Կարծախի Եկեղեցին Ջուրի Մէջ է – հսկայական ճեղքերը կրկին բարձրացուցած են Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակի հարցը

Կարծախի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակի հարցը

Կարծախի Եկեղեցին Ջուրի Մէջ է – հսկայական ճեղքերը կրկին բարձրացուցած են Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակի հարցը

12 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Կարծախի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակի հարցը

Ձիւնն ու անձրեւը, մէկ շաբաթէն աւելի տեւած վատ եղանակը եւ Կարծախ գիւղի եկեղեցւոյ տանիքի հսկայական ճեղքերը կրկին բարձրացուցած են Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակի հարցը:

«Եռագոյն»-ի փոխանցմամբ, Jnews-ը կը գրէ, որ տեսանիւթ ստացած է իր ընթերցողէն` Վիթալի Բանգոյեանէն, ուր կ՛երեւի եկերեցւոյ մէջ հոսող ջուրը եկեղեցւոյ քարէ առաստաղի ճեղքերէն: Պատերը եւ սիւները ծածկուած են մամուռով, իսկ սրբապատկերները` բորբոսով, այստեղ ամէն ինչ ջուրի մէջ է:

Փաստ է, որ եկեղեցին երկար ժամանակ է կը գտնուի այս վիճակին մէջ։ Jnews-ը նիւթ մը հրապարակած էր 2017 թուականին` Թուրքիոյ հետ սահմանակից Կարծախ գիւղի եկեղեցւոյ վիճակի մասին, այդ ժամանակուընէ ի վեր վիճակը նոյնն է:

Այդ ժամանակ ալ իրավիճակը ծայրայեղ էր: Խոնաւութեան պատճառով սիւներն ու պատերը պատուած էին մամուռով, խոնաւութենէն սրբապատկերները «կու լային» եւ ծածկուած էին բորբոսով, հակառակ ատոր, եկեղեցին կը գործէր, եւ այստեղ եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարուէին:

2012 թուականին եկեղեցին վերանորոգուած էր, բայց իրականացուած վերակառուցումէն ետք հին ծածկը փոխարինուած էր նորով, ինչ որ լաւ եւ ճիշդ չէ եղած եւ տանիքէն սկսած էր ջուր ներս հոսիլ: Անձրեւաջուրերը ներսը կը լճանան` յառաջացնելով ահաւոր խոնաւութիւն:

Կարծախի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցին վերաօծուած է 2012-ի Յուլիս 14-ին: Ան հիմնադրուած 19-րդ դարու 30-ական թուականներուն:

Կարծախի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակի հարցը

yerakouyn.com/2020/05/12/կարծախի-եկեղեցին-ջուրի-մէջ-է/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail