Ակնարկ. Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Սահմանին Ուղղութեամբ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւն

Ակնարկ. Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Սահմանին Ուղղութեամբ

15 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւն

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէր, որ 13 մայիսին, ժամը 14:00-ին, ազրպէյճանական մարտական յենակէտերէ խոշոր տրամաչափի զէնքերէ կրակած են Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին ուղղութեամբ:

Կրակոցներուն հետեւանքով տուժածներ չկան, վնասուած են բնակելի տուներ: Թշնամիի կրակակէտերուն ուղղութեամբ հայ սահմանապահներուն ձեռնարկած համապատասխան գործողութիւններուն շնորհիւ հակառակորդը լռեցուած է:

Առաջին անգամը չէ, որ Ազրպէյճան Հայաստանի հետ պետական սահմանին եւ սահմանամերձ շրջանին ուղղութեամբ ռազմական ոտնձգութիւն կը կատարէ: Յարձակողապաշտութիւնը Արցախի հետ շփման գիծին ուղղութեամբ չէ միայն, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Բնական է, որ ռազմական որեւէ խնդիր չի լուծուիր նման պարագայական հրթիռակոծումներով: Բայց քանի մը առաջադրանք Պաքուի զինուորական ղեկավարները իրենց իշխանութիւներու պատուէրը կը կատարեն նման ճակատ ստեղծելով:

Մեծ հաշիւը` հակամարտութեան Ազրպէյճան-Հայաստան բնութագիր ապահովելն է: Պաքուն հետեւողական վարքագիծ կը փորձէ իրականացնել Ազրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութիւնը ըստ էութեան Ազրպէյճան-Հայաստան տարազին վերափոխելու նպատակով: Ազրպէյճանական տրամաբանութիւնը այն է, որ Արցախը ազրպէյճանական տարածք է, որուն ուղղութեամբ հայկական ուժերը գործողութիւններ իրականացուցած են: Ասոր ի պատասխան հայաստանեան տարածքին ուղղութեամբ Պաքուն հրթիռներ կ՛արձակէ պարագայաբար, սակայն հետեւողական ռազմաքաղաքականութեամբ:

Հակամարտութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան ներկայացնելով կամ այդպիսով ընդունելի դարձնելով միջազգային հանրութեան Պաքուի նպատակը Ստեփանակերտին բանակցային սեղան վերադարձը բացառելն է:

Նման ոտնձգութիւն կ՛իրականանայ հերթական հանդիպումի նախօրեակին կամ երբ հայկական կողմը բարձրացնէ Ստեփանակերտի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այդ առաջադրանքը ստանայ միջազգային շրջանակներու կողմէ որոշ հնչեղութիւն:

Կ՛ենթադրուի, որ կա՛մ չյայտարարուած նոր հանդիպումի մը նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են կամ ալ Պաքուին միջազգային որեւէ կեդրոնէ յիշեցում կատարուած է հայկական կողմի բարձրացուցած առաջադրանքին: Պաշտօնական լրահոսներու մէջ նման եղելոյթներու ակնարկութիւն չկայ: Չեն բացառուիր անշուշտ երկու կարելիութիւնները:

Բանակցային գործընթացին Ստեփանակերտի մասնակցութեան հերթական տարեթիւի նշումն էր այս օրերուն: Խօսքը կը վերաբերի 1994-ի հրադադարին, ուր Երեւանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչներուն առընթեր կար նաեւ պաշտօնական Ստեփանակերտի ներկայացուցիչին ստորագրութիւնը:

Այս միակ այն փաստաթուղթն է, միջազգային վաւերականութիւն ունեցող իբրեւ եռակողմ համաձայնութիւն, որ անժամկէտ ձեւով զինուորական գործողութիւնները դադրեցնել կ՛երաշխաւորէր:

Ապրիլեան պատերազմէն ետք Վիեննայի մէջ 94-ի հրադադարին յղում կը կատարուէր: Վիեննան կարեւոր էր նաեւ այն առումով, որ անոր հիման վրայ եւ բնականաբար 94-ի հրադադարին նկատի ունեցած շփման գիծին վրայ հրադադարի եւ անվտանգութեան երաշխաւորման գործիքակազմի դրութեան հաստատում կ՛ընդգծէր:

Հիմա, շփման գիծը պետական սահմանով փոխարինելու զինուորական արկածախնդրութիւններու կը դիմէ Պաքուն: Ռազմական խնդիր չլուծող այս արկածախնդրութեան քաղաքական նպատակը հակամարտութեան էութիւնը փոխելն է եւ Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձը բացառելը:

94-ի հրադադարի 26-ամեակին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը կատարած էր յայտարարութիւն, ըստ որուն այսօր 94-ի հրադադարը կասեցուց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի դէմ սանձազերծուած ռազմական յարձակողապաշտութիւնը: Համաձայնագիրի անշեղ իրագործումը եւ հրադադարի ամրապնդումը, որոնց շարքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ գործընթացի առանցքային մասն է:

Ազրպէյճանի կողմէ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկումը, որուն կ՛ուղեկցի բանակցութիւններուն փոխզիջումները մերժող դիրքորոշումը, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման գլխաւոր խոչընդոտն է:

Պետական սահմանին ուղղութեամբ ռազմական արկածախնդրութեան դիմելով գլխաւոր խոչընդոտը կը խոչընդոտէ նաեւ բովանդակային բանակցութիւններ ապահովելու համար Ստեփանակերտի մասնակցութիւնը:

«Ա.»

ՄՇԱԿՈՅԹ-Ամարաս…4-րդ դար. այստեղ գործել է մեսրոպյան առաջին դպրոցներից մեկը..

aztagdaily.com/archives/472876

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail