Հայաստանի Մէջ Հանրակառքերու Արտադրութիւն Պիտի Հիմնուի. Կ՝ակնկալուի Հայ-Քորէական Համատեղ Ներդրումային Ծրագիր
18 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայի սպառման համար նախատեսուած հանրակառքերու արտադրութիւն՝ քորէական «Եանկսան» (Youngsan) ընկերութեան եւ Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի համատեղ ծրագրի ծիրէն ներս: Ներդրումային նոր ծրագրի արժէքը կը գնահատուի 4.4 միլիոն տոլար: Այս մասին, ըստ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի, Armenpress.am-ը զրուցած է Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի գլխաւոր տնօրէն Դաւիթ Փափազեանի հետ:
«Հանրակառքերը նախատեսուած պիտի ըլլան Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկային համար: Հայաստանը կը դառնայ յարմարաւէտ երկիր միջազգային ձեռնարկութիւններուն համար»,- ըսած է Փափազեան:
Քորէական ընկերութեան կողմէն նախաձեռնութիւնը եղած է դեռ նախորդ տարի: Ընկերութեան ներկայացուցիչները կապ հաստատած են ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան հետ:
«Նախորդ տարի ընկերութեան կողմէ աշխատանքներ տարուած են ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան եւ Ներդրումներու աջակցման կեդրոնին հետ: Որոշում կայացուած է ծրագրի յետագայ ընթացքը ապահովել Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտին հետ համագործակցութեամբ»,- յայտնած է նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Օհանեան:
Ըստ Փափազեանի՝ «Youngsan»-ը բաւական մեծ ձեռնարկութիւն է։ Հայաստանի մէջ արտադրուող հանրակառքերուն վերաբերեալ դեռ պէտք է յստակեցումներ կատարուին: Պիտի արտադրուին, հաւանաբար, 3 տեսակի հանրակառքեր, դրանց երկարութիւնը պիտի հասնի մինչեւ 10 մեթրի:
Ֆոնտի տնօրէնին խօսքով՝ առ այժմ հումքը պիտի բերուի դուրսէն, սակայն, նպատակ կայ ժամանակի ընթացքին հումքը նոյնպէս արտադրուի Հայաստանի մէջ։
Ձեռնարկութիւնը կը նախատեսուի գործարկել այս տարի: Գործարանի յստակ վայրը դեռ չեն որոշած, կը քննարկուի 3 տարբերակ, պիտի յստակացնեն արտերկրի գործընկերներու հետ։
yerakouyn.com/2020/05/18/հայաստանի-մէջ-հանրակառքերու-արտադրո/