ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ – Միշտ ալ խօսքի ու մարդկային ազատութիւններ յարգող և զարգացող ժողովրդավար Հայաստանը լաւագոյն գրաւականն է հզօրութեան
17 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Սերժ Սարգսյանի նախագահութեան վերջին մէկ-երկու տարիներուն, երբ բանախօսութեան կամ հարցազրոյցներու ընթացքին (ոչ պէտք եղած յաճախականութեամբ) կը քննադատէի իշխանութիւնները համատարած կորուպցիայի և քատրային ձախող ու քանդիչ քաղաքականութեան գծով, մի քանիներ իրենց դժգոհութիւնը կ‘ուղղէին ինծի` ուշադրութեանս յանձնելով թէ որքան ալ որ իմ քննադատութիւններս բարի նպատակ հետապնդեն կամ առարկայական հիմք ունենան, խօսքերս կրնան բացասական ազդեցութիւն գործել լսողին ու կարդացողին վրայ ու կրնան հիասթափութեան առիթ տալ, իսկ յատկապէս սփիւռքահայերու մօտ` անոնք կրնան մինչև իսկ «հակա-Հայաստան» զգացումներ արթնցնել:
Աւելին, այս մարդիկ կ‘ըսէին թէ մեր երկիրը մնայուն պատերազմական իրավիճակի մէջ է, Արցախի հարց կայ վերջապէս, ևուստի զգոյշ պէտք է ըլլալ համազգային անդորրը խանգարող որևէ քայլի կամ խօսքի ուղղութեամբ:
Հիմա որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները փաստացի քարոզչական գրոհի տակ են, Հայաստանի և համազգային անդորրի ուղղութեամբ նոյն հոգատարութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը չեմ նկատեր այդ նոյն սրտցաւ մարդոց մօտ: Ընդհակառակն, կը թուի թէ անոնք մորցած են իրենց խրատականները, Արցախի վիճակն ու պատերազմական իրավիճակը, համազգային անդորրը:
Մեղմագոյն քննադատութիւններուն հանդէպ զգայնութիւն ցուցաբերողներն ու անդորրի «ասպետներ»ը այսօր չկան, լռած են:
Աւելի ճիշտը` կան, բայց կամ որոշած են լռել, կամ ալ Նիկոլի և իշխանութիւններու հանդէպ ատելութիւնն ու զզուանքը իրենց մօտ խամրեցուցած է աւելի մնայուն և բարձր արժէքները:
Սխալ չհասկցուիմ: Առաջարկս այն չէ թէ հիմակուան քննադատութիւնները պէտք է մեղմել կամ կասեցնել: Ընդհակառակն, կը հաւատամ թէ ըսուելիքները պէտք է ըսուին, մանաւանդ եթէ անոնք առարկայական են կամ շինիչ, եթէ անոնք լկտի ու սադրիչ բնոյթ չունին, ու եթէ անոնք վարձատրութեան ուժով ուղղորդուած մութ ծրագրի չեն նպաստեր: Առողջ քննադատութիւններէն ոչ Արցախը կը վնասուի, ոչ ալ ազգի դիմադրականութիւնը կը տկարանայ:
Միշտ ալ խօսքի ու մարդկային ազատութիւններ յարգող և զարգացող ժողովրդավար Հայաստանը լաւագոյն գրաւականն է հզօրութեան, եւ միշտ ալ շինիչ քննադատութիւնները կը նպաստեն հզօրացման ցանկալի գործընթացին:
Ուրեմն հարցը քննադատութիւնները չեն:
Հարցը մարդոց կեղծիքն է, այն կեղծաւորութիւնը որ արժէքներ և չափանիշներ կը հաստատէ ու ծախու կը հանէ ըստ բարձրագոյն վճարքին, միջոցին, պաշտօնին:
Իսկ եթէ այսօրուան իշխանութիւնները պիտի քննադատուին, անոնց դէմ անխնայ պէտք է ըլլալ իրենց ամենէ մեծ բացթողումին համար. այն` որ անոնք մտահան ըրած են թէ ժողովուրդը իրենց նպաստեց ու զօրակցեցաւ, որպէսզի Հայաստանի մէջ իսկական և լիարժէք յեղափոխութիւն իրագործեն ու փրկեն երկիրը: Իսկ յեղափոխութեան ամենէ ընթացիկ հասկացողութիւնը` հիմնական, արմատական, արագ, և համարձակ փոփոխութիւններ իրականացնելուն մէջ կը կայանայ: Լիարժէք և անսակարկ:
Յեղափոխութիւն մը յաջողած կը նկատուի ոչ թէ իր մեկնարկով, այլ միայն երբ իր գործընթացը աւարտին կը հասնի:
Facebook-Viken Hovsepian