
Փոմփէօ Թեհրանը Կ՛ամբաստանէ «Քորոնա»-ի Պայմաններուն Մէջ Իր Ներուժը «Սարսափի Տարածման» Համար Օգտագործելու Մէջ
14 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ այցելեց Իսրայէլ, ուր վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումէն առաջ Իրանը ամբաստանեց իր ներուժը «սարսափի տարածման» մէջ օգտագործելու յանցանքով` այնպիսի պահու մը, երբ իր ժողովուրդը առողջապահական ու տնտեսական քանդիչ տագնապէ կը տառապի:
«Իրանցիները այաթոլլայի վարչակարգի ներուժը կ՛օգտագործեն աշխարհի բոլոր կողմերը սարսափ յառաջացնելու համար` նոյնիսկ այս համաճարակին ընթացքին եւ այն պահուն, երբ իրանցի ժողովուրդը ուժեղ կերպով կը պայքարի: Ասիկա այդ երկիրը ղեկավարողներուն մասին շատ բան ցոյց կու տայ»:

aztagdaily.com/archives/472799





