Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ – «Երազը Ունինք» Ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները երկխօսութիւնը, հանդուրժողականութիւնը եւ միասին աշխատելու կամքը

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽՈՅԻ(ՀԱՅԻ) ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, ՈՐԸ ՊԻՏԻ ՋՆՋԻ ՁԿԱՆ ԹՈՂԱԾ ԱՐՀԱՎԻՐՔԸ, ՈՐԸ ԳԼԽԻՑ ԱՐԴԵՆ ՀՈՏԱԾ ԷՐ...

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ – «Երազը Ունինք» Ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները երկխօսութիւնը, հանդուրժողականութիւնը եւ միասին աշխատելու կամքը առաջնահերթն ու կարեւորը պէտք է ըլլան

«Երազը Ունինք»

16 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հայաստանի մէջ վերջին շաբաթներուն արձանագրուած լարուած մթնոլորտը փաստօրէն պէտք է դիտել լաւրովեան ելոյթէն ետք տիրող զարգացման պրիսմակէն:

Անցեալները ֆրանսական կայանի քաղաքական վերլուծող մը կ՛ըսէր, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մինչ աշխարհը սարսափի եւ իրարանցումի մէջ է, մեծ պետութիւնները սկսած են կարգ մը քաղաքական, շրջանային, միջինարեւելեան եւ տնտեսական հին ծրագիրներ գործադրել` այն յոյսով, որ աշխարհը զբաղած է այդ ժահրով, ուստի կարելի է որոշ ձեռքբերումներ արձանագրել, նոյնիսկ եթէ մարդկութեան եւ պատմութեան հակասող քայլեր ըլլան անոնք:

Շատ չանցաւ, արդէն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը իր երկրի տակնուվրայ վիճակը ձգած արդէն Իսրայէլ եկաւ եւ Այսրյորդանանը կցելու Ամերիկայի օրհնութիւնը տուաւ:

Լիպիոյ մէջ ուրիշ լարուած եւ մագլցումի մթնոլորտ մը ստեղծուած է: Լիբանանի պարագային մայիս ամիսը ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու հսկողութեան համաձայնագիրի վերանորոգման ժամանակն է: Դարձեալ կը խօսուի իրաւասութիւնները ընդլայնելու Սուրիոյ – Լիբանանի սահմանները հսկելու եւ 1559 որոշումը գործադրելու տրամադրութիւններուն մասին, անկախ երկրի տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամային իրավիճակէն:

Սուրիոյ մէջ կը խօսուի թրքական ազդեցութիւնը թեթեւցնելու եւ ռուսական խարիսխներ զօրացնելու օրակարգով:

Իրաք – Իրան տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին, եւ հիմնականը` տնտեսական տագնապով զիջումներ ձեռք բերելու քաղաքականութիւնը կ՛որդեգրուի:

Այս շրջանային միջինարեւելեան եւ ասիական ցամաքամասերու ընդհանուր վերադասաւորման մէջ Հայաստանի մէջ մթնոլորտի կազմակերպուած սրումը այս իմաստով պէտք է դիտել:

Այսօր, 2018-ի յեղափոխութենէն ետք, փաստօրէն տնտեսական աճ արձանագրեց երկիրը, զբօսաշրջութեան, շինարարութեան, ներդրումներու, բժշկական եւ արհեստագիտական ոլորտներու մէջ հեռանկարներ ունեցող դաշտ եղաւ Հայաստանը: Կամաց կամաց սփիւռքի ներուժը կրկին վստահութիւն սկսած է ունենալ:

Այս բոլորին կողքին Ազգային ժողովէն մինչեւ համացանցերու վրայ այսքան վիրաւորանքներ, վարկաբեկիչ կասկածի տակ առնող արտայայտութիւններ որո՞ւ կը նպաստէ, ո՞ւր պիտի հասնի՞նք, ի՞նչ է գալիքը:

«Քորոնա» ժահրէն ետք Հայաստանը ոտքի պահելու հրամայականը պէտք է ըլլայ օրակարգը: Մնացեալ օրակարգերը քաղաքակիրթ սահմաններով քննելի են: Կարեւոր երեք կէտեր կան:

ա.- Ի՞նչ ալ պատահի նախորդ իշխանութիւններու վերադարձը բացառուած է:

բ.- Ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները երկխօսութիւնը, հանդուրժողականութիւնը եւ միասին աշխատելու կամքը առաջնահերթն ու կարեւորը պէտք է ըլլան:

գ.- Յեղափոխութեան դէմ եւ թեր հասկացողութիւնը կամ ըմբռնումը պէտք է մտահան ընենք: Ճիշդ չէ, որ եթէ մէկը այլ կարծիք արտայատէ կամ քննադատէ, հակայեղափոխական նկատուի:

Բոլոր յեղափոխութիւններէն ետք այս հակայեղափոխական որակելու մեծամիտ ախտը նոյնինքն յեղափոխականներուն աւարտը արագացուցած է: Պատմութիւնը կը փաստէ այս մէկը:

Այս իմաստով` ելքը երկխօսութիւնն է: Ընդդիմութիւն ունենալը անհրաժեշտ է: Ընդդիմութեան անկեղծ պահուածքը կարեւոր է: Եթէ այսօր Հայաստանի մէջ երեք միլիոն հայեր կ՛ապրին, Հայաստանէն դուրս եօթը միլիոն կ՛ապրին, ճիշդ է, որ քաղաքականօրէն ազդեցիկ չենք, մեր զաւակները զինուորական խրամատներու մէջ չեն, բայց բոլորիս երազած ուրախ, ազատ, անկախ, ժողովրդավար Հայաստանը պահելու, տեսնելու եւ անով ուրախանալու երազը ունինք:

Այդ երազի պահակները այսօրուան ժողովուրդին կողմէ ընտրած Ազգային ժողովի պատգամաւորներն են: Այդ երազը հարստացնողները` բոլոր իմաստներով, մենք ենք` սփիւռքահայերս: Այդ երազին հանդէպ եւ այդ երազին համար պէտք է արագ լուծումներ գտնուին: Երազ ունինք եւ այդ երազը իրականացնող ներուժը կայ: Կը մնայ, որ զգանք շրջանային վտանգները եւ մարտահրաւէրները ու այդ հեռանկարով ելոյթ ունենանք, քայլեր առնենք, գրառումներ արձանագրենք:

ՄՇԱԿՈՅԹ-Ասկերան․ Մայրաբերդ

aztagdaily.com/archives/472952

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail