ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Եթէ ծնուել ենք այս հողագնդի վրայ, ուրեմն տիեզերքում յաղթել ենք եւ արդէն իսկ դրախտում ենք
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Եթէ ծնուել ենք այս հողագնդի վրայ, ուրեմն տիեզերքում յաղթել ենք եւ արդէն իսկ դրախտում ենք»
12 Մայիս 2020
Բարի լոյս՝ ՄԱՐԴ ըլլալու ԿՈՉՈՒՄԻՆ եւ ԱՐԺԷՔԻՆ ամենայն պարզութեամբ ու խորութեամբ գիտակցող ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԵԿԵՐՏՈՒԱԾՔԻՆ, որուն երաժշտական շնչաւորումին եւ դաշնաւորումին անվիճելի վարպետներէն է ԷԴՈՒԱՐԴ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ։
Մայիս 12ի այս օրը մեր ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը երգահանի, խմբավարի եւ մանկավարժի մեծարժէք վաստակով հայոց ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ պանթէոնին միացած Է․ Միրզոյեանին, որուն սենեկային երաժշտութեան գործերը, խմբերգները, ռոմանսները, մանկական օպերային պատկերներն եւ երգերը, այլեւ հայկական շարժանկարի դասականներուն համար իր մշակած երաժշտական արարումները, աւելի քան կէս դար, գեղարուեստական սնունդ հասցուցին հայ երգին ու երաժշտութեան ծարաւ հոգիներուն։
Բարի լոյս՝ իր ստեղծած գործերուն մէջ սեփական ՀՈԳԻՆ դնելու եւ աշխարհին բաշխելու ՎԵՀԱՆՁՆՈՒԹԵԱՄԲ ստեղծագործած ԽՈՀՈՒՆ ՎԱՐՊԵՏԻՆ, որու կեանքին ու ժառանգութեան մասին հակիրճ անդրադարձ կատարուած է Յուշատետրով։
Էդուարդ Միրզոյեանի ծնունդը նշելով համավարակի եւ համընդհանուր մղձաւանջի այսօրուան պայմաններուն մէջ՝ վարպետի երաժշտութեամբ մեր օրը գեղեցկացնելու վայելքէն անդին, անպայման կ՚արժէ մեր միտքն ու հոգին լեցնել Տիեզերքին ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ ՄԱՐԴՈՒՆ նկատմամբ Է․Միրզոյեանի խոհական հաւատքով՝ միանգամայն ՊԱՏԳԱՄՈՎ․-
«Ես չգիտեմ, թէ ի՛նչ է դժոխքը, բայց գիտեմ, թէ ի՛նչ է դրախտը: Ես մտածում եմ այն մարդու մասին, որ ծնւում է այս երկրագնդում: Նա ծնւում է պայքարի միջոցով․ պայքարում է` ծնւում է, որովհետեւ յաղթում է: Եթէ չպայքարէր, չյաղթէր, չէր ծնուի:
«Ես մտածում եմ, որ եթէ ծնուել ենք այս հողագնդի վրայ, ուրեմն տիեզերքում յաղթել ենք եւ արդէն իսկ դրախտում ենք: Բնութիւնը դրախտ է: Այս իմաստով, եթէ ծնուեցիր, օգտուիր այդ դրախտից»:
Բարի լոյս՝ Կեանքին եւ Ժամանակին յաղթելո՛ւ, ապրելո՛ւ եւ անմահանալո՛ւ ինքնավստահութեամբ ու ինքնաբաւութեամբ նայող ու արարող Հայկեան Տաղանդին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ