Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Լիովին Կը Զօրակցին Ազրպէյճանի Գերիշխանութեան Եւ Անկախութեան»
16 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, մենք պիտի շարունակենք զօրակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մնայուն եւ խաղաղ լուծում գտնելու բանակցութիւններուն: Ազրպէյճանական «Ռիփորթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի անկախութեան տօնին առիթով այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղած իր նամակին մէջ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
«Միացեալ Նահանգներ ուժեղ կերպով կը զօրակցին Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ անկախութեան: Միացեալ Նահանգներ եւ Ազրպէյճան մօտ 30 տարի գործակցած են ամրապնդելու համար միջազգային անվտանգութիւնը, եւրոպական ուժանիւթի ուղիներն ու աղբիւրները բազմազան դարձնելու, նաեւ մեր երկու մեծ պետութիւններու ժողովուրդներուն համար աւելի պայծառ ապագայ մը կերտելու համար:
«Կը գնահատեմ այդ ոլորտներուն մէջ Ազրպէյճանի կենսական մասնակցութիւնը եւ կը քաջալերեմ բոլոր քայլերը, որոնք ժողովրդավարական կառավարում կը ջատագովեն եւ կը պաշտպանեն իրաւունքներն ու ազատութիւնները, զորս խոստացած ենք պաշտպանել: Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի` ընդդէմ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին», գրած է Թրամփ:
aztagdaily.com/archives/472981