ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մովսէս Գ. Տաթեւացի Կաթողիկոս (1578-1632) Սուրբ Էջմիածնի վերաշինութիւնն ու իբրեւ կաթողիկոսանիստ Աթոռի վերականգնումը իրագործած երախտաշատ Հայրապետը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
Մովսէս Գ. Տաթեւացի Կաթողիկոս (1578-1632).
Սուրբ Էջմիածնի վերաշինութիւնն ու իբրեւ կաթողիկոսանիստ Աթոռի վերականգնումը իրագործած երախտաշատ Հայրապետը
Ն. Պէրպէրեան
14 Մայիս 2020
Մայիս 14ի այս օրը, 388 տարի առաջ, պարսկական տիրապետութեան տակ ապրող Արեւելահայաստանի մեծ աւաններէն Երեւանի մէջ, ապաժամ վախճանեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ «Աստուածաշնորհ» հռչակուած առաքելատիպ դէմքերէն Սուրբ Մովսէս Գ. Տաթեւացի Կաթողիկոս։
Թէեւ Մովսէս Տաթեւացի սուրբ չհռչակուեցաւ բնաւ (Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ վերջին կանոնականացուած սուրբը 14 դարու վարդապետ Գրիգոր Տաթեւացին է), այսուհանդերձ՝ Հայ Եկեղեցին իր Ս. Պատարագի ընթացքին Ս. Մովսէս Տաթեւացիի անունը կը յիշատակէ Ս. Գրիգորի հետ եւ կը յարգէ իբրեւ Սուրբի:
Մաղաքիա Արք. Օրմանեան իր «Ազգապատում»ի երկրորդ հատորին մէջ ընդարձակ անդրադարձ ունի Հայ Եկեղեցւոյ մեծավաստակ այս գործիչին ազգանուէր առաքելութեան, ժողովրդանուէր գործունէութեան եւ աստուածապաշտ ծառայութեան վերաբերեալ։
Մովսէս Գ. Տաթեւացի արժանաւորապէս կը նկատուի երախտաշատ այն Հայրապետը, որուն անխոնջ ջանքերով եւ անձնուիրումով՝ կարելի եղաւ դարերով լքուած ու աւերուած վիճակի մատնուած Սուրբ Էջմիածինը վերաշինել, այլեւ վերականգնել իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ կաթողիկոսանիստ Մայր Աթոռը։
*
* *
Մովսէս Գ. Տաթեւացի ծնած էր 1578ին, Սիւնեաց Աշխարհի Խոտանան գիւղը։ Այդ պատճառով ալ հայոց մատենագիտութեան մէջ ան յիշատակուած է նաեւ Մովսէս Սիւնեցի, Աճարաննցի եւ Խոտանանցի անուններով։
Մովսէս Տաթեւացի իր կրթութիւնը ստացաւ Տաթեւի վանքին մէջ։ Իր առաջին ուսուցիչին՝ Սրապիոն Վարդապետի մահէն ետք, քանի մը տարիներ աշակերտեց Գրիգոր Վարդապետին, որ մեծ դեր ունեցաւ պատանի Մովսէսի հոգեմտաւոր եւ ազգային-քաղաքական կազմաւորման մէջ։
Տասնըհինգ տարիքը նոր թեւակոխած էր Մովսէս, երբ աբեղայ ձեռնադրուեցաւ եւ այնուհետեւ իր կեանքը նուիրաբերեց, Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան ճամբով, հայոց սուրբ հաւատքի տարածումին եւ պայծառացումին։
Մովսէս Տաթեւացի նստակեաց վանական մը չեղաւ։ Շրջեցաւ իր ժամանակի հայաշատ բոլոր կեդրոնները։ Մեկնեցաւ Երուսաղէմ, գտնուեցաւ Եգիպտոս, ուր մօտէն ծանօթացաւ ղպտիներու վանքերուն եւ անապատներուն։ Վերադարձաւ Երուսաղէմ, ուր եւ ստանձնեց «Ս. Յարութիւն» տաճարի լուսարարութիւնը:
Մովսէս Վարդապետ 1613ին վերադարձաւ Տաթեւի վանք՝ քանի մը տարի Կոստանդնապոլսոյ, Տիգրանակերտի, Վասպուրականի եւ Թաւրիզի մէջ հոգեւոր քարոզչութեան ծառայելէ ետք։ Տաթեւի Մեծ Անապատ իր վերադարձը թէեւ մեծ ուրախութիւն պատճառեց կրտսեր միաբանններուն, բայց նաեւ բուռն ընդդիմութեան բախեցաւ որոշ միաբան հաւատակիցներու կողմէ, որոնք չընդունեցին վարդապետին քարոզչութիւնները:
Մ. Տաթեւացի տեղի չտուաւ եւ երկար տարիներ շրջեցաւ ու Աստծոյ պատուիրանները քարոզեց ժողովրդին: Ամէնուր քարոզելով ճշմարտութիւնը՝ շինեց եկեղեցիներ, կարգեց վարդապետներ, հիմնեց դպրոցներ, կրթեց բնակչութիւնը:
Հակառակ այս ամբողջ ագզանուէր գործունէութեան՝ հալածանքները չդադրեցան Մ. Տաթեւացիի նկատմամբ, որ ստիպուեցաւ տեղափոխուիլ Թէոդապոլիս` Կարին քաղաք:
Այդ ժամանակ Երեւանի եւ Արարատեան Աշխարհի մեծ ու հզօր իշխանն էր Ամիրգունա խանը, որուն հաւանութեան արժանացած էր Մովսէս Վարդապետ: Խանի յորդորով՝ վարդապետը հաստատուեցաւ Երեւան, վերաշինեց Սբ. Անանիա Առաքեալի անապատը, կարգաւորեց Այրարատի եկեղեցիներն ու վանքերը, վերաբացաւ Յովհաննավանքի եւ Սաղմոսավանքի վանական դպրոցները:
1623ին, Մովսէս Տաթեւացին ձեռնադրուեցաւ եպիսկոպոս՝ Մելիքսէթ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ: 1626ին եղաւ Սպահան՝ քաղաքի ջուղայեցի վաճառականներու, տեղւոյն քահանաներու եւ աշխարհականներու յորդորով:
Մովսէս Տաթեւացի կը տիրապետէր մոմի սպիտակեցման արհեստին՝ Երուսաղէմ գտնուելու տարիներէն։ Մովսէս Վարդապետ ամէն տարի եկեղեցական բոլոր ժամերգութիւններուն կը վառէր սպիտակամոմ եւ մեծ հանդիսաւորութեամբ կը կատարէր տէրունական եւ նշանաւոր սուրբերու տօները:
Իրանի Շահ-Աբաս Արքան լուր առաւ հայ վարդապետի պատրաստած սպիտակ մոմին մասին եւ իր պալատը հրաւիրեց Մովսէս Տաթեւացիին, որ պարսից արքունիքի արհեստաւորներուն սորվեցուց սպիտակ մոմի պատրաստութեան արհեստը, նաեւ՝ իր հոգեմտաւոր մեծ պաշարով արժանացաւ Շահի գնահատանքին։
Իբրեւ վարձատրութիւն՝ Մովսէս Վարդապետ Շահի հրովարտակով կարգուեցաւ Ս. Էջմիածնի լուսարար եւ ստացաւ Մայր Աթոռի վերանորոգման ու եկեղեցական ծառայութեան վերականգնման արքայական արտօնութիւն։
*
* *
1627 թուին աւարտեցաւ Ս. Էջմիածնի վանքին, վեհարանին, օժանդակ կառոյցներուն եւ պարիսպին վերաշինութիւնը։
1926ի Յունուար 7ին, երբ պարսից Շահ օծուեցաւ Շահսէֆ թագաւորը, Մովսէս Վարդապետ հիանալի պահը գտաւ Ս․ Էջմիածնի վրայ դրուած 100 թումանի հարկը վերցնելու խնդրանքով դիմում կատարելու նորօծ Շահին։
Ս. Էջմիածնի Աթոռին համար ծանր բեռ էր 100 թուման տուգանքը։ Շահսէֆ արքան ընդառաջեց Մ. Տաթեւացիի խնդրանքին եւ ոչ միայն թագաւորական կնիքով հրովարտակ մը հանեց 100 թուման հարկը վերցնելու մասին, այլեւ՝ Մովսէս Վարդապետին տուաւ կաթողիկոսութեան իշխանութիւն:
Ամբողջ հայ ժողովուրդի սրտաբուխ փափաքն էր Մովսէս Տաթեւացին տեսնել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գահին։
Այդպէս ալ եղաւ։
1629ի Յունուար 13ին Մովսէս Տաթեւացի հայր սուրբը «օծուեցաւ հայոց ազգի հայրապետ՝ պայծառ եւ պանծալի ժառանգորդը Սուրբ Էջմիածնի բարձրագահ աթոռին»:
Երկար կեանք չունեցաւ, սակայն, Մովսէս Տաթեւացիի կաթողիկոսական պաշտօնավարութիւնը։
1632ի Մայիս 14ին, Երեւանի տրուած հովուապետական այցելութեան մը ընթացքին, հայոց շինարար Հայրապետը յանկարծակի վախճանեցաւ եւ մարմինը ամփոփուեցաւ Կոզեռնի գերեզմանոցը:
Մովսէս Գ. Տաթեւացի յիսուն տարեկանը նոր բոլորած էր։ Օրմանեանի վկայութեամբ՝ համաճարակ հիւանդութեան մը հետեւանք պէտք է ըլլայ Աստուածաշնորհ Հայրապետին վախճանումը։
Հայ ժողովուրդն ու Հայաստանեայց Եկեղեցին անմահացուցին յիշատակը Մովսէս Գ. Տաթեւացի մեծագործ Հայրապետին, որ ոչ միայն վերաշինեց Սուրբ Էջմիածինը, այլեւ վերականգնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը՝ ազգանուէր ու ժողովրդանուէր ծառայութեան անսասան վէմին վրայ։
Նաեւ իր ձեռնարկած բարեկարգումներով՝ Մովսէս Գ. Տաթեւացի Կաթողիկոս հայոց սերունդներուն ներշնչման աղբիւր դարձուց Հայու Հաւատքին տէր կանգնող եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին վերանորոգող Արժանաւոր Հովուապետի իր վաստակն ու աւանդը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ