Մուրատ Փափազեան. «Մի՛ Տկարացնէք Սփիւռքը Եւ Մի՛ Փորձէք Սփիւռքը Ծառայեցնել Այլ Նպատակներու»
13 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ճիշդ չէ մտածել, թէ սփիւռքի բոլոր պատասխանատուները համաձայն են Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան:
Ան նման դիտարկում կատարեց` անդրադառնալով «Ազատութիւն» կայանի հրապարակման, որով լրատուամիջոցը կը մէջբերէր «Նուվել տ՛Արմենի» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանի յօդուածը եւ «Նոր Յառաջ»-ի առցանց թիւին մէջ հրատարակուած «Հայկական վերածնունդ» սփիւռքեան կազմակերպութեան բաց նամակը եւ այն վերագրումը, որ սփիւռքահայ գործիչները կը յորդորեն Նիկոլ Փաշինեանը` շարունակել բարեփոխումները:
«Սփիւռքը բազմազան է, եւ այդ տարբերութիւնները կը կազմեն մեր հարստութիւնը: Պէտք է յարգել տեսակէտներու տարբերութիւնը: Ժողովրդավարութեան հիմքը կը հանդիսանան բանավէճն ու կարծիքներու բազմազանութիւնը», ըսաւ ան` կրկին շեշտելով, որ, ըստ այդմ, ճիշդ չէ, որ սփիւռքի բոլոր գործիչները համաձայն են Փաշինեանի քաղաքականութեան:
Մուրատ Փափազեանի համաձայն, իրենք նաեւ պատրաստ են իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի մէջ շիկացած մթնոլորտի մեղմացման: «Ժողովուրդը մեծ յոյսեր կապեց վարչապետին եւ իշխանութեան, որոնք հիմա մեծ պատասխանատուութիւն ունին իրականացնելու այդ սպասումները եւ երկիրը առաջնորդելու դէպի ուժեղ ապագայ», շեշտեց ան` դիտել տալով, որ Հայաստան շրջապատուած է թշնամիներով, ուստի այստեղ պարտաւոր են ներքին միասնականութիւն ունենալ:
«Ասիկա վարչապետին ներքին պատասխանատուութիւնն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Վարչապետը յաճախ կը յիշատակէ Նելսոն Մանտելան: Յիշեցնենք, որ Մանտելան պատասխանատուութիւն ունեցաւ համախմբելու բոլոր ուժերը` համախոհ թէ ընդդիմադիր: Ան երբեք «վհուկներու որսով» չզբաղեցաւ: Նոյնիսկ զինք 28 տարի բանտարկածները համախմբեց, որովհետեւ լաւ գիտէր, որ միայն ներքին միասնականութիւնը կրնայ հասունցնել, զօրացնել իր երկիրը եւ ապահովել իր ժողովուրդի արժանավայել ապագան»:
Մուրատ Փափազեան նշեց, որ իրենք կը տեսնեն, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը հանգիստ չէ, ժողովուրդը բաժնուած է: Այս պարունակին մէջ մատնանշեց այս օրերուն խորհրդարանին մէջ Էտմոն Մարուքեանի եւ Սասուն Միքայէլեանի միջեւ եղած միջադէպը: «Ասիկա օրինակ է, որ այս լարուած մթնոլորտը Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ճիշդ տեղ չի տանիր», յայտնեց ան:
Փափազեան շեշտեց, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի միաձայնութիւնն ու միասնականութիւնը կարելի է ապահովել, եթէ յարգուի բազմակարծութիւնը: «Եթէ վարչապետը, կառավարութիւնը կ՛ուզեն բոլորը համախմբել իրենց շուրջ, պէտք է ազգային միասնականութիւն ստեղծեն, որովհետեւ այսօր ատոր լուրջ ռազմավարական անհրաժեշտութիւն կայ: Այո՛, սփիւռքի մէջ կան կառավարութեան քաղաքականութեան աջակցողներ, բայց կան նաեւ զայն քննադատողներ: Պէտք է նկատի առնել, որ սփիւռքը անկախ մարմին է, կապուած չէ Հայաստանի հետ: Տեսանք, թէ ի՛նչ եղաւ Խորհրդային Միութեան տարիներուն, տեսանք, թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ի՛նչ կը փորձէր ընել: Մենք դիմադրեցինք: Սփիւռքը անկախ էութիւն է, պէտք է անկախ ըլլայ, եւ պէտք չէ տկարացնել սփիւռքը: Եթէ փորձ կատարուի բաժնել սփիւռքը, անիկա անխուսափելիօրէն պիտի տկարանայ, իսկ սփիւռքը Հայաստանի համար անփոխարինելի միջոց ու աղբիւր է: Թէ՛ հայապահպանութեան, թէ՛ Հայ դատի պաշտպանութեան գործին մէջ սփիւռքը անպաշտօն դիւանագիտութիւն կը վարէ: Սփիւռքը յառաջ կը տանի Արցախի` միջազգային ատեաններուն մէջ ճանաչման հոլովոյթը: Այնպէս որ, մի՛ տկարացնէք սփիւռքը եւ մի՛ փորձէք սփիւռքը ծառայեցնել այլ նպատակներու», շեշտեց Մուրատ Փափազեան:
aztagdaily.com/archives/472702