Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Բարելաւել Լիբանանեան-Սուրիական Յարաբերութիւնները»
14 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որ նուիրուած էր Հըզպալլայի պատասխանատուներէն սէյիտ Մուսթաֆա Պատրէտտինի նահատակութեան Ա. տարելիցին:
Ան նշեց, որ Պատրէտտին քաջ էր եւ բարձր տրամադրութեան տէր, ինչ որ զինք մղած էր տոկալու, դիմանալու, մտածելու, որոշումներ տալու եւ աշխատանքը շարունակելու:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ապօրինի անցքերուն` հաստատելով, որ ոչ ոք կրնայ ուրանալ, թէ մաքսանենգում կայ ապօրինի այդ անցքերէն, որոնք կը գտնուին Լիբանան-Սուրիա սահմանի ամբողջ երկայնքին:
«Այս իմաստով բոլոր ձայները կը բարձրանան Լիբանան-Սուրիա կատարուող մաքսանենգումը կասեցնելու կարեւորութեան ուղղութեամբ: Անշուշտ մենք չենք ակնարկեր Լիբանանէն Սուրիա մեկնող Դիմադրութեան մարտիկներուն ու փոխադրուող զէնքին, որովհետեւ անիկա առանձին նիւթ է: Դէպի Սուրիա մաքսանենգումը կասեցնելու իմաստով լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները, կառավարութիւնը եւ լիբանանցիները պէտք է իմանան, որ այս հարցը առանձինն կարելի չէ լուծել, այլ` պէտք է Սուրիոյ հետ գործակցաբար կատարել այս մէկը:
Այսինքն` լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն, բանակներուն եւ երկու երկիրներուն ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւն պէտք է ըլլայ: Այլապէս Լիբանանի կառավարութիւնը, լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը առանձինն չեն կրնար լուծել այս հարցը: Իսկ «եթէ Լիբանանի պետութիւնը անկարող է այս հարցը լուծել, ապա այդ հարցը պէտք է վստահիլ ՄԱԿ-ին» արտայայտութիւնը ունեցողներուն հարց կու տանք. ի՞նչ ՄԱԿ-ի մասին է խօսքը: Այդ արտայայտութիւնները ուղղակիօրէն կ՛անդրադառնան 2006-ին Լիբանանի դէմ սանձազերծուած իսրայէլեան-ամերիկեան պատերազմին նպատակներէն մէկուն:
Նպատակ մը, որուն յաջողութիւնը կարելի չեղաւ ապահովել Լիբանանին դէմ մղուած յուլիսեան պատերազմին ընթացքին:
Օրին միջազգային ամբողջ ճնշումը այն էր, որ այս նպատակը իրագործուի, իսկ նպատակն էր Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմաններուն վրայ միջազգային ուժեր տեղակայել: Այս մէկը բացարձակապէս մերժելի է, եւ ոչ մէկ կապ ունի տնտեսութեան հետ:
Այդ անցքերուն հարցը լուծելու տրամաբանական եւ իմաստուն ձեւերէն մէկը լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններուն բարելաւումն է, որուն իբրեւ արդիւնք կը բացուին սահմաններն ու անցքերը, եւ Լիբանան կարելիութիւն կ՛ունենայ իր ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզի արտադրութիւնները արտածել, համաձայնիլ մաքսանենգումի կասեցման շուրջ: Կը հաստատենք, որ Սուրիա պատրաստ է այս իմաստով Լիբանանին հետ գործակցելու:
Լիբանան-Սուրիա երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու նախաքայլի յետաձգումը կամ արգելակումը կամ յապաղումը լիբանանեան կողմէ կը կատարուի», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ եթէ Լիբանան պիտի շարունակէ կարգ մը մթնոլորտներ նկատի ունենալ եւ պահել, ապա ան պիտի ուղղուի դէպի քայքայում, քանդում, սով եւ լիբանանցիներուն մեծամասնութեան աղքատութիւն:
Ան հաստատեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին շահերուն մասին մտածողը պէտք է միջազգային եւ շրջանային հանգամանքները շրջանցէ, որովհետեւ անոնք լիբանանցիներուն հաց չեն կրնար ապահովել: «Պէտք է ատելութիւններն ու ոխերը շրջանցել», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:
aztagdaily.com/archives/472760