Նախիջեւանի Մէջ Զօրավարժութիւններ Սկսած Են – Նախիջեւանի Մէջ Զօրավարժութիւններ Սկսած Են
19 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
«Նախիջեւանի մէջ այսօր (երէկ` 18 մայիսին «Ա.») սկսած են հրամանատարական զօրավարժութիւններ, որոնց կը մասնակցին ինքնավար հանրապետութեան տարածքին մէջ տեղակայուած համազօրային բանակի շարք մը ստորաբաժանումներ ու զօրամասեր», կը տեղեկացնէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
«Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած ստորաբաժանումները բերուած են մարտական պատրաստութեան տարբեր աստիճաններու, յառաջիկայ օրերուն անոնք զբաղած պիտի ըլլան հետախուզական գործողութիւններու հակազդեցութեան, ինչպէս նաեւ օդային, հրթիռային եւ հրետանային հարուածներու կանխման վերաբերող քայլեր մշակելով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նախիջեւանի մէջ ընթացող զօրավարժութիւնները պիտի աւարտին 22 մայիսին:
yerakouyn.com/2020/05/19/նախիջեւանի-մէջ-զօրավարժութիւններ-սկ/