ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Վահան Մանուէլեան (Կարապետ Տողրամաճեան, 1870-1904) Հայ Յեղափոխական Շարժման առաքելատիպ յառաջամարտիկը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
Վահան Մանուէլեան (Կարապետ Տողրամաճեան, 1870-1904).
Հայ Յեղափոխական Շարժման առաքելատիպ յառաջամարտիկը
Ն. Պէրպէրեան
16 ՄԱՅԻՍ 2020
«Ո՞ր ժայռի տակ, ո՞ր խոռոչի կամ ձորի մէջ է հանգստանում այժմ թանկագին ընկերոջ գնդակահար դիակը – յայտնի չէ։ Բայց լոկ հողեղէն գերեզմաններով չեն յաւերժանում գաղափարի առաջամարտիկները։ Վահանի գերեզմանը Սասունն է, մարտիրոսութեան եւ հերոսութեան վայրը, ուր ազատախոհ սերունդները միշտ նուիրական պաշտամունքի պէս կը պահեն, կը գուրգուրեն Վահանների անբիծ յիշատակը»։
Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի Նոյեմբեր 1904ի համարով տրուած մահագրութիւնը սրտառուչ այս խորհրդածութեամբ յաւերժացուց յիշատակը Վահան Մանուէլեանի, որ հայ ժողովուրդի Ազատութեան Ճանապարհին ինկաւ 116 տարի առաջ, Մայիս 16ի այս օրը։
Հայկական Յեղափոխութեան անձնուէր, գաղափարապաշտ ու հերոսատիպ ֆետայիներու կազմակերպական ղեկավարներէն է Վահան Մանուէլեան, որ անմահացաւ Սասնոյ 1904ի Ապստամբութեան մէջ իր ունեցած վճռորոշ՝ Դաշնակցութեան լիազօր գործիչի դերակատարութեամբ։
*
* *
Վահան Մանուէլեան ծնած է Մարմարա ծովու ափին, Իզմիթ քաղաքի հայաշատ Մեծ Նորգիւղ թաղամասը, ենթադրաբար 1870ին։
Ստոյգ տուեալներ կը պակսին աւազանի անունով Կարապետ Տողրամաճեանի ինչպէս ծննդեան թուականին, այնպէս ալ կենսագրութեան սկզբնական շրջաններուն մասին։
Բայց այլապէս, 1890ականներու սկիզբներէն, հայ յեղափոխական շարժման բուռն խմորումներով յատկանշուող պոլսահայ իրականութեան մէջ, մտաւորական այս հայ երիտասարդը Վահան Մանուէլեան անունով կանգնեցաւ մեր ժողովուրդի ազատագրական կռուի յառաջապահ դիրքերուն վրայ՝ իբրեւ նորակազմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յանդուգն գործիչներէն մէկը։
1893-1894ին, պոլսահայ վարժարաններու մէջ ուսուցչական իր ծառայութեան կողքին, Վահան անմիջական գործակիցը եղաւ Արշակ Վռամեանի եւ Բաբկէն Սիւնիի, ամուր հիմերը դնելով Դաշնակցութեան Պոլսոյ կազմակերպութեան։ Գաղափարական իր հարուստ պաշարով, կազմակերպչական տաղանդով եւ յեղափոխականի խիզախութեամբ, Վահան կանուխէն պատասխանատու դերակատարութիւն ունեցաւ ազատագրական շարժման յառաջխաղացքին մէջ։
Համիտեան լայնատարած կոտորածներու այդ ծանր ժամանակաշրջանին, Վռամեանի, Բաբկէնի եւ Վահանի գլխաւորութեամբ, Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կոմիտէն ժողովրդային բողոքի մեծ ցոյցեր կազմակերպեց՝ հայկական նահանգներու տարածքին կոտորուող հայութեան առ ի զօրակցութիւն, նաեւ նախաձեռնեց Օսմանեան Դրամատան գրաւման պատմական յանդուգն գործողութեան՝ Եւրոպական մեծ տէրութիւնները դնելու համար սուլթան Համիտը սանձելու իրենց պատասխանատուութեան առջեւ։
Այդ բոլորին մղում տուող եւ յառաջ շարժող գործիչներու շարքին էր Վահան։
Պանք Օթոմանի գրաւումէն յետոյ, Վահան պարտաւորուեցաւ հեռանալու Պոլիսէն, ուր ամէնօրեայ հետապնդման տակ էր թրքական ոստիկանութեան կողմէ։
Ան անցաւ Պուլկարիա, ուր 1896էն մինչեւ 1899, Վառնայի եւ Ֆիլիպէի մէջ, հայկական վարժարաններու հաստատման եւ անոնց մէջ իբրեւ ուսուցիչ իր ծառայութեան կողքին, Վահան եռուն գործունէութիւն ծաւալեց՝ պանդուխտ հայ երիտասարդները ազգային-յեղափոխական գաղափարներով ոգեւորելու եւ Դէպի Երկիր մղելու ուղղութեամբ։
Վահան հիմնադիրներէն եւ կանոնաւոր աշխատակիցներէն մէկը եղաւ տեղւոյն «Շարժում» թերթին, որուն էջերուն լոյս տեսած իր յօդուածներով պարզեց Հայկական Հարցին եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման քաղաքական ու գաղափարական ծալքերն ու առաջադրանքները։
1899ին Վահան ընտրուեցաւ «Դաշնակցութեան Կամքը» ներկայացնող պատասխանատու մարմնի անդամ եւ, Ռոստոմի յանձնարարութեամբ, 1900ին անցաւ Կովկաս։ Կարճատեւ գործունէութիւն ունեցաւ Թիֆլիսի մէջ, որ այդ շրջանին Դէպի Երկիր զէնք, զինամթերք եւ մարտիկ ուղարկելու գլխաւոր կեդրոնն էր։ Իր կարգին Վահան, 1901ին, Թաւրիզի վրայով մտաւ Երկիր։
Նախ՝ Վանի շրջանին մէջ, կարճ ժամանակով, Վահան գործեց Նիկոլ Դումանի կողքին։ Ապա՝ Դաշնակցութեան լիազօր ներկայացուցիչի առաքելութեամբ, անցաւ Սասուն, ուր ֆետայական շարժումը մէկ կողմէ մեծ ծաւալ ստացած էր, իսկ միւս կողմէ կը դիմագրաւէր ներքին վէճեր, առաւելաբար Հրայր Դժոխքի եւ Անդրանիկի միջեւ ծագած նկարագրային բախումներուն եւ գաղափարական տարակարծութիւններուն հետեւանքով։
(Առանց խորանալու այդ վէճերու քննարկման մէջ, հակիրճ պէտք է նշել, որ Հայկական Յեղափոխութեան երկու առասպելատիպ առաջնորդներուն միջեւ հիմնական տարակարծութիւնը կը կեդրոնանար Սասնոյ ապստամբական շարժման ռազմավարական ուղին ճշդորոշելու հարցին վրայ։ Հրայր Դժոխք դրօշակիրն էր ժողովրդային ապստամբութեան ուղիին։ Մինչ Անդրանիկ կը գլխաւորէր ֆետայական-մարտական կառոյցի ամրապնդումով շարժումը յառաջ մղելու ուղղութիւնը)։
Վահան Մանուէլեան հիմնական եւ բարերար դեր ունեցաւ ներքին այդ վէճերու հարթումին ու փարատումին մէջ։
Ֆետայական-մարտական մէկ միաձոյլ ճակատ յարդարեց՝ իրարու քով բերելով, հաշտեցնելով եւ միացեալ ղեկավարութեան վերածելով Հրայր Դժոխք, Գէորգ Չաւուշ եւ Անդրանիկ եռեակը։
Սասնոյ եւ Մուշի յեղափոխական կազմակերպութեան ընդհանուր ղեկավարութիւնը իր վրայ վերցնելով՝ դաշնակցական այս հաւատաւոր մտաւորականն ու կազմակերպչական գործիչը աւելի քան երկու տարի նախապատրաստական մեծ աշխատանք տարաւ, որպէսզի երկրի հայութեան միջնաբերդը հանդիսացող ամբողջ շրջանը կարենայ դիմագրաւել Համիտի որոճացած հայաջնջման ջարդարար ծրագիրները։
1902էն 1904, ֆետայական կենդանի կռուին իր բերած պատասխանատու մասնակցութեամբ, Վահան հռչակուեցաւ նաեւ իբրեւ անվեհեր մարտիկ, որուն գովքը երգեցին նոյնիսկ քիւրտերը՝ «Վահան փաշային» նուիրուած ազգային-յեղափոխական ծանօթ երգի բառերով՝
Անտոք, Ծովասար, Կեփինն էր ուսին,
Նորէն գոռացին դէմ վատ թուրքերին,
Մի օր էլ քրտախառն հայոց գիւղերը
Վահան փաշային տալիս են ողջոյն։
Առաւօտ կանուխ երբ որ արթնցաւ,
Չորս հազար զօրքերով պաշարուած տեսաւ,
Որոնց դէմ երեսուն քաջերով միայն,
Արձակ համարձակ կռուիլ սկսաւ։
Այնտեղուան թուրքեր վախցած գոռացին,
Եամա՜ն, ջան ֆետայիք, ղուրպան ձեր ոտքին,
Խնայեցէք մեզ, պատիւ Վահանին,
Թողէք որ ապրինք ներքեւ մեր յարկին։
Թուրքեր սարսափած ի փախուստ դարձան,
Իննսուն զոհ տուին, շատ մը հրացան,
Շուտ ըրէք, ըսին, փախչինք ահա հասան,
Գէորգն արնահեղ, Անդրանիկ փաշան։
https://soundcloud.com/user-443604653/9-mp3
*
* *
Սասնոյ հայութեան 1904ին մղած հերոսական կռիւները եղան դափնեպսակը Վահանի յեղափոխական վաստակին։
Անձնուէր ու արժանաւոր այս դաշնակցականը, գաղափարական իր հմայքով ու կազմակերպչական տաղանդով, վստահութեան առանցքը դարձաւ թէ՛ խրոխտ Սասունի մեր ժողովուրդին, թէ՛ ազգային-ազատագրական պայքարին զինուորագրուած անխտիր բոլոր ֆետայիներուն եւ մարտիկներուն։
Վահան Մանուէլեան յաջողեցաւ, իր գաղափարապաշտութեամբ եւ մարտունակութեամբ, ի մի բերել ֆետայական շարժման զինուորագրուած բոլոր ուժերը, Հրայր Դժոխքի եւ Անդրանիկի օրինակով հակոտնեայ նկարագիրներն ու անհատականութիւններն անգամ, միաձոյլ ճակատ կազմելով Հայկական Յեղափոխութեան «Մահ կամ Ազատութիւն» դրօշին տակ։
Վահան Մանուէլեանի համար ճակատագիրը, սակայն, տնօրինած էր միայն 34ամեայ կեանք մը։ 1904 Մայիսի 16ին, Գոմերու հռչակաւոր յաղթական կռուի ժամանակ, երբ Վահան ու իր ընկերները իրենց թագստոց քարայրէն դուրս եկան լեռը բարձրանալու եւ Գէորգ Չաւուշի խումբին միանալու համար, փամփուշտը գտաւ քաջարի Վահանին եւ ձորը գլորեց անոր անկենդան մարմինը։
Ընկերները չկրցան իրենց հետ տանիլ Վահանի անշունչ մարմինը եւ Հայկական Ազատամարտի այս անձնուէր արժանաւորը այդպէս ալ անթաղ մնաց հայոց լեռներուն վրայ, իր արիւնն ու մարմինը միախառնելով հայոց պապենական հողին, որուն ազատագրութեան համար, ինչպէս որ Վահան ինք կը պատգամէր, անձնուէր արեան ոռոգում պէտք էր, որպէսզի գաղափարական սրբութեամբ վերստին հայացուէր եւ ազգային անկորնչելի հարստութեան իր նշանակութիւնը սերունդներուն կտակէր մեր հողը։
Սասնոյ երկրորդ՝ 1904ի ապստամբութեան այդ ահեղ օրերուն, քանի մը շաբաթներու հեռաւորութեամբ, դաժան մարտերու մէջ մարտիրոսացան Հայկական Ծառացման երկու ղեկավարները՝ Հրայր-Դժոխքն ու Վահանը։
Նոյնիսկ կռուի ժամանակ Վահան Մանուէլեան շարունակեց օրը օրին հեռագիրներ ուղարկել Հ․Յ․Դ․ օրգան «Դրօշակ»ին, Ժընեւ՝ Սասնոյ մղած օրհասական կռուին իրազեկ պահելու համար մեր ժողովուրդն ու Եւրոպան։
Ինչպէս «Դրօշակ»ի վերոյիշեալ մահագրութիւնը կը նշէ, «Ապրիլ 14ի նամակով անհուն դառնութեամբ Վահանը գուժում էր Հրայրի մահը։ «Իր կարմիր մահը կարմիր մելանով գրեցի»,- հաղորդում էր նա»…
Եւ գերագոյն զոհաբերութեան իր կենդանի օրինակով սրբագործուած պատգամի հնչեղութեամբ՝ Վահան հետեւեալ խորհրդածութեամբ կ՚աւարտէր 14 Ապրիլ 1904ի իր այդ վերջին հեռագիրը.-
«Վաղը թերեւս նոր կռիւ ունենանք։ Եթէ յաղթուենք եւ Սասունը ոչնչանայ, թող ուրիշներ լուծեն մեր վրէժը»։
Ոգեկոչելով Վահան Մանուէլեանի մահուան 116րդ տարելիցը, մեր սերունդները նաեւ կը վերանորոգեն իրաւատէր հայութեան ուխտը՝ բռնագրաւեալ հողերն հայոց ի հարկին արեան գնով վերադարձնելու մեր ժողովուրդին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ