Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Մայրենիին Նահատակութեան Արմատները – Մայրենիին Նահատակութեան Արմատները – Ա. Նախ՝ Ընդհանուր Նշումներ

Մայրենիին Նահատակութեան Արմատները – Մշակոյթը ուր, Դուք Ուր,,,,

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Մայրենիին Նահատակութեան Արմատները – Մայրենիին Նահատակութեան Արմատները – Ա. Նախ՝ Ընդհանուր Նշումներ

15 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Մայրենիին Նահատակութեան Արմատները – փնտռել Հայաստանի Հանրապետութեան Մայրաքաղաք Երեւանի փողոցներու մէջ, Հայ-Կեավուրներու մօտ, Սիրայօժար Մայրենի լեզուն ոտնակոխողներու մօտ, Հայ մտաւորականներու մօտ որ մինչեւ օրս լուծում մը չի գտան Մայրենի լեզուի ջախջախուելուն, դիտողի թեր առնելով: ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ Լրատուական կայք:

Ս. Մահսէրէճեան

Պսակաւոր ժահրը, աշխարհին ու մարդկութեան իր բերած բազում պատուհասներուն կողքին, Հայաստանի մէջ նոր թափ տուաւ հին «համաճարակ»ի մը, որ կը կոչուի… օտարաբանութիւն:

Այս ախտին մասին բազմաթիւ ահազանգեր կը հնչեն տարիներէ ի վեր, սակայն բոլոր նշումները, կոչերն ու յորդորները հանդիպած են փակ ականջներու: Եւ ահա՛, նորագոյն համաճարակը այս ախտին նոր «նուաճումներու» հող տրամադրեց մեր մայր հայրենիքին մէջ. հետեւողականօրէն գործածուող հազարաւոր օտար բառերու կողքին՝ հրապարակ եկած են քանի մը տասնեակ նորեր (անոնք շատ աւելի քիչ համեմատութեամբ կը գործածուէին անցեալին): Արձանագրենք մէկ քանին (ըստ կարելւոյն կը պահենք աբեղեանական ուղղագրութիւնը: Իմաստները կռահելը դժուար չէ, իսկ համապատասխան հայերէն եզրերն ալ, կը կարծենք, պէտք չունինք արձանագրելու անոնց կողքին).

Տեստաւորել, պացիենտ, պանտեմիա, հոսպիտալացում, կլինիկա, ինֆիլտրատիվ, լապորատորիա, (արտակարգ դրութեան) ռեժիմ, (առաջին) պլան, ֆերմեր, ռիսկային (խմբակ), (տնտեսական) ռեցեսիա, ռեսուրս: Եւ տակաւին շատ ու շատ բառեր…

Այս ու յաջորդ սիւնակներով, պիտի փորձենք անգամ մը եւս ահազանգ հնչեցնել, արձագանգ ըլլալ բազում կոչերուն եւ յորդորներուն(*): Յոյս ունի՞նք, որ այս հպանցիկ ակնարկը արժանի պիտի ըլլայ հասնելու պէտք եղած ականջներուն, քան նախընթացները: «Փանտորայի Տուփ»ին տակ մնացած ՅՈՅՍը չենք ուզեր արհամարհել…:

ԶՏԱՐԻՒՆՆ ՈՒ ԽԱՌՆԱԾԻՆԸ

Ինչպէս նկատելի է, վերոյիշեալ բառերուն մէկ մասը զտարիւն օտարաբանութիւն է, իսկ միւսները խառնածին են (միայն խառնածին մանո՞ւկ կ’ըլլայ…): Ասոնք օր աւուր սանձարձակօրէն կը գործածուին պետական ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն մինչեւ ստորադասին, դիւանագէտներու, մամուլի-պատկերասփիւռի ծառայողներու, մասնագէտներու, մեկնաբաններու, կուսակցական-քաղաքական գործիչներու, համալսարանի դասախօսներու, մտաւորականներու, մշակոյթի սպասարկուներու եւ, անշուշտ, հասարակ մահկանացուներու կողմէ: Ասիկա տեղի կ’ունենայ Արարատի աչքին տակ, Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին չորս բոլորը, ապա, պատկերասփիւռի, մամուլի եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներու ճամբով՝ կը ծորի դէպի սփիւռքեան մօտակայ եւ հեռաւոր ափեր: Այս «յաղթարշաւ»ին հետեւողը կը մտածէ, թէ Պսակաձեւ ժահրը օր մը ի վերջոյ պիտի նահանջէ ու պարտուի՝ շնորհիւ գիտութեան հնարքներուն, սակայն կ’ափսոսայ, որ մեր «լեզուախտ»ը իր տիրապետութիւնը պիտի տարածէ յամառօրէն, որովհետեւ պատասխանատուները կը յամառին մնալ… անպատասխանատու: Շատեր ի սկզբանէ որդեգրած են պարտուողական ընթացք, մտածելով, որ սա հինէն եկող ախտ է եւ կարելի չէ դարմանել, արմատախիլ ընել, ուրիշներ կը մտածեն, որ սա առաջնահերթ մտահոգութիւն չէ: Տակաւին, կայ այն «հանճարե՜ղ» մտածողութիւնը, որ նման բառերով հայերէնը կը զարգանայ, լեզուն քարացած բան չէ. ծնունդ առած են բառարաններ, ուր օտարաբանութիւնը կը վխտայ, մինչդեռ մեր լեզուն ունի դարերէ եկող՝ իր սեփական հարստութիւնը, որ կ’անտեսուի: Խուսափողական մօտեցումներու շարքը կրնանք երկարել, սակայն ատիկա իրականութենէն բան չի փոխեր:

ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Այսօրուան սիւնակներով, պիտի փորձենք լուսարձակ բերել այս «հնադարեան» ախտին մէկ քանի արմատներուն, պատճառներուն ու աղբիւրներուն վրայ: Սա գիտական մօտեցումով ուսումնասիրութիւն չէ: Նպատակ չունինք ոեւէ մէկը վիրաւորելու, իսկ եթէ ակամայ կամ գիտակցաբար ոեւէ մէկը վիրաւորենք, ներողութիւն պիտի չխնդրենք: Թող վիրաւորուող(ներ)ը պահ մը մտածեն, որ իրենք ամէ՛ն օր, ամէն վայրկեան ո՛չ միայն կը վիրաւորեն մայրենին, այլ զայն կը խողխողեն ու կը նահատակեն, յետոյ ալ կը խօսին ազգային անվտանգութեան նախադրեալներու մասին: Արդեօք լեզուի անվտանգութիւնը լուսնի կամ մոլորակներո՞ւ վրայ հետապնդելի առաքելութիւն է…

Որպէսզի չստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ մեղքին ծանրութիւնը կը բեռցնենք միայն հայրենի պետական այրերուն ու անոնց խնամքին ենթակայ՝ հասարակութեան տարբեր խաւերու ուսերուն, անմիջապէս նշենք, որ Սփիւռքի հայը ունի մեղքի ի՛ր բաժինները: Յակոբ Պարոնեան իր օրերուն եւ ի՛ր ոճով ձաղկած էր օտարաբանութեան դիմող «արդիականները»: Մեր օրերուն, արաբական երկիրներու թէ եւրոպական ու ամերիկեան ցանաքամասերու բնակիչ հայը, քիչ մը ամէն տեղ, օտարաբանութիւն կը խառնէ իր խօսակցութեան, սակայն պէտք է ընդունինք, որ ԳՐԱՒՈՐ արտայայտութեանց մէջ այս ախտը թէ՛ անցեալին եւ թէ հիմա նուազագոյն տեղը կը գտնէ (եղածն ալ մեծ չափով ներածուած… Հայաստանէն): Օտար լեզուներով խօսակցութիւնը, անոր հետզհետէ աւելի՛ առատ կիրարկումը անպայման որ մտահոգիչ իրականութիւն է եւ կը կազմէ ա՛յս իմաստով ազգային անվտանգութեան մետալին երկրորդ երեսը, սակայն կարելի չէ վիճիլ այն պարզ իրականութեան շուրջ, որ Հայաստանը մեր միջնաբերդն է, ամէնէն ամուր խրամատն ու յենարանը, որուն կը սեւեռին աշխարհացրիւ հայութեան ուշքն ու աչքերը-ականջները, հետեւաբար, Հայաստան կոչուած է տիրական փարոս դառնալու ողջ հայութեան համար, նա՛եւ լեզուի պահպանման, մաքրազտման եւ զարգացման իմաստով: Պետութեան հիմքը կազմող Սահամադրութիւնն ու անկէ բխող օրէնքները զիրենք կը դնեն միաժամանակ պարտաւորութիւն ունեցողի եւ իրաւունք պահանջողի դիրքերուն վրայ, պայմանաւ, որ անոնց տրամադրութիւնները գործադրութեան դրուին ԲՈԼՈՐԻՆ կողմէ: (Այս մասին աւելի ուշ):

ԱՆՑԵԱԼՆ ՈՒ ԵՐԷԿԸ

Նշեցինք, որ այս ախտը նորութիւն չէ մասնաւորաբար արեւելեան կողմն հայոց հայաշխարհի: Կրնանք երթալ մեր գրական-մշակութային Զարթօնքի առաջին օրերը, պտոյտի ելլել Աբովեանի, Պռօշեանի ու յաջորդներու գրական ժառանգութեան էջերուն (չերթանք մինչեւ Սայաթ Նովա կամ հայրէններու դարաշրջանը), տեսնելու համար, թէ օտարաբանութեան արմատները մինչեւ ո՛ւր կը հասնին: Աբովեանի եւ անմիջական հետնորդներու էջերուն՝ օտարաբանութիւնը բացատրութիւն ունի. միտումնաւոր էր. գիրն ու ընթերցումը այդ օրերուն սահմանափակ տարածք ունէին. ժողովուրդը կը խօսէր խառնարան մը. Աբովեան ի՛նք կը խոստովանի, թէ ժողովուրդին խօսած-հասկցած ձեւով գրած է (թէեւ լաւ հայերէն ու գրաբար ալ գիտէր), որովհետեւ գործնապէս հետեւած է մեր մեծագոյն ուսուցիչին՝ Մեսրոպ Մաշտոցի քայլերուն՝ հասկնալի ըլլալ ժողովուրդին: Սակայն ո՞վ կը վիճի, որ այդ օրերէն ասդին, գրաճանաչութիւնը, գրաւոր արտայայտութեանց տարածումը հսկայական յառաջխաղացք արձանագրած են: Կտրած ենք բազմաթիւ փուլեր, որոնց ընթացքին, հայերէնը ալիք-ալիք մաքրազտուած է, բառամթերքը զարգացում ապրած է, նոր եզրերով հարստացած, օտարինը հայերէնին պատշաճեցուած է հայկական բառարմատներով: Այսուամենայնիւ, մաքրազտումի փուլերը իրենց դիմաց գտած են նաեւ նահանջի մատնող ալիքներ, Վերջին օրինակներէն՝ խորհրդային տասնամեակներու հոսանքները: Այդ տարիներուն, ռուսախօսութիւնը, եւ ո՛չ միայն ռուսախառն, օտարախառն խօսքը «նորաձեւութիւն» էր, յստակ քաջալերանքի ալ կ’արժանանար, մինչեւ իսկ մաս կը կազմէր «վերէն» ճշդուած քաղաքականութեան: Հետքերը տեսանելի են մինչեւ օրս. Հազուադէպ չէ, որ պատկերասփիւռէն երեւցող մտաւորկան մը, զինուորական մը կամ պարզ քաղաքացիք ռուսերէն խօսին: (Վերէն ճշդուսծ «քաղաքականութեան» մէկ գիծն ալ՝ Աբեղեանական ուղղագրութիւնն է. այս սիւնակին մէջ պիտի չշօշափենք այդ աղէտը, որ նո՛յնքան յանցաւոր վերաբերմունքի մատնուած է հայրենի հողին վրայ):

Օտարաբանութեան «յաղթարշաւ»ը կը շարունակուի ի հեճուկս այն կոչերուն, ահազանգերուն եւ յորդորներուն, որոնք յաճախ կը հնչեն նաեւ սփիւռքեան տարբեր օճախներէ՝ Լիբանանէն մինչեւ Ֆրանսա, մինչեւ ամերիկեան ափեր՝ արեւելքով ու արեւմուտքով: (Ո՜վ է խօսողը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մասին): Մտահոգ գրչակից մը վերջին ամիսներուն համացանցի ճամբով հանրութեան, նա՛եւ հայրենի այրերուն ուշադրութեան յանձնեց շուրջ 1.200 օտար բառեր, որոնց համապատասխան եզրերը, յաճախ շատ աւելի կարճ ու արտայայտիչ, ունինք մեր լեզուին մէջ, պէտք չունինք բառերու մուրացկանութիւն ընելու: Յաճախ գիտական աշխարհի այս կամ այն նորութիւնը կ’արտայայտենք օտար եզրով, անտեսելով, որ… հայերէնի մէջ ունինք այդ բառին համապատասխան եզր մը, կամ՝ կրնանք գտնել, հնարել նոր բառ մը եւ հարստացնել մեր բառարանները: Ի վերջոյ, լեզուի մը զարգացումը… օտարէն մուրալո՞վ կ’ըլլայ:

Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ «ԴՐՍԵՑԻ»Ն

Այս ընդհանուր ակնարկին մէջ, չենք կրնար մոռնալ, որ մտահոգ անտեսուողն ու արհամարհուողը միայն «դրսեցի»ները չեն: Փաստօրէն, Հայաստանի մէջ կայ բարեկարգումի ձգտողներու բանակ մը, որ երախտաշատ աշխատանք կը կատարէ: Անցեալ տասնամեակներուն ալ յատուկ ճիգ տարուած է այս ոլորտին մէջ: Օրինակի համար, ուշ 60-ականներէն մինչեւ 80-ականներ, նա՛եւ անկախութեան վերականգնումէն ասդին, հայերէնի մաքրազտման եւ նոր եզրերու ստեղծման բազմաթիւ ալիքներ տարածուեցան, առանց սակայն իրականացնելու լիակատար ախտահանումը, ու վարակը վերստին դարձաւ տիրական, ինչպէս որ Պսակաձեւ ժահրը կը սպառնայ վերստին տարածուիլ՝ եթէ զգուշութեան միջոցները անտես թողուին: Կարծէք թէ ճիգ ընողը հսկայ ցունամիի մը դէմ կը թիավարէ… լոկ ափով: Այսօր, կայ Լեզուի Կոմիտէն, կան մտաւորականներ ու լեզուագէտներ, որոնք նա՛եւ գործնական միջոցները գտած են դարմանելու այս վարակը (Պսակաձեւ ժահրէն աւելի՛ դիւրութեամբ բուժելի, առանց դեղի ու պատուաստի…): Սակայն եկուր-տե՛ս, որ անո՛նք եւս կը դիմագրաւեն խուլ ականջներ՝ վերէն մինչեւ վար. աւելի՛ն, կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ եւ սովորամոլութեամբ՝ տուրք կը վճարեն այս աղէտին, կը սատարեն անոր գոյատեւման: (Արդարացում չունին այն սնանկները, որոնք կը պատճառաբանեն, թէ մաքուր հայերէն գրող-խօսողը չի հասկցուիր ժողովուրդէն: Սա արդէն ուրիշ աղէտ մըն է):

Յաջորդ սիւնակներով, եւ հիմաւորելու համար մեր այս հաստատումները, պիտի որդեգրենք ծփացող սառցալեռներուն ընտրովի գագաթները ցոյց տուողի մօտեցում. «խաղող ուտելու, եւ ո՛չ անպայման պարտէզպան ծեծելու» տրամաբանութեամբ, արագ քաղուածքներ պիտի կատարենք նախ՝ Հայաստանի Սահմանադրութենէն ու Լեզուի մասին օրէնքէն, ապա՝ Լեզուի Կոմիտէի կայքէջի արձանագրութիւններէն, ցոյց տալու համար, թէ վարակին արմատները նաեւ ո՛ւր պէտք է փնտռենք: Եթէ կարգ մը «պարտէզպաններ» ցաւցնենք, թող անոնք վստահ ըլլան, որ մենք աւելի՛ կը ցաւինք, իսկ ամէնէն մեծ տառապողը Օշականի մէջ հանգչող Սուրբն է: Պիտի չդիմենք նաեւ հայհոյանքի, որովհետեւ, ինչպէս Պարոնեան ըսած է, «հայհոյանքը փաստի սով է», իսկ մենք պիտի խօսինք աղաղակող փաստերով: Պիտի չմտնենք բանաւոր ու գրաւոր մամուլի, համացանցի այլ միջոցներու դաշտը, որովհետեւ հոն մտնելը կրնայ սկիզբ ունենալ, բայց վերջ չունի…:

(*) Այս սիւնակները կարդացողը հաւանաբար ունենայ այն մտածումը, որ «հիմա ասանկ հարցեր արծարծելու ատե՞նն է. կան քաղաքական, ապահովութեան, տնտեսական-ընկերային շատ աւելի սուր հարցեր, Հայաստանի քաղաքական կեանքին ներգրաւուածները կրնան նախապատիւ չգտնել այս տագնապն ու անոր դարմանումին մասին մտածելը, գործի լծուիլը»: Կը հաւատանք, որ բոլոր հարցերուն չափ կարեւոր ու առաջնային է այս ախտին դիմակայումն ու դարմանումի ձեռնարկելը:

Մայրենիին Նահատակութեան Արմատները – փնտռել Հայաստանի Հանրապետութեան Մայրաքաղաք Երեւանի փողոցներու մէջ, Հայ-Կեավուրներու մօտ, Սիրայօժար Մայրենի լեզուն ոտնակոխողներու մօտ, Հայ մտաւորականներու մօտ որ մինչեւ օրս լուծում մը չի գտան Մայրենի լեզուի ջախջախուելուն, դիտողի թեր առնելով: ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ Լրատուական կայք:

Մշակոյթը ուր, Դուք Ուր:

yerakouyn.com/2020/05/15/մայրենիին-նահատակութեան-արմատները/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail