ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Սէուտական Արաբիոյ

21 դեկտեմբեր 2015

ՏԱՀԵՇ սպառնաց յարձակում գործել Սէուտական Արաբիոյ դէմ, վերջինիս` «խաչակիրներուն հետ դաշնակցելուն» եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իսլամական զինուորական դաշինք կազմելուն համար:

ՏԱՀԵՇ յայտարարեց, որ այդ դաշինքը սկիզբը պիտի ըլլայ «իսլամութեան երկրին մէջ բռնատիրական կառավարութիւններուն» տապալման: Ահաբեկչական խմբաւորումը նաեւ քննադատեց սուրիական ընդդիմադիր այն խմբաւորումները, որոնք այս ամսուան սկիզբը մասնակցած էին Ռիատի ժողովին:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail