա դէմ պայքարում էին մարդիկ, որոնք պատրաստ էին ինքնազոհութեան:
«Շուշին անառիկ է, երբ այն պաշտպանում են տէրերը, ոչ թէ նուաճողները:
«Ռազմական օրէնքներով այն անառիկ է, սակայն․․․ գրոհի էին գնում մարդիկ, որոնք գիտակցաբար զոհաբերում էին իրենց:
«Ցանկանում եմ յատուկ ընդգծել, որ գրոհի ժամանակ գլխաւոր դերը խաղացին կամաւորները, որոնք արդէն ռազմական փորձ ունէին եւ գիտակցաբար զոհաբերում էին իրենց:
«Այդ խորամանկ մանեւրի (մարտախաղ) բոլոր դետալները (մանրամասնութիւններ) պատմել հնարաւոր չէ, դրա համար կը սահմանափակուեմ յիշատակումով, որ մեզ օգնեցին յանկարծակիութիւնը, հարուածների 4 ուղղութիւնները՝ իւրաքանչիւրը 10-15 կմ., եւ յարձակման լայն ֆրոնտը (ճակատը) – 45 կմ.ից աւել:
«Հայկական կողմի գործողութիւնները խուճապի մատնեցին թշնամուն: Իմիտացիոն գրոհների արդիւնքում թշնամին որոշեց, թէ հայկական կողմը փորձում է գրաւել Ջանհասան-Քյոսալարը:
Ադրբեջանցիները գիտէին մեր հնարաւորութիւնների մասին եւ ունէին Շուշիի պաշտպանութեան բաւական գրագէտ պլան (ծրագիր):
«Կրկժանը վերցնելուց յետոյ, երբ մենք ամրացրինք մեր դիրքերը Քյոսալար-Ջանհասանի ուղղութեամբ, Շուշիի ազատագրման բանալին արդէն մեր ձեռքերում էր: Մայիսի 8ին սկսուեց «Հարսանիք լեռներում» անուանումը կրող օպերացիան, որն աւարտուեց Մայիսի 9ի լուսաբացին…»:
Կոմանդոսի յիշողութիւններով՝ Շուշիի յաղթանակէն ետք, «ինձ երեք օր շարունակ չէր լքում անհանգստութիւնը, որ կարող է հակայարձակում լինել, եւ մենք կը կորցնենք յաղթանակը, որը ձեռք ենք բերել նման թանկ գնով: Ես զգում էի յաղթանակի համը, բայց անհանգստութիւնը շատ ուժեղ էր, այն խլացրել էր յաղթական շտուրմի զգացողութիւններս: Նաեւ ուժեղ էր կորուստի ցաւը, մենք մեր հարազատներից շատերին կորցրինք…»:
Թէեւ Արցախեան Պատերազմը շարունակուեցաւ մինչեւ 1994 թուի Մայիսի 12ը, սակայն Շուշիի ազատագրումը իսկապէս բեկումնային պահ դարձաւ: Եւ, իսկապէս, «Շուշիից յետոյ պատերազմի աւարտը տեսանելի դարձաւ»:
Ինչպէս որ ըսուած է՝ «Նա, ով տիրապետում է Շուշիին, տիրապետում է ողջ Ղարաբաղին»:
*
* *
Շուշիի ազատագրութեան համար իրենց գերագոյնը զոհաբերած հայ ժողովուրդի մեծ ու հերոս զաւակներներուն տակաւին պարտք ենք ամբողջ Արցախի իրողական անկախութեան եւ Հայաստանի հետ միութեան պահպանումն ու նաեւ իրաւական ճանաչումով հաստատագրումը։
Պարտք ենք, մանաւա՛նդ, Արցախի պետական ու հասարակական զարգացման ու յառաջդիմութեան ապահովումը, անպարտելի մեր բանակին հզօրացումը, ընկերատնտեսական բարգաւաճումն ու նորահաս սերունդներու կրթական զարգացումը, որպէսզի ոչ մէկ թուրք կամ ազերի երբեւէ փորձէ դիմել Արցախը, վերստին, բրտօրէն իր լուծին ենթարկելու ոտնձգութեանց…
Մանաւանդ որ ատրպէյճանական թշնամին միշտ կ՚որոճայ, Արցախի եւ Հայաստանի դէմ, անարգ գրոհի ծրագիրներ՝ մեր սրբազան հայրենի հողը պղծելու եւ բարբարոսաբար հայու արիւն հեղելու՝ համաթրքական իր ցնորքը իրագործելու թրքամոլ, հակահայ մոլուցքով։
Բայց ինչպէս 32 տարի առաջ, նոյնպէս եւ այսօր համայն հայութիւնը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնած է եւ զօրավիգ է Արցախի քաջարի հայութեան՝ Արցախեան Ազատամարտի անկորնչելի հերոսներու մարունակութեան աւանդը վերանորոգելու եւ մեր իրաւունքն ու արդարութիւնը ամենայն զոհաբերութեամբ պաշտպանելու վճռականութեամբ։
Շուշիի ազատագրութեան 28ամեակը, հետեւաբար, Արցախի անկախութեան իրաւական ամրագրումը նուաճելու, համազգային մեր Մեծ Պարտքին տէր կանգնելու Յանձնառութիւնը վերանորոգելու ուխտի օր է։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ