Նախագահն Ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Յաղթանակի Զբօսայգիին Մէջ

Նախագահն Ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Յաղթանակի Զբօսայգիին Մէջ

11 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Գերժամանակակից Ինքնաթիռները Հանդէս Եկան Ցուցադրական Թռիչքներով

9 մայիսին եռատօնին առիթով Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ, ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի, Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանի, հոգեւորականներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նշում:

Ներկաները ծաղիկներ խոնարհեցին «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելով զոհուածներու յիշատակին: Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ էին նաեւ օրուան հերոսները` վեթերանները, որոնք մեծարուեցան, երախտագիտութեան ու շնորհակալական խօսքեր լսեցին իրենց կատարած սխրանքներուն համար:

Աւելի ուշ, եռատօնին առիթով տեղի ունեցաւ օդային շքերթ:

«ՍՈւ-30» գերժամանակակից ինքնաթիռներու թռիչքը սկսաւ Գիւմրիէն, անոնք հասան Երեւան` «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրին մօտ` ցուցադրելու օդային հնարքներ:

“Yerevan, My Home” Erebuni-Yerevan 2796

www.aztagdaily.com/archives/472550

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail