«Անամօթներ, Դուք Երեխայ, Ընտանիք Չունի՞ք»․ «Կամք»-ը Բողոքի Ցոյց Իրականացուց ԱԺ-ի Դիմաց
12 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Հայկական Արժէքներու Պաշտպանութեան «Կամք» հասարակական նախաձեռնութիւնը, այսօր՝ Մայիս 11-ին, ԱԺ շէնքին մօտ բողոքի ցոյց իրականացուցած է՝ բողոքելով ԱԺ օրակարգ բերուած՝ «Սեռական շահագործումէն եւ սեռական բնոյթի բռնութիւններէն երեխաներու պաշտպանութեան մասին» Եւրոպայի խորհուրդի համաձայնագրին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ News.am-ը։
Ցոյցին մասնակիցները, հաւաքուելով ԱԺ ետնամուտքին մօտ, շէնք մտնող պագմաւորներուն յայտնած են իրենք մտահոգութիւնները եւ համաձայնագրին կողմ արտայայտուող իշխանական պատգամաւորներուն ուղեկցած «ամօթ» վանկարկումով։
«ՀՀԿ-ի կողմէ բերուած համաձայնագիրը ինչո՞ւ կը վաւերացնէք, ՀՀԿ-ի շարունակութի՞ւնն էք»,- հարցուցած են անոնք պատգամաւորներուն, որուն ի պատասխան անոնք յայտնած են, որ Եւրոպայի խորհուրդի բոլոր անդամ երկիրները վաւերացուցած են համաձայնագիրը եւ անիկա մանկապղծութիւնը աւելի խիստ պատժելու համար է։
«Անամօթներ, դուք երեխայ, ընտանիք չունի՞ք։ Այս մարդիկ ոչ թէ եկած են ՀՀԿ-ն մերժելու, այլ քանի որ ՀՀԿ-ն չունէր օրինականութիւն եւ չէր կրնար իրականացնել, հիմա իրենք օրինականութիւն ունենալու անուան տակ հակաժողովրդական համաձայնագիր բերած են, կ՝իրականացնեն։ Արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ ժողովրդը նստեցուցած են տուն, բերած են համաձայնագիր կ՝իրականացնեն»,- նշած է Վահագն Չախալեան։
Նշենք, որ «Սեռական շահագործումէն եւ սեռական բնոյթի բռնութիւններէն երեխաներու պաշտպանութեան մասին» Եւրոպայի խորհուրդի համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքի նախագիծը արդէն ընդունուած է 79 կողմ, 12 դէմ ձայներով։ Նախապէս ԲՀԿ-ն դէմ արտայայտուած էր նախագիծին՝ նշելով, որ որոշ դրոյթներ դէմ են մեր արժէքներուն, մասնաւորապէս համաձայնագրի մէկ յօդուածը, ըստ որուն իւրաքանչիւր կողմ պէտք է ձեռնարկէ անհրաժեշտ օրէնսդրական կամ այլ միջոցներ՝ ապահովելու, որ երեխաները տարրական եւ միջնակարգ կրթութեան ընթացքին ստանան սեռական շահագործման եւ սեռական բնոյթի բռնութիւններու հետ կապուած վտանգներու, ինչպէս նաեւ ինքնապաշտպանութեան միջոցներու մասին տեղեկութիւններ։
yerakouyn.com/2020/05/11/անամօթներ-դուք-երեխայ-ընտանիք-չունի/