ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Ուշագրաւ Մատնանշումներ – Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթ-ի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Ուշագրաւ Մատնանշումներ – Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթ-ի

11 ՄԱՅԻՍ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթ գերմանական «Մարշըլ» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած առցանց քննարկման ընթացքին կատարեց ուշագրաւ մատնանշումներ:

Ան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու երկխօսութեան հիմը «խաղաղ լուծման հասնելու նպատակն է` հիմնուելով Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներուն վրայ: Ատիկա կը ներառէ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրարկում, տարածքային ամբողջականութիւն, սակայն նաեւ` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք: Լեռնային Ղարաբաղի պարագային այդ սկզբունքները կողմերը տարբեր կերպ մեկնաբանած են»:

Անոր խօսքին մէջ ուշադրութեան արժանի է «սակայն նաեւ»-ը, որ կու գայ ընդգծելու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ կը բացայայտէ այն կողմը, որուն ուղղուած է այդ մատնանշումը: Ամերիկացի պաշտօնատարին կատարածը Ազրպէյճանին ուղղուած յիշեցում մըն է, թէ Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրը միայն տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը չ’ընդգրկեր, ինչպէս ազրպէյճանական կողմը շարունակ «տարբեր կերպ» կը մեկնաբանէ: Ամերիկացի դիւանագէտը մատը զգուշաւոր կերպով կը դնէ վէրքին վրայ` փոխան «սխալ կերպ»-ի օգտագործելով «տարբեր կերպ» արտայայտութիւնը` այդպիսով փորձելով իր կատարած դիտողութիւնը դարձնել նուազ ցաւցնող:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 21 ապրիլին Կորչաքովի հիմնադրամին կազմակերպած կլոր սեղանին ծիրին մէջ յայտարարած էր, որ բանակցութիւններու սեղանին վրայ դրուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի փուլային լուծում ենթադրող փաստաթուղթ մը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ կը կիսե՞ն Լաւրովի այդ յայտարարութիւնը, նշեց. «Ես պիտի չմեկնաբանեմ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին խօսքը», սակայն անմիջապէս աւելցուց. «Ըսեմ միայն, որ ան վերջերս կատարած էր շարք մը ոչ օգտակար յայտարարութիւններ, ներառեալ Տոնպասի իրավիճակին վերաբերեալ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք»:

Քենթ Լաւրովի յայտարարութիւնը վերջերս անոր կատարած շարք մը այլ յայտարարութիւններուն նման «ոչ օգտակար» կոչելով հաստատեց սեղանին վրայ Արցախի հիմնահարցի լուծման փուլային տարբերակ ենթադրող փաստաթուղթ մը դրուած ըլլալուն իրողութիւնը: Փաստաթուղթ մը, որուն ռուսական դիւանագիտութեան պետին կողմէ բացայայտումը «ոչ օգտակար» է, որովհետեւ հայ ժողովուրդին մօտ ընդվզում ու բողոք յառաջացնելով կրնայ ձախողութեան մատնել ղարաբաղեան հիմնահարցի այդ ոչ հայամէտ տարբերակին հիմամբ լուծման շուրջ բանակցութիւնները, որոնք, ըստ երեւոյթին, որոշ ճամբայ կտրած են, եւ Լաւրովի յայտարարութիւնը վնաս կը հասցնէ մինչեւ այժմ կատարուած աշխատանքին ու կը վտանգէ զայն, այդ պատճառով ալ ամերիկացի պաշտօնատարը զայն կ’որակէ «ոչ օգտակար» է:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/472573

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail