ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Թուրքիան հարազատ է Այսրկովկասի մահմեդականներին ով գործում է Թուրքիայի դէմ` նա բնականաբար եւ Այսրկովկասի թուրքերի թշնամին է
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Թուրքիան հարազատ է Այսրկովկասի մահմեդականներին. ով գործում է Թուրքիայի դէմ` նա բնականաբար եւ Այսրկովկասի թուրքերի թշնամին է»
11 Մայիս 2020
Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք միշտ պատրաստ են ու կանգուն՝ ՀՆՉԵՑՆԵԼՈՒ ԱՀԱԶԱՆԳը եւ ՈՏՔԻ ՀԱՆԵԼՈՒ հայոց սերունդները, ուղիղ ճակատէն դիմագրաւելու համար Ազգին եւ Հայրենիքին դէմ նիւթուող ԴԱՒԵՐն ու ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐը։
115 տարի առաջ, Մայիս 11ի այս օրը, Բագուի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ, հազիւ երիտասարդ տարիքը թեւակոխած հայ յեղափոխականը՝ ԴՐՕ օր-ցերեկով ահաբեկեց Բագուի նահանգապետ իշխան ՆԱԿԱՇԻՁԷն։
Յուշատետրի փոստով ներկայացուած են պատմակշիռ նշանակութեամբ այդ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԻՆ տուն տուած պատճառները, ինչպէս նաեւ՝ Անդրկովկասի հակակշիռը միահեծան իր ձեռքը պահելու համար ՑԱՐԱԿԱՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԿԱՅՍԵՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ վարած պառակտիչ եւ սադրիչ քաղաքականութիւնը հայերու, թուրք-թաթարներու եւ վրացիներու նկատմամբ՝ զանոնք իրարու դէմ լարելով։
Բարի լոյս՝ բազմաչարչար հայ ժողովուրդին դէմ անցեալին նիւթուած ու այսօր եւս նիւթուող դաւերու ետին խմորուած կամ շարունակուող ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ու ՑԵՂԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ինչ-ինչ հաշիւներն ու շահախնդրութիւնները չանտեսելու, այլեւ Հայաստանի ու Հայութեան դառն ու դաժան կենսափորձով ձեռքբերուած քաղաքական ԴԱՍԵՐը մտահան չընելու ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ։
Ինչպէս որ խորագրով մէջբերուած եւ Արմէնպրեսի 6 Փետրուար 2020ի «Բաքուի 1905թ. հայկական ջարդերը եւ ինքնապաշտպանութիւնը» հրապարակումէն քաղուած ատրպէյճանցի դրամատէր Իսրաֆիլ Հաջիեւի 1905ի յայտարարութիւնը կը հաստատէ՝ Անդրկովկասի թաթարներու վարակած ՀԱՅԱՏԵԱՑ ԹՐՔԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆը 115 տարի առաջ արդէն բացայայտ իրականութիւն էր։
Տես՝ https://armenpress.am/arm/news/1003943.html
Իսկ ռուս պետական մտածողութիւնը այդ ժամանակ ոչ միայն քաջածանօթ էր համաթրքական գաղափարախօսութեան կողմէ Անդրկովկասի թաթարներուն մէջ սերմանուած հակահայ ատելութեան, այլեւ՝ հետամուտ էր գրգռելու եւ հրահրելու հայութեան դէմ թաթար ամբոխին բարբարոսական յարձակապաշտութիւնը, որպէսզի յաջողութեամբ պսակէր Անդրկովկասի ժողովուրդներուն բաժնելու եւ տիրելու իր կայսերապետական սադրանքը։
Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի ժառանգութեան այսօր եւս տէր կանգնող ԻՐԱՏԵՍՆԵՐՈՒՆ, որոնք ժամանակի եւ պայմաններու բոլոր տարբերութիւնները հաշուի առնելով հանդերձ՝ որոշապէս Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու բնականոնացման ՕՐԱԿԱՐԳը գիտեն պահել ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐու ՀՈՒՆին մէջ, միշտ ԱՐԹՈՒՆ գտնուելու եւ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ համար այն բոլոր սադրանքները, որոնք ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԻՒՂ կը թափեն ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳի կործանարար կրակին վրայ․․․
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ