ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Չարիքն ու բռնութիւնները չեն կարողացած ընկճել հայ ժողովուրդին. ամէն անգամ, որեւէ տեղէ ծագած լոյսի

Չարիքն ու բռնութիւնները չեն կարողացած ընկճել հայ ժողովուրդին. ամէն անգամ, որեւէ տեղէ ծագած լոյսի նշոյլն իսկ՝ սնուցած է ազատութեան երազանքը հայ ժողովուրդին մէջ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Չարիքն ու բռնութիւնները չեն կարողացած ընկճել հայ ժողովուրդին. ամէն անգամ, որեւէ տեղէ ծագած լոյսի նշոյլն իսկ՝ սնուցած է ազատութեան երազանքը հայ ժողովուրդին մէջ

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Չարիքն ու բռնութիւնները չեն կարողացած ընկճել հայ ժողովուրդին. ամէն անգամ, որեւէ տեղէ ծագած լոյսի նշոյլն իսկ՝ սնուցած է ազատութեան երազանքը հայ ժողովուրդին մէջ»

13 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐ ԴԱՏԵՐՈՒ ԻՐԱՒԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ յառաջատար ԱՒԱՆԴին, որ քաղաքակրթութեան զարգացման առջեւ միշտ վառ պահած է ԼՈՅՍն ու ՅՈՅՍը աւելի ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՇԽԱՐՀի մը իրականացումին։

Բարի լոյս՝ համաշխարհային աղէտներու եւ ցնցումներու ծանրագոյն պահերուն ԻՐԱՒԱԶՐԿԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒՆ եւ ՈՏՆԱԿՈԽՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ օգնութեան հասնող, զօրակից կանգնող եւ փրկութեան ելք բացող ԱՐԴԱՐԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնց փաղանգին մէջ իր բարձրադիր պատուանդանը ունի ՖՐԻՏԵՈՖ ՆԱՆՍԷՆ։

Մայիս 13ի այս օրը կ՚ոգեկոչենք մահուան 90րդ տարելիցը հայ ժողովուրդի նորվեկիացի մեծ բարեկամին եւ Հայ Դատի յանձնառու իրաւապաշտպանին, որու կեանքին ու գործին նուիրուած է Յուշատետրի այսօրուան փոստը։

Բարի լոյս՝ Արդար Դատերու, Իրաւազրկեալներու, Հալածեալներու եւ Գաղթականներու պաշտպանութիւնն ու մարդկօրէն վերականգնումը ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏի խորհուրդով եւ խորութեամբ ընկալած՝ կեանքի ուղիի վերածած Նորվեկիոյ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏ այս ծնունդին, որուն թէ՛ հայ ժողովուրդին ուղղուած ԿՏԱԿէն եւ թէ՛ ընդհանրապէս նորահաս սերունդներուն ուղղուած ՊԱՏԳԱՄԷՆ հիւսուած ծաղկեպսակ մը ահա՛ կը տրամադրուի ընթերցողին հաղորդութեան։

*
* *

«Եւրոպական ժողովուրդներն ու պետական գործիչները յոգնած են մշտնջենական Հայկական Հարցէն: Ատիկա ինքնըստինքեան հասկնալի է: Չէ՞ որ այդ հարցը անոնք ձախողեցուցին: Հայաստան անունը անոնց նիրհած խիղճերուն մէջ կ՚արթնցնէ սոսկ ուրացուած կամ չկատարուած խոստումներու տհաճ յիշողութիւններ: Անոնք իրենց մատը մատին չզարկին՝ իրենց խոստումները կատարելու համար, քանի որ այդ խոստումները տրուած էին թէեւ փոքր ու արնաքամ, սակայն շնորհալի ժողովուրդի մը, որ չունէր նաւթի ու ոսկիի հանքավայրեր:

«Կը կարեկցիմ հայ ժողովուրդին, որ խճճուեցաւ եւրոպական քաղաքականութեան մէջ: Հայ ժողովուրդին համար աւելի լաւ կրնար ըլլալ, եթէ իր անունը երբեւէ հնչած չըլլար եւրոպացի ոեւէ քաղաքագէտի բերնէն»…

«Չարիքն ու բռնութիւնները չեն կարողացած ընկճել հայ ժողովուրդին. ամէն անգամ, որեւէ տեղէ ծագած լոյսի նշոյլն անգամ սնուցած է ազատութեան երազանքը հայ ժողովուրդին մէջ»։

«Ինծի համար դժուար է հաւատալ, որ ոեւէ մէկը կրնայ ծանօթանալ հայ ժողովուրդի պատմութեան, առանց խորապէս ցնցուելու անոր մեծ ողբերգութենէն.
«Հայ ազգի պատմութիւնը – ամբողջութեամբ փորձարկում է՝
«Գոյապահպանութեա՛ն փորձարկում»:

Չարիքն ու բռնութիւնները չեն կարողացած ընկճել հայ ժողովուրդին. ամէն անգամ, որեւէ տեղէ ծագած լոյսի նշոյլն իսկ՝ սնուցած է ազատութեան երազանքը հայ ժողովուրդին մէջ

*
* *

«Ձեզնից իւրաքանչիւրը պէտք է գտնի իր եւ միայն ի՛ր ճանապարհը: Ընդունէք հեղինակութիւններին, յարգէք ծերութիւնն ու փորձը, սակայն ամէն ինչից շատ հիմնուէք սեփական հայեացքների վրայ: Ձեր աչքերը բաց պահէք եւ տեսէք հնարաւորութիւնները ձեր շուրջ:

«Բարեկամներս, դուք երիտասարդներ էք։ Ձեր առջեւ է ամբողջ կեանքը իր ամէն տեսակ հնարաւորութիւններով եւ արկածներով։ Ես վստահ եմ, որ ձեզանից ոմանք ժամանակին այս կամ այն ասպարէզում յայտնի ճանապարհորդ-յայտնագործող կը դառնան։ Կեանքում մենք բոլորս յայտնագործողներ ենք, ինչ ճանապարհով էլ գնալիս լինենք։

«Սակայն անկախ այն բանից, դուք բնախոյզ կը դառնաք, թէ ոչ, ուզում եմ խորհուրդ տալ ձեզ, կեանքում ոչ մի դէպքում չնահանջէք ձեր սկսած գործից՝ մինչեւ որ այն կատարէք։ Գործին նուիրաբերէք ձեր սիրտը, ձեր հոգին։ Գործը կիսատ չթողնէք: Ձեր ուժերի ներածին չափով այն մինչեւ վերջ հասցրէք։ Եւ մի հանգստացէք այնքան ժամանակ, մինչեւ որ չզգաք՝ աւելի լաւ այլեւս չէք կարող կատարել։

«Ես համոզուած եմ, որ դա է կեանքում իսկական յաջողութեան հասնելու կարեւոր գաղտնիքը, եւ միայն այդպէ՛ս դուք կարող էք բաւականութիւն զգալ այն գիտակցութիւնից, որ դուք գործում էք այնպէս, ինչպէս վայել է իսկական մարդուն։ Քանզի մենք բոլորս լոյս աշխարհ ենք եկել աշխատանքի մեր բաժին մասը կատարելու, եւ լա՛ւ կատարելու համար։ Իսկ չէ՞ որ ձեզ է վիճակուած ստեղծել ապագան, աշխարհն աւելի լաւ դարձնել՝ քան կայ այսօր»։

Աղբիւր՝ https://www.internest.am/3423/

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail