Քնացա՞ծ Ենք Մենք –«Ասպարէզ»-ի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեան

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

apo-oreorin
22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

«Ասպարէզ»-ի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեան կը գրէ.

Պատերազմ է Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ, իսկ մենք մեր սովորական կեանքի հեւքին մէջ ենք: Ամէն մէկս` իր գործով, իր մտահոգութիւններով, իր զբաղումներով տարուած:

Կրնայ ըլլալ, որ ասիկա իւրայատուկ ռազմավարութիւն մըն է` տարօրինակ կերպով ամբողջ ազգին կողմէ գործադրուող, որուն հիմնական առանցքը կը հանդիսանայ թշնամիին ցոյց տալը, թէ մենք հանգիստ կ՛ընդունինք մեր սահմանները բռնաբարելու անոր ճիգերը եւ նոյնքա՛ն անխռով, յաւերժութեան կը ճանապարհենք մեր մատղաշ նահատակները:

Այդպէս չէ՛: Պարզապէս անգլուխ հօտի վերածուած, շուարած զանգուածի վարքը գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար որդեգրածի վերաբերմունքն է մերը:

Ի՞նչ կրնանք ընել մենք, ինչպէ՞ս կրնանք հակազդել այս շարունակուող եւ հետզհետէ աւելի մեծ տարողութիւն ու սաստկութիւն դրսեւորող ազրպէյճանական յարձակողական գործողութիւններուն:

Առաջին հերթին, կրնանք մեր բանակին զօրակցութիւն յայտնող ցուցական եւ գործնական քայլեր առնել: Յայտարարութիւններ, նահատակներու ընտանիքներուն ցաւակցութիւն եւ բարոյական ու նիւթական անմիջական աջակցութիւն… ցոյցեր` ազրպէյճանական դեսպանատուներուն ու հիւպատոսութիւններուն առջեւ, ժողովրդային հաւաքներ, համահայկական զօրաշարժի պատրաստութիւն (այնքա՜ն ուշացած)…

Մէկ բան յստակ է. չենք կրնար նոյն կշռոյթով մեր կեանքի սովորական խնդիրներով զբաղիլ, երբ անդին թշնամին կը փորձէ գտնել մեր սահմանի տկար կէտերը, որպէսզի… անմիջապէս ձեռնարկէ ընդհանուր ու լայնածաւալ գործողութիւններու:

Այս մթնոլորտին մէջ անհասկնալի պիտի ըլլայ նախագահ Սարգսեանի հանդիպումը Ալիեւի հետ, եթէ այդ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահը, յստակ ու մեկին, Ազրպէյճանի իշխանաւորին չփոխանցէ վերջնագիր` դադրեցնելու այս գործողութիւնները, այլապէս` պատրաստուելու նոր տարածքներ կորսնցնելուն:

http://asbarez.com
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail