Համաճարակները, Սովը Եւ Բծաւոր Տենդի (Typhus) Դէմ Փորձարկութիւնները Թուրք Բժիշկներուն Կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին
14 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Բժիշկ Կ. Հարպոյեան
Մոնրէալ, Ապրիլ 30, 2020
Նախ քան մեր նիւթին անցնիլը կ’ուզեմ ամփոփ բացատրութիւն մը տալ տեղաճարակ, համաճարակ եւ համավարակ բառերուն:
Երբ հիւանդութիւն մը որ միշտ գոյութիւն ունի որոշ վայրի մը, երկրի մը եւ կամ որոշ հաւաքականութեան մը մէջ կը կոչուի տեղա-ճարակ (endemic):
Երբ փոխանցիկ հիւանդութիւն մը կը տարածուի արագօրէն, մեծ տարողութեամբ, ակնկալուածէ աւելի մեծ թիւով մարդոց մէջ եւ որոշ շրջանի մը մէջ կը կոչուի համաճարակ (epidemic): Ան կը պատահի երբ յարուցիչ ազդակ մը (agent) եւ ընկալունակ (susceptible) ենթակայ (host) մը գոյութիւն ունին:
Երբ համաճարակը կը տարածուի որոշ երկիրէ մը դուրս այլ երկիրներ եւ կամ ամբողջ աշխարհ համաճարակը կը կոչուի համա-վարակ, համաճարակ (pandemic): Ան կոչուած է նաեւ հանրա-վարակ տոքթ. Ալֆրէթ Դանիէլեանի կողմէ:
Իսկ երբ հիւանդութիւն մը անակնկալօրէն կը յայտնուի մեծ թիւով ընկալունակ ենթականերու մէջ կը կոչուի բռնկում (outbreak): Ան կրնայ տեւել օրեր կամ ամիսներ որոշ վայրի մը մէջ:
Համաճարակները կը պատահին հոն ուր նոր յարուցիչ ազդակ մը՝ ժահր մը կամ մանրէ մը անակնկալօրէն կը յայտնուի եւ ընկալունակ հաւաքականութիւն մը գոյութիւն ունի: Համաճարակի մը վնասները կախեալ են՝ յարուցիչ ժահրին կամ մանրէին ուժգնութենէն, ժողո-վուրդին ընկալութեան աստիճանէն, անոր դիմադրողականութեան, սննդառութեան, ֆիզիքական եւ հոգեկան իրավիճակէն, յարուցիչի փոխանցման նոր միջոցներու եւ ձեւերու յայտնաբերումէն եւ կան-խազգուշական միջոցառումներու որդեգրումէն:
Համաճարակները շատ աւելի կը պատահին հոն ուր առողջապա-հական պայմաններ, բժշկական ծառայութիւն եւ խնամք չեն գտնուիր, մարդիկ մեծ թիւով կ’ապրին նեղ միջավայրի մէջ եւ կը տառապին սովէ, անօթութենէ ու ըմպելի ջուրի պակասէ:
Համաշխարհային առաջին պատերազմէն առաջ եւ պատերազմի ընթացքին Օսմանեան պետութեան ընկերային քայքայումին հետե-ւանքով, պետութեան առողջապահական պայմաններու բացակա-յութեան պատճառով եւ պետութեան անհոգութեան եւ անպատ-րաստից ըլլալուն հետեւանքով զանազան վարակիչ հիւանդու-թիւններ համաճարակի ձեւով ողողած են երկրին բոլոր տա-րածքները եւ մանաւանդ Օսմանեան բանակի ամբողջութիւնը: Այս վարակիչ հիւանդութիւնները ունեցած են կործանարար եւ քանդիչ հետեւանքներ ամէն կողմ եւ ժողովուրդի բոլոր զանգուածներուն մէջ, յատկապէս՝ երկրին հայ, յոյն, հրեայ, արաբ եւ ալաուի փոք-րամասնութիւններուն մէջ:
Հայ գաղթակայանները եւ հաւաքավայրերը ջարդի օրերուն գտնուած են առողջապահական շատ վատ պայմաններու մէջ եւ հոն բոյն դրուած են տարբեր տարբեր համաճարակներ: Հայ գաղթա-կանները այս վատառողջ պայմաններու մէջ միաժամանակ են-թարկուած են Թուրք իշխանութեան կողմէ դիտումնաւոր եւ ծրագրուած սովի, անօթութեան եւ ջրազրկումի:
Գաղթական ժողովուրդը զրկուած է առողջապահական նուա-զագոյն պայմաններէն: Անոնք մագարած են առանց ըմպելի ջուրի եւ սննդեղէնի, ապրած են խիստ պայմաններու մէջ՝ հնամէշ ու պատրտած վրաններու տակ, չեն ունեցած նոյնիսկ նախնական բաղնիքներ եւ լուացարաններ, շրջապատուած են ճահիճներով, որոնք վխտած են ճանճերով, մժեղներով եւ զանազան այլ տեսակի միջատներով: Ոջլոտութիւնը եղած է համատարած եւ բնական երեւոյթ: Անոնք չեն վայելած բժշկական նուազագոյն խնամք: Բժիշկներ անգտանելի եղած են: Ոչ մէկ դեղ ոչ մէկ դարման հիւանդութիւններու պարագային: Անոնց ճակատագիրը յանձնուած է Աստուծոյ կարգադրութեան:
Այս համաճարակները տարբեր-տարբեր շրջաններու մէջ իրա-գործած են իրենց քանդիչ աշխուժութիւնը համաձայն շրջաններու եղանակային տարբերութիւններուն: Իւրաքանչիւր շրջանի մէջ գերազանցած է որոշ հիւանդութիւն մը, օրինակ՝ դողտենդը (malaria) բացայայտ եղած է տաք կլիմայական պայմաններու մէջ, բծաւոր տենդը (typhus)՝ ցուրտ եւ խոնաւ պայմաններու մէջ, իսկ թանչը (dysentery)՝ աղտոտ ջուրերով ողողուած շրջաններու մէջ եւ ճահիճ-ներով շրջապատուած վայրերու մէջ: Հայ գաղթականները վայելած են այս եղանակային եւ կլիմայական փոփոխութիւններու պատճա-ռով ամէն տեսակի համաճարակները իրենց տեղափոխութիւններու ընթացքին: Համաճարակները հնցած են տարեցներն ու մանուկները, մամիկներն ու տատիկները առանց խտրութեան: Անօթի ու ծառաւ Հայ գաղթականները դարձած են վարակիրներ եւ պատրաստ վա-րակելու իրենց անմիջական հարազատ շրջապատը: Անոնք ապրած են վրաններուն մէջ դիզուած նեխած դիակներուն հետ:
Զանազան վարակիչ հիւանդութիւններ համաճարակի ձեւով տեղի ունեցած են եւ խլած են շատ մեծ թիւով Հայ գաղթականներու եւ որբերու կեանքը: Ճշգրիտ թիւեր չունինք, սակայն հարիւր հազա-րաւոր հայեր մահացած են այս համաճարակներու ընթացքին Օսմանեան պետութեան սահմաններէն ներս թէ դուրս, յատկապէս Սուրիա, Իրաք, Լիբանան, Պաղեստին, Յունաստան, Հայաստան եւ Եգիպտոս: Նշանակալից եղած են Ժանտախտի (typhoid), բծաւոր տենդի, կրկնուող տենդի (recurrent fever), թանչի, դողտենդի, հնդ-կախտի (cholera), ծաղկախտի (small pox), կոպի հատիկաբորբի (trachoma) համաճարակները:
1915-ին Էջմիածնի Մայր Աթոռ ապաստանած են շուրջ 60 000 հայ գաղթականներ եւ 3 000 որբեր: Զանազան տեսակի համաճարակներ հազարաւոր գաղթաններու եւ որբերու կեանքը խլած են: Էջմիածին հասած մեծ թիւով Վանեցի գաղթականներ մատնուած են բծաւոր տենդի համաճարակի եւ այդ պատճառով հարիւրաւոր Վանեցիներ մահացած են:
1918-1919ի ձմռան 180 000 հայեր Հայաստանի մէջ մահացած են սովի եւ համաճարակ հիւանդութիւններու, մասնաւորապէս՝ բծաւոր տենդի եւ հնդկախտի հետեւանքով: Օրական համաճարակներէ մա-հացած են 2 000 հայեր:
Ըստ Սիմոն Վրացեանի 1919-ի առաջին չորս ամիսներուն Հայաս-տանի ժողովուրդին 16 տոկոսը մահացած են համաճարակներէ: Ալէքսանտր Խատիսեան բծաւոր տենդի եւ հնդկախտի համաճա-րակը նկատած է կատարեալ աղէտ: Համաճարակներուն հիմնա-կան պատճառ նկատուած է Հայ գաղթականներու մեծ թիւով կու-տակումը Հայաստանի մէջ:
Լիբանանի Անթուրայի որբանոցին մէջ երկու տարուան ընթաց-քին 1916-1918 մահացած են մօտաւորապէս 300 որբեր վարակիչ հիւանդութիւններէ: Իսկ Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ որբա-նոցին մէջ պատահած են 94 կոպերու հատիկաբորբի պարագաներ եւ մեծ թիւով դողտենդի պարագաներ:
1925-ական թուականներուն Սուրիա եւ Լիբանան ապաստան գտնուող 200 000 հայ գաղթանանները ենթակայ եղած են զանազան տեսակ համաճարակ հիւանդութիւններու եւ անոնցմէ մօտաւո-րապէս 25 000-ը մահացած են:
Մուսատաղէն Փոր Սայիտ հասնող հազարաւոր հայ գաղթական-ներէն համաճարակի զոհ գացած են 2 135 հայեր:
Ժանտախտի համաճարակ պատահած է նաեւ Յունաստանի ծո-վեզերիայ գաղթակայանին մէջ:(*) Այդ գաղթակայանին մէջ ժան-տախտէ մահացած որբերէն եղած է փոքրիկն Կարպիս Պէրպէրեան: Անոր մայրը’ Երանուհի Պէրպէրեան 18 Մարտ 1923-ին իր կսկիծը արտայայտած է հետեւեալ գրութեամբ՝
Հրեշտակիս
Զուարթ իր դէմքը, քաղցր գեղանի
Աչքերը խոհուն, նայուածքը արի
Մազերը գանգուր, նման հրեշտակի
Ճակատը բարձր, արդէն խելացի
Այժմ ինչու չապրի:
Քնքոյշ բերանը, նրբին շրթներով
Կոկոն մ’էր կարծես, վարդի թերթերով
Ձիւնի պէս ճերմակ, փափուկ այտերով:
Տեսնողը կ’ուզէր, համբուրել սիրով
Անկեղծ մի հոգւով
Ծնողքին սէրը, յոյսն էր յաւէտ
Սրամիտ խելքը կը մեծնար իր հետ.
Երկու տարին չէր բոլորած թէեւ,
Բայց կը խոստանար, ապագայ մը մեծ:
Թող նա ապրէր գէթ:
Կ’ապրէր անգիտակ կեանքի դառնութեան,
Ժպիտը’ մարած, զոհը բնութեան.
Հրեշտակս այրեց սիրտս մայրութեան,
Ի’նչ կար ապրեր ան:
Հազարաւոր վկայութիւններ եղած են Հայ եւ օտար ականատես-ներու կողմէ պատահած համաճարակներու մասին::
Մելանի Շուլթզ Դանիէլեան իր «Disease and public health, Ottoman Empire/-Middle East» ուսումնասիրութեան մէջ 2014-ին արձանագ-րած է Գերմանացի ականատեսներու հետեւեալ վկայութիւնները՝ «1915-1916 մօտաւորապէս 60 000 հայեր մահացան սովէ, անօթու-թենէ եւ համաճարակ բծաւոր տենդէ եւ թանչէ Սուրիական անա-պատի հայկական գաղթակայաններու եւ խաներու մէջ: Պապ քաղա-քի մօտերը գաղթակայանի մը մէջ օրական կը մեռնէին 400-500 հայեր վարակիչ հիւանդութիւններու, սովի եւ բժշկական հոգատարութ-եան բացակայութենէն: Գաղթակայաններու մէջ մահացած գաղ-թականներու գարշահոտ դիակները դիզուած էին իրարու վրայ: Օրական կը թաղուէին 580 մահացած հայեր»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հանրի Մորկըն-թաՈւ.- «Ջարդի օրերուն սովը, անօթութիւնը, ջրազրկումը եւ վարակիչ համաճարակ հիւանդութիւնները կը տիրապետէին ամբողջ օսման-եան պետութեան մէջ եւ մասնաւորապէս Հայկական գաղթակայան-ներու մէջ: Ժանտախտը համատարած էր:
Նանսեն.- «Հազարաւոր մանուկներ մահացան անօթութենէ, ծա-րաւէ եւ վարակիչ հիւանդութիւններէ ամբողջ տարագրութեան ընթացքին»:
Արմէն Վեկնէր.- «Մանուկները լալով ճչալով կը մեռնէին անօթու-թենէ, ծառաւէ եւ մանկական վարակիչ հիւանդութիւններէ»:
Մարիա ճէյքըպսըն.- «Հազարաւոր հայ մանուկներ մահացան չքա-ւորութենէ, անօթութենէ եւ զանազան տեսակի համաճարակ հիւան-դութիւններէ»:
Հայկազուն Եափուճեան.- «Լիբանանի Նահր Իպրահիմ որբանո-ցին մէջ բոլոր հայ որբերը վարակուած էին դողտենդ վարակիչ հիւանդութենէն: Հակառակ տնօրէնութեան տարած բոլոր տեսակի խնամքներուն վարակուած որբերուն մեծ մասը մահացան»:
Արամ Անտոնեան.- Թուրք զինուորներ 3-10 տարեկան 7 000 հայ տղաք բանտարկեցին գարշահոտ վայր մը, բոլորը անօթութենէ ծարաւէ մեռան:
Հոս տեղին է յիշել, որ Արամ Մանուկեան եւ Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան) վարակուած են բծաւոր տենդէ եւ մահացած են այդ վարակումէն: Ռոստոմ մահացած է Յունուար 18 , 1919-ին իսկ Արամ Մանուկեան՝ Ռոստոմի մահէն 10 օր ետք Յունուար 28, 1919-ին: Ռոստոմ բծաւոր տենդի հետեւանքով ունեցած է թոքերու յառջացած բորբոքում:
Հայ գաղթական ժողովուրդի սրտաճմլիկ կացութիւններու կողքին՝ անդին Պոլսոյ եւ օսմանեան պետութեան զանազան քաղաքներուն մէջ հայ բժիշկները, դեղագործները եւ ատամնաբուժները իրենց պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին, աքսո-րավայրերու, բանտերու կամ իրենց աշխատած հիւանդանոցներուն մէջ վարակուած են ժանտախտէ: Անոնցմէ շատերը պայքարելէ ետք մահացու ժանտախտի դէմ մահացած են եւ միացած են հայ ժողո-վուրդի նահատակներու փաղանգին: Իմ ուսումնասիրութիւններուս համաձայն՝ Պոլսոյ եւ գաւառներուն մէջ ցեղասպանութենէն առաջ գործած են 492 բժիշկ, դեղագործ եւ ատամնաբուժ: Ցեղասպա-նութեան ընթացքին ասոնցմէ նահատակուած են 316 բժիշկ, դե-ղագործ, ատամնաբոյժ, ժանտախտէ մահացած են 79 բժիշկ, դեղագործ եւ ատամնաբոյժ, եւ վերապրած են 97 բժիշկ, դեղագործ եւ ատամնաբոյժ: Ժանտախտէ մահացողները կազմած են 492 բժիշկ-ներուն, դհղագործներուն եւ ատամնաբոյժներուն 16 տոկոսը: Եթէ նկատի առնենք Ցեղասպանութենէն առաջ օսմանեան պետութեան մէջ ապրող հայերուն մօտաւոր թիւը 2 միլիոն, կրնանք ըսել, որ ժանտախտէ մահացած հայերուն թիւը պէտք էր ըլլար մօտաւո-րապէս 325 000:
Կարել՞ի է բախտատական մը ընել ներկայ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին պատահած համաճարակներուն միջեւ: Բախտատական մը ընելը բաւական դժուար է: Տարբեր պայմաններու մէջ եւ տարբեր յարուցիչներով պատահած համաճարակներ են: Սակայն պէտք է գիտակցինք, որ այսօր մենք դիմագրաւած ենք միայն պսակաձեւ ժահրի համա-ճարակը: Իսկ Ցեղասպանութեան օրերուն հայ գաղթական ժողո-վուրդը վարակիչ հիւանդութիւններու եւ համաճարակներու կողքին դիմագրաւած էր ոճրագործ թուրքին կողմէ ստեղծուած այլ տեսակ համաճարակներ, այսինքն՝ առողջապահական վատառողջ պայ-մաններ, ոջլոտութիւն, սով, ջրազրկում, անապահովութիւն, ստրկու-թիւն, սպանութիւն եւ մահ:
Ինչ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին բծա-ւոր տենդի դէմ թուրք բժիշկներուն կողմէ կատարուած փորձար-կութիւններու մասին կրնանք հաստատել հետեւեալ տեղեկութիւն-ները: Թուրք բժիշկներէն խմբակ մը մոռնալով բժշկութեան «Հիփոկ-րատի Ուխտ»-ը՝ բծաւոր տենդի հիւանդութեան շիճուկի առաջին օրինակները փորձարկած են հայերու վրայ: Առանց գիտական հիմնաւորումի անոնք կատարած են բժշկական փորձարկութիւններ հայ հիւանդներու վրայ: Անոնք առած են ժանտախտէ տառապող հիւանդներուն արիւնը եւ ներարկած են հայ հիւանդներուն, որոնք հետագային մահացած են: Բծավոր տենդի դէմ պատուաստանիւթ գտնելու նպատակով թուրք բժիշկները հիւանդանոցներու մէջ փոր-ձեր կատարած են հայ զինուորներու վրայ, որոնցմէ շատերը մահա-ցան են։ Անոնք հայերը գործածած են որպէս փորձառական կենդա-նիներ եւ Հայ հիւանդներուն ներարկած են բծաւոր տենդով վա-րակուած արիւն։ Ուրիշներ մահաբեր պատուաստի ներարկման հրաման տուած են իրենց գործընկեր օսմանցի բժիշկներուն:
Այս ոճրագործ Թուրք բժիշկներէն եղած են՝
- Պահաէտտին Շաքիր. Ան եղած է օսմանեան պետութեան դա-տական բժշկութեան եւ բժշկական բարոյագիտութեան փրոֆեսէօր: Վարած է Պոլսոյ բժշկական դպրոցին բարոյագիտութեան բաժան-մունքին բժշկապետութիւնը: Եղած է ուսուցիչ կայսերական բժշկա-կան վարժարանին մէջ, «Իթթիհատ»ի կեդրոնական վարչութեան ղեկավարներէն մէկը, անդամ՝ հայկական տեղահանութեան եւ ջար-դերու մասնաւոր յանձնախումբին, եւ ընդհանուր հրամանատարը ու պատասխանատուն բոլոր սպանութիւններուն Հայկական Ցեղաս-պանութեան ընթացքին: Ան typhus հիւանդութեան շիճուկի առաջին օրինակները փորձարկած է հայերու վրայ:
- Թեւֆիք Սալիմ. Ան եղած է հիւանդանոցային բժշկութեան փրո-ֆէսէօր, դասախօս կայսերական վարժարանին մէջ եւ բժշկապետ օսմանեան Գ. զօրաբաժնին: Իր հրամանով բծաւոր տենդի (typhus) դէմ պատուաստանիւթ գտնելու նպատակով Երզնկայի կեդրոնական հիվանդանոցին մէջ փորձեր կատարուած են հայ զինուորներու վրայ, որոնցմէ շատերը մահացած են։ Ան նաեւ մահաբեր պատ-ուաստի ներարկման հրաման տուած է:
- Սուլէյման Նեման. Ան Թուրքիոյ զինուորական առողջապահու-թեան կազմակերպիչը եղած է: Ան մասնակցած է Հայերու վրայ բծաւոր տենդի հիւանդութեան շիճուկի փորձարկութիւններուն:
- Համտի Սուատ. Ան վկայուած է Միւնիխի բժշկական համա-լսարանէն եւ Պոլսոյ կայսերական վարժարանէն: Մասնագիտացած է ախտաբանութեան մէջ: Բծաւոր տենդի փորձարկութիւններու հեղինակ է: Ան հայերը գործածած է իբրեւ փորձառական կենդանի-ներ: Ան Հայ հիւանդներուն ներարկած է բծաւոր տենդով վարակուած արիւն։ Իրեն օգնած է Տոքթ. Թեւֆիք Սալիմ: Անոր փորձարկումները հաստատուած են Օսմանեան զինուած ուժերու համաճարակային գլխաւոր տեսուչ՝ Սուլէյման Նեմանի կողմէ։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ, Համտի Սուատը կը համարուի թրքական մանրէաբանութեան հիմ-նադիրը, եւ անոր անունով կոչուած է Պոլսոյ յիշատակի տունթան-գարանը։
- Մեհմէդ Թեֆին
- Համիտ Պէյ
Այս վերջին երկու թուրք բժիշկներն ալ բծաւոր տենդի հիւանդու-թեան շիճուկի առաջին օրինակները փորձարկած են հայերու վրայ:
Թրքական զինուորական դատավարութեան ընթացքին թուրք բժիշկներ՝ Տոքթ. Հայտար Քեմալ եւ Տոքթ. Սալահըտտին տուած են իրենց վկայութիւնները, ըսելով որ իրենք անձնապէս ականատես եղած են այս անմարդկային եւ բժշկականօրէն անընդունելի արարք-ներուն: Տոքթ. Հայտար Քեմալ Դեկտեմբեր 23, 1918-ին բաց նամակ մը գրած է Թուրքիոյ Ներքին նախարարութեան ըսելով հետեւեալը.-
«Հայոց վրայ գիտական վայրագութիւններ կատարուած են Երզնկայի մէջ 1915-ի Դեկտեմբերին։ Այդ թուականին Երզնկայի Գ. բանակի բժշկապետ Թէվֆիք Սալիմի հրամանով թիֆիւսէ վա-րակուած հիւանդներէն առնուած արիւնը առանց անգործուն դարձնելու (inactivate) կը ներարկուէր անմեղ հայերու եւ կը խաբէին զանոնք որպէս թէ ներարկուածը թիւֆիւսը դարմանող դեղ է, բայց եւ այնպէս անոնք կը մահանային այս փորձարկութիւններէն: Այս փորձարկութիւնները բժշկականօրէն պէտք էր կատարուէին միայն փորձառական կենդանիներու վրայ: Այս փորձարկութիւնները կա-տարողը Տոքթ. Համտի Սուատ թրքական զինուորական բժշկական թերթին մէջ գրած էր թէ ինք այս փորձարկութիւնները կ՚ընէր սպանՆուելու դատապարտուածներու վրայ, սակայն ես կը վկայեմ որ փորձարկուողներուն միակ յանցանքը հայ ըլլալն էր: Այս փորձար-կութիւններու մօտէն տեղեակ են այդ օրերու Երզնկայի կեդրո-նական հիւանդանոցի բժշկապետ՝ Տոքթ. Րէֆէթ Պէյ ինչպէս նաեւ Երզնկայի Կարմիր մահիկի բժշկապետ՝ Տոքթ. Սալահէտտին Պէյ»:
Յաջորդ օրն իսկ Տոքթ. Սալահէտտին կարդալով վերոյիշեալ բաց նամակը կը հաստատէ, նոյն թերթին մէջ, որ ինք տեղեակ եղած է այդ դէպքերուն եւ այդ դէպքերը մարդկութեան եւ բժշկութեան համար ամօթալի կը նկատէ, ինչպէս նաեւ անոնք արատաւորած են թուրք բժշկութիւնը: Ան կը վկայէ նաեւ որ Երզնկա ապաստանող հայերը ոչխարներու նման կեդրոնական հիւանդանոց կը ղրկուէին, որոնց վրայ մանրէաբանութեան փորձարկութիւններ կը կատարուէին, փորձարկութիւններ որոնք միայն հնդկախոզի եւ ճագարի վրայ կը կատարուէին:
Աղբիւրներ՝
- Armenian Studies. The University of South Florida Libraries.
- Ambassader Henry Morgenthau’s memories from Armenian Genocide.
- Armenians and Turks, A land of death, Tatoul Hakopian, Ani Armenian research center, August 25, 2017.
- Kifnee, John, Armenian Genocide of 1915, An Overview, the New York times.
- Melanie-Schulze-Tanielian, Disease and public health (Ottoman Em-pire/Middle east) International encyclopedia of the first world war.
- Milton Korvitz, Judgment unto Truth, witnessing the Armenian Ge-nocide, N.Y., 1990.
- Shirinian, N. George, Starvation and Genocide, Starvation and it’s political use in the Armenian Genocide, Genocide studies International, December 11, 2017.
- Vahakn N. Dadrian, Children as victims of genocide, the Armenian case, Journal of genocide research 5, no. 3. September 2003
- Vahakn N. Dadrian, The role of Turkish physicians in the world war I genocide of Ottoman Armenians, holocaust and genocide studies, vol. 1, No. 2, 1986
- Verjin Svazlian,The Armenian genocide, testimonies of the eyewitness survivors, Yerevan, 2011
- United States Holocaust Memorial Museum, Washington, Dc.,The Armenian Genocide (1915-1916) In Debth.
- Zorian Institute, Symposium, Forced starvation as a political tool from the 19 -21 century, The irish famine5 the Armenian genocide, the Ukrain Helodomor…., October 22, 2015.
- Ազդակ օրաթերթ, 85-ամեակ, ութսունհինգ տարիներու ծառա-յութեան ընդմէջէն, փետրուար 29, 2012.
- Անտոնեան, Արամ, Մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդը, Պոլիս, 1924, վերահրատարակուած Պէյրութ 1978.
- Անտոնեան, Արամ, Մեծ ոճիրը, Պոսթըն, 1921.
- Անտոնեան, Արամ, Այն սեւ օրերուն, վերահրատարակուած Պէյրութ, 1985
- Հայկազուն Եափուճեան, տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ, Պէյրութ, երկրորդ տպագրութիւն, 2015
- Հայկական հանրագիտարան, Մեծ Եղեռն.
- Հայոց Ցեղասպանութիւնը լուսանկարներում, Համահայկական ցանց, Ապրիլ 24, 2017.
- Ճէյքըպսըն Մարիա, օրագրութիւն, (1907-1919»Խարբերդ, թարգ. Ներսէս եպիսկոպոս Բախտիկեան, Անթիլիաս, 1979
- Republic.mediamax, Տիֆը սպանում է Ռոստոմին եւ Արամին, Յունուար 29, 2019.
- (*) Տէրունեան, Կարօ, Դիմատետր, անձնական տեղեկութիւններ, Պէյրութ Լիբանան.
yerakouyn.com/2020/05/14/համաճարակները-սովը-եւ-բծաւոր-տենդի-typhus/