Փա՛ռք Հայ Ժողովուրդի Ազատութեան Համար Մարտնչած Բոլոր Հերոսներուն․ ՀՀ Վարչապետի Ուղերձը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան

Փա՛ռք Հայ Ժողովուրդի Ազատութեան Համար Մարտնչած Բոլոր Հերոսներուն․ ՀՀ Վարչապետի Ուղերձը

11 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

massacre in Maragha

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ յղած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի յաղթանակի 75-րդ տարեդարձին, Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստեղծման օրուան կապակցութեամբ։ Այս մասին կը փոխանցէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը ուղերձը կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնի վերածած․

«Սիրելի հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ բոլորս Յաղթանակի օրուան կապակցութեամբ: 75 տարի առաջ, այս օրը, մեր ժողովուրդը, նախկին Խորհրդային Միութեան միւս ժողովուրդներուն հետ մէկտեղ, կը տօնէր մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ չարիքներէն մէկուն՝ ֆաշիզմի դէմ տարած յաղթանակը: Այդ յաղթանակը ձեռք բերուեցաւ մարդկային հսկայական տառապանքներու, զոհողութիւններու, աննախադէպ խիզախութեան ու յամառութեան շնորհիւ:

Հայ ժողովուրդը նշանակալից դերակատարութիւն ունեցաւ այդ յաղթանակի կերտման եւ իբրեւ հետեւանք՝ ֆաշիզմի արհաւիրքէն եւրոպական ժողովուրդները ազատելու գործին մէջ: Խորհրդային բանակին մէջ աւելի քան կէս միլիոն հայ մասնակցեցաւ պատերազմին: Հազարաւոր հայեր կը մարտնչէին եւրոպական երկիրներու դիմադրութեան շարժման ջոկատներուն մէջ: Հայ ժողովուրդը շուրջ 300 հազար կեանք դրաւ յաղթանակի զոհասեղանին: Ընդամէնը քառորդ դար առաջ ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդին համար՝ ատիկա աներեւակայելի մեծ թիւ էր, որ համեմատելի էր միայն մեծ տէրութիւններու կրած մարդկային կորուստներուն հետ: Պատերազմի աւարտին՝ Խորհրդային Հայաստանի բնակչութիւնը նուազած էր աւելի քան 13 տոկոսով, այն պարագային, երբ մեր հողին վրայ պատերազմական գործողութիւններ բնաւ տեղի չէին ունեցած:

Մենք այսօր կը խոնարհինք մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ, բայց նաեւ կը հպարտանանք՝ մեր նախնիներու հերոսութեամբ: Պատերազմի ժամանակ 107 հայ արժանացած է Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման՝ այն բարձրագոյն պարգեւին, որ կը տրուէր բացառիկ սխրագործութիւններու համար: Առանձնայատուկ պարծանքի արժանի է նաեւ յաղթանակի համար Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող հայ ժողովուրդի զաւակներու եւ յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներդրած նշանակալից նիւթական աւանդը:

Մենք ամբողջութեամբ վճարած ենք 20-րդ դարու բոլոր պատերազմներու մեր պարտքը: Եւ հիմա, առաւել քան ուրիշ ոեւէ մէկը, քաջ կը գիտակցինք խաղաղութեան արժէքը: Մեր ինքնութիւնը լաւագոյնս կ՝արտայայտուի խաղաղութեան պայմաններու մէջ, ստեղծագործ եւ կենարար աշխատանքի միջոցով: Միեւնոյն ժամանակ, գիտնալով խաղաղութեան գինը, մենք միշտ պատրաստ ենք ամէն գնով պաշտպանելու զայն եւ հարկ եղած պարագային վերստին մարտնչելու մեր ազատութեան եւ արժանապատւութեան համար:

Զուգադիպութիւն, կամ գուցէ նախախնամութեամբ կանխորոշուած օրինաչափու­թիւն է, որ այս օրերուն մենք կը տօնենք նաեւ Շուշիի ազատագրումն ու Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստեղծումը: Իրադարձութիւններ, որոնք բացառիկ նշանակութիւն ունեցան մեր նորագոյն պատմութեան համար: Շուշիի ազատագրումը ազդարարեց Արցախի ազատագրման սկիզբը: Պսակուելով փայլուն յաղթանակով՝ անիկա, իր հերթին, դարձաւ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման եւ խաղաղութեան պահպանութեան առհաւատչեան: Այսօր եւս մենք հաստատակամ ենք. Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը սակարկութեան առարկայ չեն: Անոնք բացարձակ արժէքներ են մեզի համար:

Յիշենք եւ արժանին մատուցենք Շուշիի եւ ողջ Արցախի ազատագրման համար զոհուած մեր հերոսներուն։ Անոնք կանգնեցան նոյնքան ամուր, որքան իրենց պապերը մօտ կէս դար առաջ՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին: Յիշենք Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ինկած մեր երիտասարդները՝ մեր նորօրեայ հերոսները, որոնք իրենց կեանքով ապացուցեցին, որ անմար են մեր ժողովուրդի ազատատենչ ոգին եւ կամքը։

Փա՛ռք հայ ժողովուրդի ազատութեան համար մարտնչած բոլոր հերոսներուն:

Կեցցէ՛ յաւիտենական Հայաստանը»:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895

yerakouyn.com/2020/05/09/փա՛ռք-հայ-ժողովուրդի-ազատութեան-համա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail