Նախարար Զոհրաբ Մնացականեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը Հիմնուած Է Փոխզիջման Սկզբունքին Վրայ»
14 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան առցանց տեղի ունեցած ԱՊՀ նախարարական համաժողովի նիստին բացումը կատարելով` յայտնեց, որ Ղարաբաղեան տագնապին լուծումը հիմնուած է փոխզիջման սկզբունքին վրայ: «Ատիկա կը նշանակէ նաեւ կողմերէն ոեւէ մէկուն առաւելապաշտական դիրքերու մերժում եւ համադրում այն պարտաւորութիւններուն, զորս կողմերը կը ստանձնեն հաւասարակշռուած ամուր փոխզիջման համար»: Նախարար Զոհրաբ Մնացականեան աւելցուց, որ այդ մօտեցումով ալ պիտի շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման հասնելու մտադրութեամբ աշխատանքը համապատասխան շրջանակներու մէջ:
«Ես մտադիր չեմ երկար խօսիլ այս նիւթին մասին, մենք կը շարունակենք աշխուժօրէն աշխատիլ այդ ձեւաչափով: Խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի, մենք նպատակ ունինք շարունակել գործնական աշխատանքը, երկու տարի շարունակ իրականացուցած ենք այդ գործնական աշխատանքը եւ մտադիր ենք հետագային եւս նոյնը ընել: Ուժի կիրարկումը եւ սպառնալիքները մերժելի են»:
Իր խօսքին մէջ նախարարը հաստատեց, որ նիստին համաձայնեցուած հարցերուն շուրջ Հայաստան առարկութիւն չունի եւ պատրաստ է աջակցելու անոնց: Նախարարը դիտել տուաւ, որ առաջարկուած հարցերու ցանկը, տեսականօրէն, կարելի է բաժնել երկու խումբի:
Առաջին խումբին կը պատկանին այն հարցերը, որոնց վրայ նուազ ազդեցութիւն ունի «Քորոնա» ժահրի պատճառով ստեղծուած վիճակը, որոնց կարգին է, օրինակ, «Մշակութային մայրաքաղաքը» հետաքրքրական նախագիծը, որուն իրագործման իրաւունքը 2022-ին պիտի փոխանցուի ղրղզական Քարաքոլ քաղաքին: Այդ շարքին են նաեւ այն համաձայնագիրներու նախագիծերը, որոնք շահագրգիռ պետութիւններու ձեւաչափով պիտի կարգաւորեն պաշտպանական նախարարութիւններու փոխգործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ:
Օրակարգի հարցերու երկրորդ խումբին մէջ Մնացականեան նկատի ունեցաւ այն հարցերը, որոնց լուծման համար ակնյայտօրէն ստիպուած են նկատի առնել համավարակի գործօնը: Անոնց կարգին են միջազգային երիտասարդական համագործակցութեան, մարմնակրթութիւնը, զբօսաշրջութեան, ցանցային համալսարանի եւ մշակոյթի մարզին մէջ համագործակցութեան հիմնական ձեռնարկներուն վերաբերող համագործակցային ռազմավարութիւնները:
Այս բարդ շրջանին ան կարեւոր նկատեց պետութիւններու համաձայնեցուած գործողութիւնները, նաեւ` «Քորոնա» համաճարակի կանխարգիլման միջոցառումներու համակարգման մէջ:
www.aztagdaily.com/archives/472778