Համահայկական Հիմնադրամին Կողմէ Արցախին Կը Տրամադրուին Սարքեր եւ Ախտահանիչ Նիւթեր

Յօդուածագիր Ճասթին Քալթերոն անդրադարձած է հայերու ու պասքերու մշակոյթին, լեզուին եւ եղած նմանութիւններուն

Համահայկական Հիմնադրամին Կողմէ Արցախին Կը Տրամադրուին Սարքեր եւ Ախտահանիչ Նիւթեր

18 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ՄՇԱԿՈՅԹ-Մասիս լեռը արևմտյան՝ Բայազետի կողմից

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, նոր «Քորոնա» համաճարակի (COVID-19) տարածման կանխարգիլման դէմ ուղղուած պայքարի ծիրէն ներս, կը շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի ու Արցախի առողջապահական համակարգերուն:

Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես”-ի՝ ըսած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մամուլի խօսնակ Արմինէ Թոխմախեան:

Անոր խօսքով` վերջերս Չինաստանէն յատուկ չուերթներով Երեւան բերուած են 20 թթուածինի խտացուցիչ եւ 70 հեռահար ջերմաչափ, որոնցմէ 10 թթուածինի խտացուցիչը եւ 15 հեռահար ջերմաչափը պիտի տրամադրուին Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան, իսկ մնացեալ 10 խտացուցիչը եւ 55 հեռահար ջերմաչափը պիտի տրամադրուեն ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան:

Այս ծրագիրը իրականացուած է հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի շնորհիւ, որ կը շարունակէ իր գործոն աջակցութիւնը ցուցաբերել համաճարակի մարտահրաւէրները յաղթահարելու գործին: Բացի ատկէ, ամերիկահայ բժիշկ Քարոլան Նաճարեանէն հիմնադրամը ստացած է նուիրատուութիւն, որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի ԱՀ Պաշտպանութեան բանակին: Ընդհանուր առմամբ, շուրջ 6020 պաշտպանիչ դիմակ եւ 520 լ ախտահանիչ նիւթեր պիտի տրամադրուին Պաշտպանութեան բանակին կանխարգելիչ միջոցառներ իրականացնելու համար”,- աւելցուցած է Թոխմախեան:

Ան տեղեկացուցած է, այս ընթացքին հիմնադրամը նուիրատուութիւններ կատարուած է նաեւ կրթական համակարգին համար: Մասնաւորապէս` Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի որդիներ Հայկ եւ Վարդան Սարգսեանները հիմնադրամի խողովակներով 27 պլանշետ եւ 4 համակարգիչ նուիրած են Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան։

Համահայկական Հիմնադրամին Կողմէ Արցախին Կը Տրամադրուին Սարքեր եւ Ախտահանիչ Նիւթեր

yerakouyn.com/2020/05/18/համահայկական-հիմնադրամին-կողմից-արց/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail