ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՔԵՌԻ (Արշակ Գաւաֆեան, 1858-1916) Յեղափոխական ֆետայիի ալեհեր, բայց յաւերժ երիտասարդ տիպարը

ՄՇԱԿՈՅԹ-Մասիս լեռը արևմտյան՝ Բայազետի կողմից

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՔԵՌԻ (Արշակ Գաւաֆեան, 1858-1916) Յեղափոխական ֆետայիի ալեհեր, բայց յաւերժ երիտասարդ տիպարը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

ՔԵՌԻ (Արշակ Գաւաֆեան, 1858-1916).
Յեղափոխական ֆետայիի ալեհեր, բայց յաւերժ երիտասարդ տիպարը

Ն. Պէրպէրեան

15 Մայիս 2020

15 Մայիսի այս օրը, 1916 թուին, թանկագին արեամբ գրուեցաւ հերոսական ու անմոռանալի էջերէն մէկը հայոց դիւցազնական ազատամարտին՝ Հայկական Յեղափոխութեան։

104 տարի առաջ, Մայիս ամսու այս օրը, զոհուեցաւ հայ ժողովուրդի անզուգական հերոսներէն ՔԵՌԻն, որ աւազանի անունով Արշակ Գաւաֆեան (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ Գալֆայեան) կը կոչուէր, բայց որ իր զոհաբերութեան, քաջագործութեան եւ առաքինութեան համար արժանացաւ մեր ժողովուրդին կողմէ Քեռի կոչուելու սրտաբուխ պատիւին։

Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռի,
Ինքդ արի եւ գործերդ միշտ բարի,
Սրտաճմլիկ լուրդ առինք ցաւալի,
Քաջաց քաջն հերոս Քեռի պանծալի։

Աւելի քան դար մըն է ահա՛, որ հայոց սերունդներուն համար 1916ի Մայիս 15ը կը խորհրդանշէ յաղթական վերջին գրողը հայ ազգային-ազատագրական շարժման հսկաներէն անզուգական Քեռիին, որ Ռըւանտուզի (այժմու Իրաքի մէջ) ճակատին վրայ, թրքական զօրքերու օրհասական պաշարման մէջ գտնուող հայ եւ ռուս զինուորները ազատելու պահուն, ճակտէն զարնուած ինկաւ ռազմի դաշտին վրայ։

Ինչպէս որ Քեռիին նուիրուած ազգային-յեղափոխական հանրածանօթ երգը կը վկայէ՝

Ռըւանտուզի կռիւն էր շատ ահաւոր,
Թշնամու զօրքերն էին բիւրաւոր,
Տասնըինը տասնըվեց Մայիս տասնըհինգին,
Հայոց առիւծն ինկաւ վրէժը կրծքին։

1916ի Մայիս 12էն 18 երկարող օրերը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ապագային համար։

Առաջին Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, թուրք-ռուսական պատերազմի երկար ճակատի հարաւային՝ Պարսկաստանի հատուածին վրայ, թրքական բանակը յաջողած էր պաշարման վտանգաւոր օղակի մէջ առնել ռուսական զօրքն ու անոր յառաջապահ հայ կամաւորականները – ջախջախիչ պարտութիւնն ու ստոյգ կործանումը կը սպառնային ռուսեւհայկական կողմին։

Մայիս 12ին, թրքական 12 հազարանոց բանակը ուժեղ յարձակում մը գործեց պարսկական Ռըւանտուզ քաղաքին վրայ, ուր դիրքաւորուած էին ռուսեւհայկական ուժերը։ Թշնամին գրաւեց Ռըւանտուզը եզերող լեռնային բարձր դիրքերը եւ աստիճանաբար սկսաւ սեղմել պաշարման օղակը։

Ահա՛ այդ օրհասական պահուն, Մայիս 15ին, քաջարի հերոս մը շրջեց պատմութեան անիւին կործանարար թաւալումը։
Հայ Կամաւորական 4րդ Գունդի հրամանատար քաջ Քեռին ձեռնարկեց թրքական պաշարման շղթան ճեղքելու յանդուգն գրոհի։

Մայիս 15ին, իր վաշտերէն մէկուն եւ 40-50 ձիաւորներու գլուխն անցած՝ Քեռի անակնկալօրէն յարձակում գործեց թրքական դիրքերուն վրայ եւ ահեղի մարտով կրցաւ դէպի ձորը հրել թշնամի զօրքը։

Քեռի յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ. թրքական պաշարումը ճեղքուեցաւ եւ Ռըւանտուզի մէջ դիրքաւորուած ռուս-հայկական ուժերը ընդհանուր յարձակողականի անցան։

Բայց յաղթանակով պսակուած այդ գրոհի գլխաւոր հերոսին համար, ճակատագիրը վերապահած էր դառնագոյն իր խաղերէն մէկը. յաղթական իր թռիչքի աւարտին, մահառիթ փափուշտը յանկարծ ճակտէն հարուածեց առիւծակերպ հերոսին։ Քեռի հազիւ կրցաւ «Վա՜յ, բալանե՜րս, ես խփուեցայ»… ճիչը արձակել ու վերջին շունչը աւանդեց։

Ծանր էր կորուստը. մեծ էր կսկիծը. բայց Ռըւանտուզի կռիւը շարունակուեցաւ մինչեւ Մայիս 18, երբ ռուս-հայկական ուժերը վերջնական ու ջախջախիչ պարտութեան մատնեցին թրքական բանակը, որ աւելի քան հինգ հազար զոհ տալով՝ խուճապահար փախուստի դիմեց։

Անգութ մահը քեզ մեզանից բաժանեց,
Մեր սրտերում անբուժելի վէրք բացեց,
Մի՞թէ չար գնդակը քեզի որոնեց,
Գաղափարդ եւ յոյսերդ խորտակեց։

Քեռի իր արեամբ՝ իր կեանքի նուիրաբերումով նուաճեց յաղթանակը։

Քեռիի անկենդան մարմինը փոխադրուեցաւ Թեհրան, ուր մեծ շուքով՝ ժողովրդային սիրուած հերոսի փառքով, Դաշնակից Ուժերու դեսպանական եւ հրամանատարական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, արժանացաւ պետական եւ ազգային յուղարկաւորութեան։ Ապա՝ մարտիրոս հերոսին անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Թիֆլիս, որպէսզի հայոց Խոջեվանքի գերեզմանատան մէջ գտնէ իր յաւիտենական հանգիստը։

Ծանօթ է, որ խորհրդային կարգերու տակ Խոջեվանքի հայոց գերեզմանատունը անտիրութեան մատնուեցաւ եւ շատ ու շատ մեծանուն հայորդիներու շիրիմներուն հետ քանդուեցաւ ու անհետացաւ նաեւ Քեռիին գերեզմանը։

Այդուհանդերձ՝ հայ ժողովուրդը առյաւէտ իր սրտին մէջ կենդանի ու վառ պահեց յիշատակը քաջարի իր հերոսին՝ անոր նուիրուած երգը դարձնելով մեր սերունդներու ամէնէն սրտամօտ ու հոգեհարազատ բաբախումներէն մէկը.

Թող լռեն սոխակներ է՛լ չը ճլուըլան,
Սլացէ՛ք կռունկներ դէպի Հայաստան,
Լուր տարածեցէք դուք համայն հայութեան,
Հայոց պաշտպան Քեռին մտաւ գերեզման։

Քեռի հերոսի մահով պսակեց աննկուն յեղափոխականի եւ քաջարի ֆետայիի իր երկար ու փշոտ, այլեւ փառահեղ ուղին։

ՔԵՌԻ (Արշակ Գաւաֆեան, 1858-1916) Յեղափոխական ֆետայիի ալեհեր, բայց յաւերժ երիտասարդ տիպարը

*
* *

Քեռի ծնած է Կարին – Էրզրում, որ հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծման եւ Հայկական Յեղափոխութեան անկասելի թռիչքին կարեւորագոյն օրրաներէն մէկը հանդիսացաւ։

Դժբախտաբար միայն կցկտուր տեղեկութիւններ պահուած են Էրզրումցի Քաւթար Արշակ անունով հայ յեղափոխական շարժման երիտասարդ տարիքէն զինուորագրուած քաջ ֆետայիին կեանքի մանրամասներուն՝ ընտանեկան պարագաներուն, մանկութեան եւ պատանեկութեան վերաբերեալ։ Մինչեւ անգամ ծննդեան թուականը ստուգելու դժուարութիւն կայ. կենսագիրները կը տարուբերին 1858ի եւ 1863ի միջեւ։

Քեռի շատ կանուխէն մասնակից դարձաւ հայ յեղափոխական խմորումներուն։ 1880ի Կարնոյ մեծ ցոյցին կազմակերպիչներէն էր. Արամ Արամեանի սերտ գործակիցը եղած էր. մասնակցած էր Կուկանեանի հռչակաւոր արշաւախումբին, որուն դէմ ցարական իշխանութեանց ձեռնարկած հալածանքի ժամանակ յաջողած էր ձերբակալութենէ փախուստ տալ։

1894-95ի համիտեան կոտորածներու շրջանին, Քեռի մասնակցեցաւ Կարնոյ ինքնապաշտպանական կռիւներուն. այնուհետեւ անցաւ Կովկաս եւ ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ Դաշնակցութեան ֆետայական գործունէութեան։

1898ին մասնակցեցաւ Խանասորի Արշաւանքին, ապա՝ անցաւ Սասուն, ուր 1903շ-1904ին սերտ գործակիցը դարձաւ Անդրանիկի՝ Սասնոյ ապստամբութեան շրջանին։

1905ին, քաջ հայդուկը Սիսիանի ճակատին ղեկավարն էր հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ։

1908ին անցաւ Պարսկաստան՝ Սահմանադրական Շարժման կռիւներուն Եփրեմի աջ բազուկը դառնալով եւ, վերջինի նահատակութենէն ետք, ստանձնելով գլխաւոր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Իր քաջագործութիւններուն համար՝ պարսկական իշխանութեանց կողմէ Քեռի արժանացաւ Խան տիտղոսին եւ կենսաթոշակի։

Արդէն անուանի հայդուկապետ եւ ժողովրդական սիրուած հերոս էր Քեռի 1912ին, երբ իր մասնակցութիւնը բերաւ Պալքանեան պատերազմին եւ իր քաջագործութեանց համար արժանացաւ ռուսական բանակի Ս. Գէորգ պատուանշանին։

Իսկ երբ բռնկեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Հայ Կամաւորական Գունդերէն մէկուն՝ Չորրորդ Գունդին հրամանատարութիւնը արդարօրէն յանձնուեցաւ հայդուկապետ Քեռիի։

Մինչեւ Ռեւանտուզի օրհասական կռիւը, Քեռի իր ղեկավարած Կամաւորական Չորրորդ Գունդով հերոսական նոր քաջագործութիւններ կապեց իր անունին՝ յատկապէս Սարըղամիշի կռիւներու ընթացքին։

ՔԵՌԻ «կոշտ ու կոպիտ էր, ինչպէս ինքը՝ հայ ժողովուրդը – անսահմանօրէն խիզախ ու անձնուրաց… մի ժայռ՝ բռնակալութեան հողմերի հանդէպ»

*
* *

Թէեւ կենսագիրները շատ ժլատ գտնուած են Քեռիի անձն ու գործը ըստ արժանւոյն սպառիչ կերպով ներկայացնելու իմաստով՝ այսուհանդերձ, բոլորն ալ համակարծիք են, որ «պարզ, համեստ, բայց խիստ, Քեռին պաշտուած էր ամէնուրեք՝ իր ֆետայիներուն եւ կամաւորներուն կողմէ, ու շա՜տ սիրուած՝ զինուորական թէ յեղափոխական իր բոլոր ընկերներուն կողմէ»։

Դու ամէն տեղ վազում էիր օգնութեան,
Քեզ ազդում էր ո՛չ սուր, ո՛չ թուր, ո՛չ գնդակ,
Ամէնքին անխտիր էիր դու պաշտպան,
Կոչմանդ արժանի հերոս Քեռի խան։

Միքայէլ Վարանդեան, 1916ի Դեկտեմբեր 28ին, Թիֆլիսի «Հորիզոն»ին մէջ ներկայացնելով Քեռիի հայդուկապետի վաստակը, հայոց «քաջաց քաջ»ին մասին գրեց.

«Ոչինչ այնքան չէր յուզում ինձ Երեւանեան մեր ընկերական հաւաքոյթների ժամանակ, ինչպէս այն վայրկեանը, երբ Անդրանիկ ու Քեռի նստում էին քովէ քով եւ ձիերը իրարու վզով փաթաթում։ Հայ ժողովրդի երկու մեծ ռազմիկները՝ իրարու փարուած – կոշտ ու կոպիտ, ինչպէս ինքը՝ այդ ժողովուրդը, անսահմանօրէն խիզախ ու անձնուրաց… մի մի ժայռեր՝ բռնակալութեան հողմերի հանդէպ»։

Այո՛, թրքական բռնակալութեան դէմ ծառացած հայկական անառիկ ժայռ մը եղաւ Քեռին, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր իր կտրած մարտի ճանապարհը պսակեց յաղթանակով՝ վահանի վրայ վերադառնալով ռազմի դաշտէն Իբրեւ այդպիսին՝ «Չորրորդ Գնդի հրամանատար քաջ Քեռին» յաւէտ պիտի ապրի հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ՝ մարմնաւորելով անհաւասար ուժերով ու յանուն գաղափարի մղուած յարատեւ կռուի մէջ մազերը ճերմկցուցած, բայց յոգնութիւն եւ ծերութիւն չճանչցող յաւերժ երիտասարդ դէմքը անկեղծ դաշնակցական յեղափոխականին եւ անբասիր ֆետայիին։

Մահդ Դաշնակցութեան մեծ ցաւ պատճառեց,
Եւ ընտանիքիդ ալ սիրտը խռովեց,
Համարեա՛ թէ ամբողջ Կովկասը ցնցուեց,
Քեզ համար շատ մայրեր լացին ողբացին։

Ինչպէս որ Քեռիի մարտիրոսացման առիթով Գահիրէի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր» պիտի հաստատէր 11 Յուլիս 1916ի իր խմբագրականով՝

«Ամբողջ երեսուն տարի, անիկա իր լայն հոգիին մէջ ապրած էր բովանդակ զուլումն ու տարտը իր դժբախտ ու սիրելի ժողովուրդին, միացած էր անոր հնհնուքներով, արտասուած էր անոր արցունքներով, փոթորկուած էր անոր խռովքներով։

«Պարզ ու անպաճոյճ, ինչպէս վայել է գաղափարի զինուորին, լուռ ու մռայլ՝ ինչպէս մռայլ էր հայկական ցաւոտ իրականութիւնը՝ Քեռին միակ սէր մը ճանչցած էր՝ հայրենիքի սէ՛րը. միակ կիրք մը՝ պայքարին տարփա՛նքը. միակ իտէալ մը՝ ազատութեա՛ն իտէալը»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail