Միսմարի. «Էրտողանի Երազները Պիտի Թաղուին Լիպիոյ Մէջ». Հինգ Երկիրներ Դատապարտեցին Միջերկրականի Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները

Լիպիոյ ազգային բանակի բանբեր Ահմետ Միսմարի

Միսմարի. «Էրտողանի Երազները Պիտի Թաղուին Լիպիոյ Մէջ». Հինգ Երկիրներ Դատապարտեցին Միջերկրականի Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները

14 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները իրենց միջեւ գումարուած տեսաժողովէն ետք հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` դատապարտելով այն ճգնաժամը, որ կը սպառնայ Միջերկրական ծովուն մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռեկնում»-ը:

Հինգ երկիրները տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան յաւելման ու շարունակական սադրիչ գործողութիւններու նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնը յայտնելով` ընդգծեցին, որ Թուրքիոյ կողմէ Միջերկրական ծովուն մէջ քարիւղի եւ կազի որոնողական աշխատանքները, որոնք տեղի կ՛ունենան Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ, կը հակասեն միջազգային օրէնքի արժեչափերուն:

Անոնք նոյն ատեն անօրինական համարեցին Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան միջեւ կնքուած պայմանագիրը, որ կը վերաբերի երկու երկիրներու ծովային սահմաններուն:

Հինգ երկիրները կոչ ուղղեցին` Լիպիոյ մէջ Ռամատան ամսուան առթիւ զինադադար հաստատելու: Անոնք դատապարտեցին Թուրքիոյ Լիպիոյ մէջ զինուորական ներկայութիւնը:

Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ Ազգային բանակի բանբեր զօր. Ահմատ Միսմարի, մեկնաբանելով հինգ երկիրներու յայտարարութիւնը, յայտնեց. «Ատիկա շատ կարեւոր յայտարարութիւն է, որովհետեւ կը համարուի Լիպիոյ ազգային բանակի օրինականութեան ճանաչում, աջակցութիւն Լիպիոյ ազգային բանակի կողմէ գործադրուող խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնման ուղղութեամբ գործադրուող քայլերուն եւ կ՛ընդգծէ Լիպիոյ ազգային բանակի որոշիչ դերակատարութիւնը ահաբեկիչներու եւ ծայրայեղականներու դէմ պայքարին մէջ:

«Իսկ ահա Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի բարձրագոյն հրամանատարութեան, հակամարտութեան սրումին, ցոյց կու տայ նոր զինատեսակի օգտագործումը եւ Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ շահերը` հարց յառաջացնելով, թէ այստեղ ի՞նչ կ՛ընեն թրքական օդանաւերը, թրքական զինուորական մեքենաներն ու հարիւրաւոր թուրքերը, զինուորները, սպաները, հետախուզութեան աշխատակիցները եւ 17 հազար սուրիացիներ»:

Ըստ Լիպիոյ ազգային բանակի բանբերին, Էրտողանի երազները, որոնք աղերսներ չունին թուրք ժողովուրդի կամ թրքական ընդդիմութեան հետ, պիտի թաղուին Լիպիոյ մէջ, իսկ Թրիփոլիի մէջ թրքական դեսպանատան վրայ յարձակումներուն մասին լուրերը համարած է կեղծ:

aztagdaily.com/archives/472800

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail