Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայ Ժողովուրդի Դէմ Յանցագործութիւնները Պէտք Չէ Մոռցուին․ ԵՄ

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար Անտրէա Վիքթորին

Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայ Ժողովուրդի Դէմ Յանցագործութիւնները Պէտք Չէ Մոռցուին․ ԵՄ

15 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Եւրոմիութիւնը հետեւողականօրէն իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ցեղասպանութիւնը կանխելու ձեռնարկներուն եւ կ՛ոգեկոչէ այն ժողովուրդներու զոհերու յիշատակը, որոնք այս ճակատագրին արժանացած են: Այս մասին Մայիս 14-ին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար Անտրէա Վիքթորին:

«Անցեալը պէտք չէ մոռացուի, քանի որ արժանապատիւ ապագայ հնարաւոր է միայն անցեալի «մութ կողմերը» ընդունելու պարագային:

Ամէն տարի Ապրիլին մենք կը միանանք ձեռնարկներուն` ի յիշատակ հայերու դէմ իրականացուած ոճրագործութեան զոհերուն: Անհրաժեշտ է բացառել այն դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի քան մէկ դար առաջ: Հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած յանցագործութիւնները պէտք չէ մոռցուին»,- «Նիուզ»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է ան:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895
GENOCIDE ARMENIAN -turc15-1895 erzurum-victims – Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, today Turkey

yerakouyn.com/2020/05/15/օսմանեան-կայսրութեան-մէջ-հայ-ժողովու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail