Իրան Պիտի Մնայ Սուրիոյ Մէջ. Թեհրան. «Պիտի Հակադարձենք Վենեզուելլա Ուղղուող Մեր Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ Ամերիկեան Որեւէ Քայլի»

Իրան Պիտի Մնայ Սուրիոյ Մէջ. Թեհրան. «Պիտի Հակադարձենք Վենեզուելլա Ուղղուող Մեր Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ Ամերիկեան Որեւէ Քայլի»

19 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ՄՇԱԿՈՅԹ-Կոթող․ Արևմտյան Հայաստան․ Արճեշի շրջան-1

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի հակադարձէ Վենեզուելլա ուղղուող իրանեան քարիւղատարներուն դէմ ամերիկեան որեւէ քայլի` ընդգծելով. «Իրանեան նաւերը Վենեզուելլա քարիւղ կը փոխադրեն պաշտօնապէս եւ` իրաւական գետնի վրայ օրինական առեւտուրի ծիրին մէջ»:

«Եթէ Ամերիկա նեղացած է իրանեան քարիւղի Վենեզուելլա փոխադրումէն, ապա ատիկա իր հարցն է: Մեր քարիւղատարներուն ուղղուած անոր սպառնալիքները անօրինական են եւ որեւէ թիրախաւորման պարագային հակադարձութեան պիտի արժանանան», զգուշացուց Մուսաւի:

«Ամերիկացիները զգուշացուցինք Վենեզուելլա ուղղուող մեր քարիւղատար նաւերուն դէմ որեւէ քայլի հետեւանքներէն, եւ կը յուսանք, որ որեւէ անմտութիւն չեն գործեր, որովհետեւ Իրան պիտի հակազդէ», նշեց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց, որ անկախ երկիրներուն միջեւ առեւտուրը օրինական է, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը ջանայ համաշխարհային համակարգը խանգարել:

Միւս կողմէ` Մուսաւի յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ իրանեան խորհրդատուական ներկայութիւնը սուրիական օրինական ու պաշտօնական կառավարութեան խնդրանքով է, եւ Իրան Սուրիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ աջակցութիւն կը տրամադրէ»:

«Իրան Սուրիոյ մէջ պիտի մնայ այնքան ատեն, որ Սուրիոյ կառավարութիւնն ու ժողովուրդը տարբեր մարզերու մէջ մեր օժանդակութիւնը կ՛ուզեն», յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

ՄՇԱԿՈՅԹ-Մասիս լեռը արևմտյան՝ Բայազետի կողմից

www.aztagdaily.com/archives/473142

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail