
21 դեկտեմբեր 2015
Սագօ Արեան
(«Ժամանակ» Պոլիս)
Սուրիական տագնապի շուրջ ընթացող խմորումներու ծիրին մէջ երէկ կարեւոր համարուած ժողով մը գոյացաւ Նիւ Եորքի մէջ: Ժողովին ունեցած արդիւնքներէն բացի պէտք է շեշտադրել երկու հիմնական կէտեր:
ա. Մոսկուայի մասնակցութիւնը սոյն ժողովին:
բ. Ամերիկեան կողմին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրը ներկայիս մէկ կողմ դնելու եւ տագնապին միւս երեսները քննարկելու նոր ձեւաչափ մը :
Անցնող շաբթուան ընթացքին կատարուած խմորումներուն արդիւնքով, Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սէրկէյ Լավրով մասնակցեցաւ Նիւ Եորքի նիստին: Ու երեւելի է նաեւ, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա առնուազն այս հանգրուանին կը փորձեն նոյն լեզուով խօսիլ: Այսինքն տագնապը փոխադրել նոր հանգրուան մը եւ միջազգային ու շրջանային ԻՇԻՊ-ի դէմ ստեղծուած դաշինքի ուժերը լարել եւ «մահացու» հարուած տալ այդ ահաբեկչական խմբաւորման: Ներ- սուրիական գետնի վրայ այս հանգրուանին շատ կը խօսուի հրադադարի մը մասին: Այսինքն կրակմար յայտարարել այն շրջաններուն մէջ, ուր Սուրիոյ բանակը բախումներ կ’ունենայ համեմատաբար աւելի նուազ րատիքալ եւ «ոչ ահաբեկչական» համարուած խմբաւորումներուն դէմ: Ոչ ահաբեկչական ըսելաոճը կը մտնէ համեմատութիւնիւններու կռուադաշտին մէջ, որովհետեւ մինչ «Ալ Նըսրա» ճակատը Քաթարին համար «յեղափոխական» ընդդիմութեան ներկայացուցիչ է, անդին նոյն խմբաւորումը Իրանի եւ անոր հաւատարիմ ուժին՝ «Հըզպալլա» ին համար «Ալ Նըսրա»ն ԻՇԻՊ-ին համազօր մարմինն է: Նոյնը կարելի է ըսել «Ահրար Ալ Շամ» խմբաւորման մասին, որ կը վայելէ Րիատի նեցուկը եւ անոր դէմ Սուրիոյ ազգային բանակը թէժ մարտեր կը մղէ Դամասկոսի գիւղական հատուածներուն մէջ: Ուրեմն յառաջիկայ հանգրուանը պիտի ըլլայ ընդդիմութիւնը «զտելու» եւ անոր ահաբեկիչ ու ոչ ահաբեկիչ տարրերը իրարմէ զատորոշելու հանգրուանը:
Զինուորական գետնի վրայ Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ իր յառաջխաղացքը երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ: Այս առումով բանակին համար կարեւորագոյն նուաճում կը համարուի Դամասկոսի Ղութա շրջանին մէջ գտնուող «Մարժ Ալ Սըլթան » զինուորական օդակայանին տիրապետումը: Նշեմ, որ օդակայանը 3 տարիէի ի վեր կը գտնուէր ընդդիմադիր զինեալներու տիրապետութեան տակ:
Ծանրագոյն մարտեր կը մղուին նաեւ Քեսապ հայկական հայաւանէն շուրջ 25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող անտառային հատուածներուն մէջ, ուր բանակը ռուսական օդուժին նեցուկով ծանր հարուածներ կը հասցընէ իսլամական խմբաւորումներուն: Երեւելի է նաեւ, որ Մոսկուա եւ Դամասկոսի հիմնական թիրախը միայն ԻՇԻՊ-ը չէ: Իրենց կարգին Ֆրանսա, Անգլիա եւ ԱՄՆ կը շարունակեն հարուածել ԻՇԻՊ-ի դիրքերը բայց եւ այնպէս այս կազմակերպութեան վերացումը կամ թուլացումը երեւելի չէ պարզ անոր համար, որ գետնի վրայ տարբեր կառոյցներ եւ նոյնիսկ գետնուղիներ փորած ԻՇԻՊ կը տիրապետէ խաղի հիմնական կանոններուն եւ թաքնուելու մ ռազմավարութամբ եւ տարբեր ճակատներ հրահրելու իր հնարաւորութիւններով կրցած է հաշտուիլ իրավիճակներուն հետ: Այս բոլորէն զատ Սուրիոյ բանակին համար հիմնական նպատակ է Լաթաքիոյ ճանապարհով ապահովել Թուրքիա- Սուրիա սահմանային հատուածին անվտանգութիւնը եւ ամէն գնով փակել իսլամիստներուն ճանապարհը: Ճիշդն ասած, քիչ չէին այն կողմերը, որ Ռուսիոյ միջամտութեան առաջին օրերուն մեծ եւ արագ արդիւնքներ կը սպասէին: Այսօր եթէ յայտնի է, որ Սուրիան ռուսական զօրքին համար Վիէթնամ մը ըլլալու հանգամանքները չունի, սակայն նոյն առումով երեւելի է, որ ռուսական ուժերուն գործը այդքան ալ դիւրին չէ: Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել ռուսական բանակին այս զինուորական գործողութիւններուն մասնակցելու պայմանաւորուածութեամբ աւելցած տնտեսական բեռը: Սուրիոյ մէջ Ռուսական կործանիչներու ամէնօրեայ ծախսը կը հասնի 4 Միլիոն ամերիկեան տոլարի մինչ անցնող 30 Սեպտեմբերին սկիզբ առած հարուածներուն համար ծախսուած է շուրջ 125 միլիոն ամերիկեան Տոլար: Այս թիւը մեծագոյն կարեւորութիւն կրնայ չներկայացնել Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ամէնամեայ պիւտժէի վրայ , որ տարեկան կտրուածքով կը հասնի 50 Պիլիոն Տոլարի, սակայն պէտք է նաեւ նկատի առնել, որ զինուորական գործողութիւններու երկարատեւ ըլլալը կրնայ վնասել Ռուսիոյ բանակի ազդեցիկ ըլլալու ընդհանուր տպաւորութեան: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը թուի ներքին առումներով քաղաքական հարցերու առջեւ չէ այլ ընդհակառակը ան այս հարուածներով, ոչ միայն յաջողեցաւ բարձրացնել իր երկրի զինուորական հեղինակութեան արժէչափերը այլ նոյնպպէս դարձաւ համաժողովրդային առաջնորդ:
Ինչ կը վեաբերի Թուրքիա- Ռուսական «փափուկ» հակամարտութեան երեւելի է նաեւ, որ այս լարուած իրավիճակը անպայման պիտի հարթուի, որովհետեւ տսնտեսական առումով Ռուսիան կրնայ յայտնուիլ տուժողի դերին մէջ, եթէ ըսենք չեղեալ համարէ Թուրքիոյ հետ կնքուած կազային համաձայնագիրը: Բացի ատկէ կարեւոր է հասնկալ , որ ո՛չ Մոսկուային եւ ո՛չ ալ Անգարային համար նպաստաւոր է նոր լուրջ ճակատումի մը երթալ: Նոյն պարունակին մէջ հնարաւոր է, որ երկու կողմերը տարբեր ձեւաչափի փոքր հակամարտութիւններ ունենալ այլ խաղադաշտերու մէջ ինչպիսին են Սուրիան, Իրաքը, Կիպրոսը, Ուքրանիան եւ նոյնիսկ … Հայաստանը:
Ծանր լարումներու հանգրուանը կը մնայ մեր ետին ու տնտեսական պատիժներու կամ փոխ պատիժներու այս հանգրուանը կը պատրաստէ հասկացողութիւններու նոր հանգրուան մը, պայմանաւ, որ կարգաւորման փուլ մտնէ Սուրիոյ տագնապը:
Այս ընդհանուր պարունակին մէջ կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցէ «Ալ Հայաթը»ը որուն հաւաստումով Նիւ Եորքի մէջ Սուրիոյ տագնապին առնչուող կողմերը պիտի քննարկեն համաձայնութիւններու նոր փաթեթ մը, որ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի ներակայցուելով ընդդիմադիր 11 խմբաւորումներու: Այդ ծրագրին հիմնական նպատակն է նախապատրաստել ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ ըլլալիք գագաթաժողով մը, որուն մասնակից պիտի ըլլան, ոչ միայն սուրիական բոլոր կողմերը այլ նաեւ Թեհրանն ու Րիատը: Եթէ յաջողութեամբ պսակուի Վիեննայի յառաջիկայ Յունուարին նախատեսուած ժողովը ապա գործի պիտի մղուի քաղաքական փոխանցման հանգրուան մը, որուն կառավարութեան վարչապետութիւնը պիտի ստանձնեն Սիւննի այնպիսի անձնաւորութիւններ որոնք մօտիկ կը համարուին Սէուտական Արաբիոյ: Այս առումով կը խօսուի մասնաւորապէս Ամման հաստատուած Սուրիոյ նախկին վարչապետ Րիատ Հըժապին մասին:
Յառաջիկայ շաբաթները կարեւոր են նաեւ զինուորական առումներով, այն իմաստով, որ ռուս-իրան- սուրիական երակողմ ուժերուն մարտերը կրնան վերածուիլ ցամաքային պատերազմի եւ շատ հաւանական է, որ այս դաշինքը յաջողի կարեւոր արդիւնքներ ձեռք ձգել ոչ միայն Լաթաքիոյ շուրջ ընթացող մարտերուն առընթեր այլ նաեւ Հալէպի հարաւային շրջաններուն մէջ:
Ատկէ ետք է միայն, որ քաղաքական ընդհանուր օրակարգը կրնայ փոխուիլ եւ միացեալ Սուրիոյ մը գաղափարին համար կռուող կառավարական ուժերը ռուսական նեցուկով եւ ամերիկեան համաձայնութեամբ խաղի նոր կանոններ թելադրեն:
Բայց այս բոլորը կը մնան վերլուծումներու ընդհանուր տեսադաշտին մէջ տրուած ըլլալով, որ սուրիական տագնապը ամէն օր եւ ազդուելով մանաւանդ գետնի վրայ գրանցուող դէպքերէն կրնայ իր հունը փոխել:
Դարու կռիւը հանդիսացող սուրիական հակամարտութիւնը մարդկային ծանր կորուստներու հիմնական «աղբիւր» մը դարձաւ ու անոր երանգները այնքան մահագոյն են, որ սուրիացի գաղթականութեան տագնապը յառաջիկայ տարիներուն կրնայ շատ աւելի ծանր ազդեցութեան գօտիներ ստեղծել քան ինքը սուրիական արիւնալի պատերազմը:
http://www.jamanak.com.tr/
http://www.arevelk.am





