ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Օրուան Սլաքը – Ինչո՞ւ լռութիւն կը պահեն․․․ «Հայոց Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»ուն մասին
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Օրուան Սլաքը»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Օրուան Սլաքը
Ինչո՞ւ լռութիւն կը պահեն․․․ «Հայոց Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»ուն մասին
Ն․ Պէրպէրեան
13 Մայիս 2020
««Ինքնութիւնների իրաւունքի» զարգացումները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» խորագրին տակ եւ նիւթին ընդգրկուն գիտաշխատութեամբ՝ ծանօթ մտաւորական ու արժէքաւոր ազգագրագէտ ՀՐԱՆՈՒՇ ԽԱՌԱՏԵԱՆ, «Լրագիր»ի 11 Մայիսի կայքէջով, սկսած է հրապարակել շատ հետաքրքրական եւ ուսուցանող յօդուածաշարք մը։
Հայ քաղաքական մտքի ուշադիր քննարկման՝ արձագանգին եւ խորացումին արժանի է աշխատասիրութիւնը, մանաւանդ որ կարեւոր լոյս կը սփռէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու ոչ-թուրք[սիւննի] մեծամասնութեան դէմ ամէն գնով պետականօրէն պարտադրուող ԹՐՔԱՑՄԱՆ հետեւողական քաղաքականութեան ծալքերուն վրայ։
Յօդուածաշարքի առաջին բաժնին մէջ, սակայն, հայերու թրքացման քաղաքականութիւնը մերկացնող իր ներածականով՝ Հր․ Խառատեան կ՚անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ քաշուած Լռութեան Պատը քանդելու կոչուած Հայ Դատի ուժական պայքարին եւ կը կատարէ անհեթեթ զանցառում մը՝ հակաթուրք ահաբեկչական գործողութիւնները վերագրելով բացառապէս․․․ ԱՍԱԼԱ անունով գործած Հայաստանի Ազատագրութեան Հայկական Գաղտնի Բանակին։
Ահա՛ խնդրոյ առարկայ պարբերութիւնը․-
«Թուրքական հասարակութեան «ինքնութիւնների իրաունքի» զարգացումներին հայկական ինքնութիւնը պահպանուած, նաեւ կեղծ իսլամացուած հայերը գործնականում լուռ եւ աննկատ մնացին: Բացի հայերի հանդէպ հրահրուած համընդհանուր ատելութեան գործօնից այդ շրջանում դեր է խաղացել նաեւ ASALAյի (Armenian Secret Army for the Liberation of Armenia[Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ (ՀԱՀԳԲ)]) գործողութիւնների հետեւանքով հայկական ցաւոտ թեմայի նոր հրապարակային արծարծումը:
Լռեցուած Հայկական Հարցը միջազգային քաղաքական, իրաւական հարթութիւն վերադարձնելու նպատակով ստեղծուած այս խումբը որպէս միջոց ընտրել էր թուրքական դեսպանատների, հիւպատոսարանների, պետական պաշտօնատար անձանց, զինուորական եւ ոստիկանական հաստատութիւնների, թուրքական բիզնես միջավայրի, մասնաւորապէս «Turkish Airlines» ընկերութեան գրասենեակների դէմ զինուած գործողութիւնները:
Մօտ քսան տարիների ընթացքում տեղի է ունեցել աւելի քան 200 գործողութիւն, որոնց արդիւնքում սպանուել են մօտ 100 եւ վիրաւորուել աւելի քան 200 մարդ, գործունէութեան աշխարհագրութիւնն ընդգրկել է Անգլիա, Յունաստան, Ֆրանսիա, Բելգիա, Շվեյցաիա, Կոպենհագեն, Իսպանիա, Իտալիա, Դանիա, Գերմանիա, Հունգարիա, ԱՄՆ, Կանադա, Լիբանան, Թուրքիա, Իրան, Իրաք երկրները:
ԱՍԱԼԱյի կողմից յանձն առնուած վերջին գործողութիւնը 1997ի Յունիսին Բրիւսելում Թուրքիայի դեսպանատան առջեւ իրականացուած պայթիւնն էր:
Գործողութիւնների առաւել խիտ ժամանակաշրջանը 1980-1983ն էր,-1980ին տեղի է ունեցել 29 գործողութիւն, որից ութը՝ միայն Հոկտեմբեր ամսին՝ Հոկտեմբերի 3ին, 4ին, 6ին, 8ին, 9ին,12ին, 20ին եւ 23ին, 1981ին` 37 գործողութիւն, 1982ին՝ 22, 1983ին` 27»:
https://www.lragir.am/2020/05/11/545421/
*
* *
Տիկին Խառատեան որեւէ ակնարկութիւն չունի Հայոց Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ (Հ․Ց․Ա․Մ․) ընդյատակեայ կազմակերպութեան մասին։
Մինչդեռ, իրաւամբ, Հայ Դատի ուժական պայքարի ախոյեաններն են ՄԱՐՏԻԿՆԵՐը – իրենց զուգահեռ գործած Հայ Յեղափոխական Բանակին հետ -, որոնց նաեւ վերապահուեցաւ բացառապէս թրքական պետութեան ներկայացուցիչներուն՝ դեսպաններուն եւ առաջին կարգի դիւանագէտներուն դէմ հայոց ԲՈՂՈՔԻ ՀԱՐՈՒԱԾը ուղղելու սկզբունքայնութիւնը, այլեւ՝ պատահական զոհերէ ըստ հնարաւորինս խուսափելու նախանձախնդրութիւնը։
Հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան ամէնէն ողբերգական եւ կնճռոտ նիւթերէն է ԱՍԱԼԱյի կողմէ Ցեղասպանութեան Մարտիկներու ԱՔԹերը «իւրացնել»ու, նաեւ՝ Հ․Ց․Ա․Մ․ կազմակերպութիւնը իբրեւ ԱՍԱԼԱյի «ենթաբաժին»ը ներկայացնելու նենգափոխիչ վարքագիծը, որ ի վերջոյ յանգեցաւ նաեւ․․․ եղբայրասպան արիւնահեղութեան։
Տեղը եւ ժամանակը չէ հին վէրքեր գրգռելու եւ փակուած թղթածրարներ վերաբանալու։
Բայց Հրանուշ Խառատեանի հեղինակութեամբ մտաւորականէն ու գիտաշխատողէն արդարօրէն կը սպասուի, որ պատմական ճշմարտութեանց նկատմամբ նախանձանդիր գտնուի, մանաւանդ որ երեւոյթը՝ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՈՒԺԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐը ԱՍԱԼԱյին վերագրելու ԱՆՏԵՍՈՒՄը ընդհանրացած է հայաստանեան աղբիւրներու եւ հեղինակներու մեծ մասին մօտ՝ մեծապետական Արեւմուտքին կողմէ երեք տասնամեակ առաջ մշակուելէ եւ շրջանառութեան մէջ դրուելէ ետք։
Այո՛, ամէն հիմք կայ հարց տալու, թէ՝ «ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ լռութիւն կը պահեն․․․ «Հայոց Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»ուն մասին։
Նոյնիսկ ուշագրաւ է այն պարագան, որ երբ այս առիթով՝ եթէ ստուգման համար բանաք «ՎԻՔԻՊեԴԻԱ» Ազատ Հանրագիտարանը՝ իր հայերէն տարբերակով, որ կը խմբագրուի հայաստանեան վերահասութեամբ, պիտի նկատէք, որ ի տարբերութիւն անգլերէն «WIKIPEDIA» մայր հանրագիտարանի տրամադրած նիւթին՝ հայաստանեան-հայկական տաբերակի անդրադարձը ԱՍԱԼԱյին կը վերագրէ գլխաւոր գործողութիւնները եւ սոսկ «լրացուցիչ» յիշատակումի կ՚արժանացնէ Հ․Ց․Ա․Մ․ն՝ զայն զրկելով – չես գիտեր ինչո՛ւ – ԱՍԱԼԱյին «շնորհուած» քարոզչական շռայլանքէն․․․
Հայ քաղաքական միտքը արդարօրէն կը սպասէ վերանկախացեալ Հայաստանի մտաւորականներէն ու գիտաշխատողներէն, որ վերջապէս սրբագրեն խեղաթիւրումի այդ «ժառանգութիւն»ը։
Սրբագրման սպասումը աւելիով կարեւոր կը դառնայ՝ եթէ վերաբանանք Արեւմուտքի կողմէ «Հայկական Ահաբեկչութեան» վերաբերեալ պետականօրէն մշակուած խեղաթիւրումներու թղթածրարը։
*
* *
Michael M. Gunter կը հանդիսանայ «Հայկական Ահաբեկչութեան» մասին Արեւմուտքի մէջ տարածուած եւ արմատաւորուած մտակաղապարման գլխաւոր ճարտարապետներէն մէկը։
Անոր Armenian Terrorism in the Twentieth Century գործէն առնուած է ստորեւ անգլերէն բնագրով հրատարակուած գիրքին ամփոփումը․-
Abstract
Tacitly supported by many Armenians and others throughout the world as legitimate revenge for what most observers viewed as genocide in World War I, Armenian terrorism in the twentieth century was an excellent example of how one person’s terrorist can be viewed by some as another’s freedom fighter.
In seeking revenge for past perceived wrongs and eventual independence, Armenian terrorism also shared common characteristics with such other ethnic-based terrorist movements as the Irish and Palestinian, among others. In another sense, however, Armenian terrorism, as well as its support in the larger Armenian community, was unique in its visceral hatred of its Turkish enemy.
Also unique was how Armenian terrorism manifested two separate periods of activity separated by almost half a century: (1) The period immediately after World War I when a secretive Armenian organization called Operation Nemesis assassinated several former Ottoman officials, and (2) the period from approximately 1973–1985 when the Marxist Armenian Secret Army for the Liberation of Armenia (ASALA) and its more right-wing, Dashnak, nationalist rival the Justice Commandos of the Armenian Genocide (JCAG), after July 1983, the Armenian Revolutionary Army (ARA) assassinated numerous Turkish diplomats as well as a number of third parties.
Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրումին եւ անոր ծրագրման ու կազմակերպման մէջ թրքական պետութեան պատասխանատուութեան պատմագիտական յստակացումն ու վճռահատումը այժմէական ու հիմնական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Հայ Դատի պահանջատիրութեան համար՝ Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը գտնելու համընդհանուր ճիգերու ծիրէն ներս։
Ինչպէս որ Հր․ Խառատեան կարեւորութեամբ կընդգծէ իր աշխատասիրութեան մէջ, հակաթուրք ուժական պայքարը արագացուցիչի դեր կատարեց Հայկական Հարցին քաղաքական արդար լուծում մը գտնելու միջազգային՝ որոշապէս համեւրոպական զօրաշարժին մէջ։
Հետեւաբար աւելի քան պարզ է, որ Հայ Դատի Ուժական Պայքարին լիարժէք գնահատումը եւ անոր մասին ամբողջական ճշմարտութեան պատմագիտական ամրագրումը ճիտին պարտքն է հայ քաղաքական մտքի բոլոր գիտաշխատողներուն։
Ճշմարտութեան անաչառ ամրագրումը ՊԱՐՏՔ ԵՆՔ յատկապէս անձնուէր այն բոլոր մարտիկներուն, որոնք Հայկական Յեղափոխութեան աւանդներուն տէր կանգնելով՝ Պահանջատէր Հայութիւնը օժտեցին պատմութեան քառուղիներուն վրայ բարձրահասակ ու ճակատաբաց կանգնելու եւ Հայ Դատի պայքարը դէպի յառաջ շարժելու ինքնավստահութեամբ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ