ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Ճէյմս Պրայս (1838-1922) Հայկական Հարցի միջազգային արծարծման ու պաշտպանութեան նախակարապետը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
Ճէյմս Պրայս (1838-1922).
Հայկական Հարցի միջազգային արծարծման ու պաշտպանութեան նախակարապետը
Ն. Պէրպէրեան
10 Մայիս 2020
Մայիս 10ի այս օրը կը նշենք ծնունդը ոչ-հայ, այլեւ բրիտանացի քաղաքական եւ պետական հռչակաւոր գործիչի մը՝ իրաւագէտ ու պատմաբան դերկոմս Ճէյմս Պրայսի, որ նախակարապետներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայկական Հարցի իրաւական-քաղաքական արծարծումին եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական իրաւունքներու միջազգային ճանաչումին ու պաշտպանութեան։
Դերկոմս Ճէյմս Պրայսի օրինակին ու աւանդին վրայ կեդրոնանալու յատուկ պատճառներ ունինք մանաւա՛նդ մեր օրերուն, երբ Մեծ Ուրացման իրենց պետական քաղաքականութիւնը վերանորոգ թափով յառաջ մղելու նպատակով՝ Թուրքիոյ նորահաս վարիչները, սուլթանական օրերու փառքին վերադառնալու ցնորքին անձնատուր նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, շարունակ կը պնդեն պատմական ճշմարտութեանց քննարկումն ու վճռահատումը պատմաբաններուն յանձնարարելու անհրաժեշտութեան վրայ։
Իսկ Ճէյմս Պրայս այն եզակի դէմքն է, որ նախ ականատես եղաւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը պետականօրէն ծրագրելու եւ գործադրելու Թուրքիոյ ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին։ Ապա՝ պատմական ճշմարտութիւնը – փաստագրական եւ վաւերագրական ամբողջական թղթածրարով մը – իրաւագէտի եւ պատմաբանի առարկայականութեամբ հաստատագրեց։ Եւ վերջապէս, բայց կարեւորութեամբ ո՛չ վերջինը, միջազգային տարողութեամբ քաղաքական գնահատումի արժանացուց գործուած ոճիրը՝ իբրեւ Հայաստանի ու հայութեան դէմ պետականօրէն գործադրուած Ցեղասպանութիւն։
Ճէյմս Պրայս ներհուն պատմաբանի եւ իրաւագէտի արժանաւորութեամբ իրաւա՛մբ կը խորհրդանշէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամն ու Հայկական Հարցի իրաւապաշտպանը, որ վկայեց ի միջի այլոց.-
«- Ջարդերը հետեւանք էին այն քաղաքականութfան, որուն ․․․ կը հետեւէր թրքական կայսրութեան մէջ ներկայիս իշխանութեան գլուխ կանգնած անսկզբունք բախտախնդիրներու աւազակախումբը։ Անոնք կ՚երկմտէին իրագործելու այդ ոճիրը, մինչեւ որ ըստ անոնց հասաւ յարմար պահը, եւ այդ պահը Ապրիլ ամիսն էր:
«- Կը ցաւիմ, որ այդպիսի տեղեկութիւնը ինձ հասաւ շատ ժամեր անց եւ ցոյց կու տայ, որ 800.000ը՝ Մայիսէն ասդին ոչնչացուածներու հնարաւոր թիւն է…»։ (Լորտերու Պալատ, Հանսարտ, 5րդ ժողովածու, հատոր XIX, 6 Հոկտեմբեր 1915)։
«…Ջարդերը հետեւանք էին այն քաղաքականութեան, որուն ․․․ կը հետեւէր թրքական կայսրութեան մէջ ներկայիս իշխանութեան գլուխ կանգնած անսկզբունք բախտախնդիրներու աւազակախումբը։ Անոնք կ՚երկմտէին իրագործելու այդ ոճիրը, մինչեւ որ ըստ անոնց հասաւ յարմար պահը, եւ այդ պահը Ապրիլ ամիսն էր:
Կը ցաւիմ, որ այդպիսի տեղեկութիւնը ինձ հասաւ շատ ժամեր անց եւ ցոյց կու տայ, որ 800.000ը՝ Մայիսէն ասդին ոչնչացուածներու հնարաւոր թիւն է…»։
Դերկոմս Ճէյմս Պրայս (1838-1922)…
*
* *
Ճէյմս Պրայս 10 Մայիս 1838ին ծնած է Պելֆասթ (Իրլանտա)։
Պելֆասթի Ակադեմիային եւ Կլասքոյի համալսարանին մէջ ուսանելէ ետք, Պրայս ընդունուեցաւ Օքսֆորտի Թրինիթի Գոլէճը, ուրկէ փայլուն յաջողութեամբ տիրացաւ իրաւաբանի տիտղոսին եւ 1862ին արժանացաւ Օրիէլի (Քինկ՚զ Գոլէճի) աշխատակիցի արքունի եւ ակադեմական բարձր կոչումին։
Քանի մը տարի փաստաբան աշխատեցաւ Լոնտոնի մէջ, եւ 1870ին հրաւիրուեցաւ Օքսֆորտ, իրաւաբանական բաժանմունքի մէջ Քաղաքացիական Օրէնքի դասախօսի պաշտօն ստանձնելու համար։ Իբրեւ այդպիսին՝ Ճէյմս Պրայս մինչեւ 1893 շարունակեց իր պաշտօնավարութիւնը Օքսֆորտի մէջ։
Իրաւաբանութեան կողքին, Ճէյմս Պրայս բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ պատմագիտութեան մէջ եւ 1864ին լոյս ընծայեց «Հռովմէական Սրբազան Կայսրութիւնը» անուն իր աշխատասիրութիւնը, որ հմուտ պատմաբանի միջազգային հռչակին արժանացուց երիտասարդ մտաւորականին։
Ճէյմս Պրայս նուիրեալ հնախոյզ էր։ 1872ին ան ճամբորդեց Իսլանտա, որպէսզի գտնէ «Իսլանտական Սակա»ներու երկիրը։ Իսկ 1876ին, միեւնոյն հնախոյզի հետաքրքրութեամբ, ան բարձրացաւ Արարատ Լերան գագաթը, ուր գտաւ Նոյեան Տապանի մնացորդ հնագիտական իրեղէններ։
Հնախոյզի եւ պատմաբանի իր հետաքրքրութեամբ, այդ ժամանակէն սկսեալ, Ճէյմս Պրայս ոչ միայն մօտէն ուսումնասիրեց հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը, այլեւ լաւապէս ծանօթացաւ հայ մշակոյթի մեծարժէք ժառանգութեան՝ դառնալով մեր ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն մեծ հիացող մը եւ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ոտնակոխուած իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպան մը։
Պրայսի այդ հետազօտութեանց եւ պատմագիտական ուսումնասիրութեանց առաջին արգասիքը եղաւ 1877ին լոյս տեսած անոր «Անդրկովկաս» աշխատասիրութիւնը, որ տարածաշրջանի պատմութեան ընդհանուր արժեւորման մէջ յատուկ կեդրոնացումով գնահատումը կը կատարէ Հայաստանի ու հայութեան գրաւած տեղին ու արժէքին։
Միաժամանակ քաղաքական գործիչ էր Ճէյմս Պրայս, ատենի Ազատական կուսակցութեան հաւատարիմ անդամ, որ 1880ին առաջին անգամ ընտրուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ՝ Ազատական կուսակցութեան ցուցակով։
Մինչեւ 1907, Պրայս շարունակեց իր անդամակցութիւնը խորհրդարանին՝ գործադիր իշխանութեան մէջ եւս պաշտօններ ստանձնելով։ Յատկապէս Կլատսթոնի վարչապետութեան օրով, Ճէյմս Պրայս հասաւ մինչեւ արտաքին գործոց փոխ-նախարարի պաշտօնին։ Վարեց նաեւ դեսպանութեան պաշտօններ։
1907ին ան նշանակուեցաւ Մ. Նահանգներու մօտ Բրիտանիոյ դեսպան եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1913՝ անգլեւամերիկեան երկարամեայ բարեկամութեան եւ գործակցութեան ամուր հիմերը դնելով։
Նոյն շրջանին, տասնամեակներու իր ծառայութեան համար, Պրայս արժանացաւ Էդուըրտ 7րդ թագաւորի Արժանաւորութեան Կարգին՝ Լորտի տիտղոս ստանալով եւ 1913ին Լորտերու Պալատին անդամ ընտրուելով։
*
* *
Երբ սկսաւ Առաջին Աշխարհամարտը, բրիտանական կառավարութիւնը Պրայսի յանձնարարեց Պելճիքայի մէջ գերմանական կայսերական բանակին գործած ոճիրներուն մասին պետական տեղեկագրի մը պատրաստութիւնը, որ 1915ին լոյս տեսաւ «Պրայսի Զեկոյց» անունով։
Իր այդ դիրքէն եւ միջազգային մեծ վարկի արժանացած ու յարգանք վայելող պետական գործիչի, իրաւագէտի եւ պատմաբանի հեղինակութեամբ՝ 1915ի Յուլիսին, Պրայս Լորտերու Պալատին մէջ ունեցաւ պատմական իր ելոյթը՝ ահազանգ հնչեցնելով թրքական պետութեան ի գործ դրած հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ոճիրին դէմ։
Բրիտանական կառավարութիւնը յանձնարարեց Պրայսի, որ երիտասարդ պատմաբան Արնոլտ Թոյնպիի գործակցութեամբ՝ մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստեն հայերու դէմ գործուած թրքական ջարդերուն մասին։ Պրայս-Թոյնպի երկեակը իր մանրակրկիտ աշխատանքը աւարտեց եւ, իբրեւ բրիտանական կառավարութեան «Կապոյտ Գիրք»ը, 1916ին լոյս ընծայեց հաւաքած փաստաթուղթերուն, վկայութիւններուն եւ քաղաքական արժեւորումներուն արդիւնքը։
Իր կեանքի վերջին տարիներուն, Պրայս նշանակուեցաւ Լա Հէյի Միջազգային Ատեանի անդամ, մեծ ներդրում ունեցաւ Ազգերու Լիկայի ստեղծման մէջ, եւ յատկապէս Առաջին Աշխարահամարտի աւարտէն ետք Դաշնակիցներու նախաձեռնած խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին՝ ջերմօրէն պաշտպանեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութիւն գործելու անհրաժեշտութիւնը։
*
* *
Հայկական Հարցի իրաւապաշտպանին նուիրուած ոգեկոչական այս ակնարկը կ՚արժէ եզրափակել՝ հատուածներ ներկայացնելով 23 Մարտ 1905ին Ճէյմս Պրայսի արտասանած քաղաքական կարեւոր ճառէն, Լոնտոնի «Eighty Club»ին մէջ, «Թուրքիան եւ Եւրոպան» խորագրով.
… Արեւելեան Հարցը հետեւեալն է։ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Արեւմտեան Ասիոյ մէջ կայ ռազմապաշտ մարդոց խումբ մը, որուն մենք կ՚անուանենք թուրք կառավարութիւն, որ այն օրէն՝ երբ դուրս է պրծած իր դեղին ցեղին հետ Ասիայի խորքերէն, ուրիշ զբաղմունք չէ ունեցած, բացի կողոպտելէ եւ կոտորելէ իր տիրապետած ժողովուրդները։ Եւ այս մարդոց (թուրքերուն) քաղաքակիրթ Եւրոպան կը ճանչնայ ու կը վարուի անոնց հետ որպէս քաղաքակիրթ պետութեան մը։
…Երկու խոշոր գիծեր կը բնորոշեն թրքական պետութիւնը.- Նախ՝ այն, որ անիկա կ՚ապրի իր սեփական ուժերով, այլեւ ուրիշ տէրութիւններու փոխադարձ նախանձով, եւ երկրորդ՝ ան երբեւիցէ չի կարողանար բարենորոգուելու։
…Երբ 1895-1896ին Լորտ Սալզպըրին փորձեց Եւրոպայի միահամուռ գործակցութեամբ վերջ դնել Հայաստանի ջարդերուն, անոր դէմ ցցուեցաւ իշխան Լոբանովը։
…Հայկական Հարցը պարզ եւ որոշ կը դառնար, եթէ մէկ կողմ թաքնուէր քաղաքականութիւնը, եւ մարդկային տարրական իրաւունքները յարգուէին ու Եւրոպան ցանկանար վերջ դնել այդ խայտառակութեան։
… Հաւատացած եղէք, որ Գերմանիան Թուրքիոյ դէմ չ՚ելլեր, բայց կարող էք համոզուած ըլլալ նոյնպէս, որ ան սուլթանի իրական պաշտպանութիւնը յանձն կ՚առնէ այն օրը, երբ պետութիւնները կը վճռեն միջամտել։
… Ես ալ երկար ժամանակ հաւատացած եմ եղած, որ Լորտ Սալզպըրին Հայաստանի մէջ ընտրելով յաջորդ հոգեբանական պահը՝ ի վիճակի էր կանգնեցնելու ջարդերը բաւականաչափ արագ եւ եռանդուն գործողութեամբ մը։ Ես դեռ այժմ ալ կը հաւատամ, որ եթէ մենք 1895-1896ին ուղարկէինք մեր նաւատորմները Պոլսոյ առաջ, Թուրքիան ստիպուած պիտի ըլլար զիջելու, փոյթ չէ նոյնիսկ թէ մենք մէն-մենակ ըլլայինք։
… Հայաստանի մէջ խնդիրը շատ աւելի պարզ է. գոնէ պետութեանց շահերը հոն նուազ կարեւոր են ու սակաւաթիւ։ Միմիայն Ռուսաստանն է, որ կրնայ քաղաքական հայեցակէտներ մէջտեղ բերել։ Միւս պետութիւնները, ինչպէս եւ Անգլիան, հոս միայն մարդասիրական պարտքեր ունին։ Եթէ այդ քրիստոնեայ կոչուած պետութիւնները պարտքի ամենափոքր գիտակցութիւն ունենային, Հայկական Հարցը կը լուծուէր առանց որեւէ դժուարութեան։
Բաւական էր նշանակել Եւրոպայի հանդէպ պատասխանատու նահանգապետ մը, որ ունենար առանձին պիւտճէ եւ բաւարար իշխանութիւն՝ կարգը պահպանելու, պաշտօնեաներու զեղծումներուն եւ քիւրտերու կողոպուտներուն վերջ դնելու համար, եւ հարցը կարելի էր լուծուած համարել։ Արդ, ո՛չ Գերմանիան եւ ո՛չ Աւստրիան երբեք չեն զբաղուած Հայաստանով…։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ