Եւրոպայի Հայ Դատը Կը Քննադատէ Ցեղասպանութեան Մասին Եւրոպական Միութեան Խուսափողական Յայտարարութիւնը

Եւրոպայի Հայ Դատը Կը Քննադատէ Ցեղասպանութեան Մասին Եւրոպական Միութեան Խուսափողական Յայտարարութիւնը

12 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

LES FORCES MILITAIRES OTTOMANES CONDUISENT DES HOMMES ARMÉNIENS VERS UN LIEU D’EXÉCUTION EN DEHORS DE LA VILLE DE KHARPOUT. Empire ottoman, mars-juin 1915.

ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան բաց նամակ մը յղեց Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինիին՝ քննադատելով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով առաքելութեան կատարած յայտարարութիւնը։

Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ ի տարբերութիւն 2019ի, 2018ի, 2017ի եւ 2016ի յայտարարութիւններուն, այս տարի Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը խուսափեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը գործածելէ, անոր փոխարէն յիշատակելով «ողբերգական իրադարձութիւններ» արտայայտութիւնը:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը ցաւ յայտնեց այս հրապարակումին համար՝ շեշտելով, որ անիկա պատշաճ յարգանքի տուրք չի մատուցեր Ցեղասպանութեան 1․5 միլիոն զոհերուն եւ «վտանգաւոր աստիճանի անորոշ եւ մոլորեցնող» քայլ մըն է՝ աւելցնելով․«Հայոց Ցեղասպանութեան անկեղծ եւ ընդունելի յիշատակումը կը պահանջէ ճշմարտութեան յստակ հաստատումը»։

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895
GÉNOCIDE ARMÉNIEN – LE DÉNI EST LE DERNIER ACTE D’UN GÉNOCIDE

asbarez.com/arm/369516/Եւրոպայի-Հայ-Դատը-Կը-Քննադատէ-Ցեղասպա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail