Գարեգին Նժդեհ – Մարտունիի Մէջ Պիտի Տեղադրուի Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրին

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Գարեգին Նժդեհ – Մարտունիի Մէջ Պիտի Տեղադրուի Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրին

18 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ

«Ֆերզիտ” շինարարական ընկերութեան տնօրէն Արթուր Խաչատրեանի մտայղացմամբ եւ ֆինանսաւորմամբ ԱՀ Մարտունի քաղաքին մէջ պիտի տեղադրուի Գարեգին Նժդեհի կիսանդրին:

Այս մասին ըստ «Արցախփրես”՝ ըսած է Մարտունիի քաղաքապետի տեղակալ Էդիկ Աւանեսեանը: Անոր խօսքով` կիսանդրին պիտի տեղադրուի Գարեգին Նժդեհ փողոցի վրայ, ուր նախապէս կար Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան 70-ամեակին նուիրուած յուշարձան, որ, սակայն, տարիներու ընթացքին քանդուած է: Կիսանդրիի քանդակելու աշխտանքները սկսած են տարուան սկիզբէն եւ ներկայիս աւարտման փուլի մէջ են: Հեղինակը քանդակագործ Արմէն Պետրոսեանն է:

Աւանեսեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին:

Մարտունիի Մէջ Պիտի Տեղադրուի Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրին

yerakouyn.com/2020/05/18/մարտունիի-մէջ-պիտի-տեղադրուի-գարեգին/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail