ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Եթէ մենք 1895-1896ին ուղարկէինք մեր նաւատորմները Պոլսոյ առաջ, Թուրքիան ստիպուած պիտի ըլլար զիջելու
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Եթէ մենք 1895-1896ին ուղարկէինք մեր նաւատորմները Պոլսոյ առաջ, Թուրքիան ստիպուած պիտի ըլլար զիջելու»
10 Մայիս 2020
Բարի լոյս՝ ԻՐԱՒՈՒՆՔի եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ դատերուն ԻՆՔՆԱԿԱՄ զինուորագրուող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԱՍՊԵՏՆԵՐՈՒՆ, որոնց փաղանգին մէջ առանձին ու յատուկ յիշատակութեան արժանի են ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ, որովհետեւ Հայաստանի ու Հայութեան ԴԱՏԱՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐԸ միշտ ալ առաջնորդուած են բացառապէս ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ նկատմամբ իրենց ՊԱՐՏՔի ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ։
Բարի լոյս՝ բրիտանացի պատմաբան եւ դիւանագէտ Դերկոմս ՃԷՅՄՍ ՊՐԱՅՍի օրինակով ԱՐԴԱՐԱՄԻՏ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒՆ, որոնք հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան նուիրուելով՝ իրաւազրկեալ եւ ազատատենչ բոլոր ժողովուրդներուն ՆԵՐՇՆՉԵՑԻՆ ՅՈՅՍԸ ազատ ու արդար աշխարհի մը հնարաւորութեան․․․
Մայիս 10ի ծնունդ է բրիտանացի մեծահռչակ ԻՐԱՒԱՊԱՇՏՊԱՆը, որու կեանքին եւ Հայ Դատի միջազգային արծարծման ու պաշտպանութեան ի խնդիր ծաւալած գործունէութեան ընդհանուր անդրադարձ մը կատարուած է Յուշատետրի այսօրուան փոստով։
Ճէյմս Պրայսի ՕՐԻՆԱԿը քաղաքակիրթ աշխարհին շարունակ յուշելու ամէն պատճառ ունի մեր ժողովուրդը, որովհետեւ բրիտանացի պատմաբանն ու պետական ականաւոր գործիչը ոչ միայն գլխաւոր ՓԱՍՏԱԳՐՈՂՆԵՐԷՆ է – Արնոլտ Թոյնպիի հետ միասին – հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, այլեւ ՄԵՐԿԱՑՆՈՂն ու ԽԱՐԱԶԱՆՈՂն է Բրիտանական Կայսրութեան այն ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԵԱՆ, որ բրիտանական նաւատորմը չի կրնար բարձրանալ․․․ Արարատի գագաթը։
Բարի լոյս՝ Հայ Դատի Բարեկամներուն ուղղութեամբ Ազգի եւ Հայրենիքի ՄԵԾ ԴԱՏԻՆ ի նպաստ քաղաքական քարոզչութիւն ծաւալող ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որովհետեւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ համար պայքարը իրապէս սահման չի ճանչնար եւ Ճէյմս Պրայսները մեր պահանջատիրութեան վստահելի ՈՒՂԵԿԻՑՆԵՐՆ են ու ԶՕՐԱԿԻՑՆԵՐը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ