Հայաստանի Եւ Արցախի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Ստեփանակերտի Մէջ Մասնակցած Է Եռատօնի Ձեռնարկներուն

Հայաստանի Եւ Արցախի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Ստեփանակերտի Մէջ Մասնակցած Է Եռատօնի Ձեռնարկներուն

11 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

GENOCIDE- Armenian Genocide Memorial in Yerevan

Յաղթանակի տօնին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 28-րդ տարեդարձին առիթով 9 մայիսին նախագահ Բակօ Սահակեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Հայաստանի եւ Արցախի խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակներ ու ծաղիկներ զետեղած Համաշխարհային Բ. պատերազմի զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն, Շուշի քաղաքին մէջ ծաղկեպսակներ ու ծաղիկներ զետեղած զրահապատ-յուշարձանի պատուանդանին եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին:

Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

aztagdaily.com/archives/472549

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail