Ծովային Սահմաններու Շուրջ` Թուրքիա-Իսրայէլ Գաղտնի Բանակցութիւննե՞ր, թէ իրենք կը հպարտանան Թուրքիոյ հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւններով
16 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ պաշտօնատար անձեր մնայուն կերպով գաղտնի բանակցութիւններ կը վարեն ծովային սահմաններու եւ բացառապէս Միջերկրական ծովու արեւելեան գօտիներուն մէջ համաձայնութիւն ձեռք բերելու վերաբերեալ:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արապ Նիուզ»-ը` յղում կատարելով սեփական աղբիւրներուն:
Թուրք վերլուծաբան Այտըն Սեզեր կը նշէ, որ այդպիսի գործարք մը քիչ հաւանական է, որովհետեւ այդ պարագային խնդիր պիտի ստեղծուի Կիպրոսի հետ, որուն հետ Իսրայէլ որոնողական աշխատանքներ կը կատարէ:
Թուրքիան նմանատիպ համաձայնութիւն ձեռք բերած էր անցեալ նոյեմբերի վերջաւորութեան, Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ղեկավար Ֆայեզ Սարաժի հետ, ինչ որ մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր մասնաւորաբար Յունաստանի եւ Կիպրոսի մօտ, որոնք կը բողոքէին, թէ ատով Անգարան հնարաւորութիւն կը ստանայ իրենց պատկանող տնտեսական գօտիներուն մէջ կազի որոնողական աշխատանքներ կատարելու: Իսրայէլ օրին դատապարտեց այդ համաձայնագիրը, սակայն ընդգծեց, որ ռազմանաւեր պիտի չուղարկէ` խոչընդոտելու համար Թուրքիան:
Կիպրոս, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Յունաստան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այս շաբթուան սկիզբը միացեալ յայտարարութեամբ դատապարտած էին Թուրքիոյ` Կիպրոսի ջուրերուն մէջ կազ որոնելու ապօրինի գործողութիւնները: Իսրայէլ չէր միացած այդ յայտարարութեան: Երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ իրենք կը հպարտանան Թուրքիոյ հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւններով:
aztagdaily.com/archives/472982