Արտակարգ Դրութիւնը Հայաստանի Մէջ Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ Յունիս 13

Արտակարգ Դրութիւնը Հայաստանի Մէջ Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ Յունիս 13

14 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով Մարտ 16-էն յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է եւս 30 օրով` մինչեւ Յունիս 13-ը` ժամը 17:00-ն ներառեալ:

Կառավարութիւնը հաստատած է Արտակարգ դրութիւնը երկարաձգելու մասին որոշումը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ արտակարգ դրութեան երկարաձգումը անհրաժեշտութիւն է, սակայն Պարէտատան գործունէութեան եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, բնակավայր փակելու որոշումները կրնան իրագործուիլ միայն արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ:

Փաշինեան ըսած է, որ 1500-էն աւելի հիւանդանոցային բուժում ստացող ունենալու պարագային կրկին սահմանափակումներու պիտի երթայ Կառավարութիւնը: Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան յայտարարած է, որ սահմանափակումները կրնան նաեւ պայմանով կիրառուիլ, ինչպէս օրինակ` որոշ վայրերու մէջ կրնայ պարտադիր դառնալ դիմակներ կրելը:

Հայաստանի մէջ Մարտ 16-էն արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է, անիկա երկարաձգուած էր մինչեւ Մայիս 14: Հայաստանի մէջ Մայիս 14-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրով վարակուած դէպքերը հասած են 3860-ի, մահերու թիւը՝ 49-ի , առողջացներունը 1572-ի։

CORONAVIRUS-COVID19

yerakouyn.com/2020/05/14/արտակարգ-դրութիւնը-հայաստանի-մէջ-երկ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail