Այսօր Ալ Պատրաստ Ենք Անհրաժեշտութեան Պարագային Հերթական Խորտակիչ Հարուածը Հասցնելու Հակառակորդին. Ջալալ Յարութիւնեան

Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ, ՊԲՀ, զօրավար-հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան

Այսօր Ալ Պատրաստ Ենք Անհրաժեշտութեան Պարագային Հերթական Խորտակիչ Հարուածը Հասցնելու Հակառակորդին. Ջալալ Յարութիւնեան

12 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ, ՊԲՀ, զօրավար-հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան

Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ, ՊԲՀ, զօրավար-հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան ուղերձ յղած է Մեծ Հայրենականի մէջ տարած յաղթանակին, Շուշիի ազատագրման եւ ՊԲ օրուան կապակցութեամբ։

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը ուղերձը կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնի վերածած.

«Սիրելի հայրենակիցներ,

Մայիս 9-ը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ մեր պետական տօնացոյցին մէջ: Մեծ յաղթանակի, Շուշիի ազատագրման եւ պաշտպանութեան բանակի օրը կը խորհրդանշէ պատմական առումով բեկումնային իրադարձութիւններ եւ հայրենիքի պաշտպանութեան գաղափարի շուրջը համախմբուած սերունդներու ամուր միասնութիւն:

75 տարի առաջ ֆաշիստական Գերմանիոյ անվերապահ անձնատւութեան դաշինքը նաեւ հայ զինուորի, հայու ռազմական տաղանդի, հայկական զէնքի յաղթանակն էր: Պատերազմի առաջին իսկ վայրկեաններէն խիզախօրէն պայքարելով նախայարձակ գերմանական զօրքերուն դէմ` խորհրդային բանակի հայ մարտիկներն ու զօրավարները Պրեսթի ամրոցին եւ Ստալինկրատի մէջ, Օտերի ափերուն եւ Ռայխսթագի մատոյցներուն մէջ կը պաշտպանէին նաեւ իրենց փոքրիկ հայրենիքը` Հայաստանը: Իր ծաւալներով աննախադէպ այդ պատերազմին ընթացքին հայ մարտիկները ուշադրութիւն գրաւած են անօրինակ հերոսութիւններով, հայ զօրավարները մշակած եւ իրականացուցած են փառայեղ ռազմագործողութիւններ, իսկ հայ գիտական միտքը խորհրդային բանակին տուած է նոր եւ հզօր զինատեսակներ:

Մեծ հայրենականին մասնակցած հայրերու եւ պապերու օրինակով դաստիարակուած սերունդը՝ անոնց դասերու կենսունակութիւնը կրցաւ ապացուցել արցախեան ազատամարտին ժամանակ: Ստիպուած ըլլալով զէնք վերցնել այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ Մայր Հայաստանի հետ վերամիաւորուիլ ցանկացող Արցախի գլխուն կախուած էր ֆիզիքական բնաջնջման միանգամայն իրական վտանգը, այդ սերունդը, կարճ ժամանակահատուածի մէջ, մարտական գործողութիւններուն զուգընթաց կազմաւորեց հզօր, մարտունակ բանակ` հայկական զէնքը փառաւորելով նոր յաղթանակներով: Այդ յաղթանակներու վառ խորհրդանիշը Շուշիի ազատագրման ռազմագործողութիւնն էր, որմով խորտակիչ հարուած հասցուեցաւ ատրպէյճանական բանակի մարտական ոգիին ու բարոյական որակներուն եւ դարձաւ յետագայ բոլոր յաղթանակներուն անկիւնաքարը:

Հրադադարի հաստատումէն ետք՝ Պաշտպանութեան բանակը շարունակեց զարգանալ ու կատարելագործուիլ, համալրուիլ նոր զինատեսակներով` առանց օտար ուժերու ներգրաւման դառնալով տարածաշրջանային խաղաղութեան գլխաւոր երաշխաւորը:

Պարտութիւն կրելով իր իսկ սանձազերծած պատերազմին` Ատրպէյճանը ամենեւին ալ չհրաժարեցաւ ցեղասպան ծրագիրներէն: Հայրենեաց պաշտպաններու երիտասարդ սերունդը, 2016 Ապրիլին կասեցնելով Ատրպէյճանի յարձակումն ու ջախջախելով անոր նախայարձակ ուժերը, ապացուցեց, որ Մեծ հայրենականի եւ արցախեան ազատամարտի մէջ յաղթող քաջերու արժանաւոր յետնորդն է: Ցաւօք պատերազմի մէջ անխուսափելի են զոհերը: Բազմաթիւ հայորդիներ հայրենիքի ազատութեան նուիրաբերեցին ամէնաթանկը` կեանքը:

Փառք եւ պատիւ Մեծ հայրենականի եւ արցախեան ազատամարտին մէջ մարտիրոսուած բոլոր քաջորդիներուն:

Յաւերժ փառք Արցախի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին նահատակուած ՊԲ բոլոր զինծառայողներուն:

Այսօր ալ, պաշտպանութեան բանակը, շարունակաբար կատարելագործուելով, արդիականացնելով իր զինանոցը, ամրապնդելով մարտական հմտութիւններ, յուսալիօրէն կը պաշտպանէ մեր երկրի սահմանները` պատրաստ անհրաժեշտութեան պարագային հերթական խորտակիչ հարուածը հասցնելու հակառակորդին:

Յարգելի հայրենակիցներ,

ՊԲ հրամկազմի եւ անձամբ իմ անունով կը շնորհաւորեմ բոլորիս Եռատօնը: Կը մաղթեմ յաջողութիւններ թէ՛ անձնական կեանքի մէջ, թէ՛ ծառայողական ու աշխատանքային գործունէութեան մէջ: Վստահ եմ, որ մեր զաւակները պիտի ապրին զարգացած, հզօր ու խաղաղ երկրի մէջ»:

yerakouyn.com/2020/05/09/այսօր-ալ-պատրաստ-ենք-անհրաժեշտութեան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail