«Աշխարհը Սուղ Կը Վճարէ «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարին Մէջ Զիրար Հակասող Ռազմավարութիւններուն Պատճառով» Կ՛ըսէ Կութիերես
19 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես քննադատեց այն երկիրները, որոնք անտեսեցին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան յանձնարարականները` «Քորոնա» ժահրի դիմակայման վերաբերող. «Աշխարհը այսօր սուղ գին կը վճարէ զիրար հակասող ռազմավարութիւններու պատճառով»:
«Միասնութեան մասին արտայայտութիւն կը լսենք, սակայն «Քորոնա»-ին դիմակայման մէջ առանց մեծ միասնականութեան: Պետութիւնները երբեմն իրարու հակասող քաղաքականութիւններ կիրարկեցին, եւ բոլորս ատոր գինը սուղ կը վճարենք», նշեց Կութիերես:
«Բազմաթիւ երկիրներ անտեսեցին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան յանձնարարականները», աւելցուց ան:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր կարգին շեշտեց. «Քորոնա» ժահրի համաճարակին աւելի արագ կարելի պիտի ըլլայ յաղթել, եթէ աշխարհը միասնաբար գործէ»:
Չինաստանի նախագահ Շի Ցինփինկ յայտնեց, որ իր երկիրը յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին 2 միլիառ տոլար պիտի յատկացնէ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարին մէջ այլ երկիրներու օգնելու համար:
«Չինաստան «Քորոնա» ժահրի յայտնաբերման պահուն թափանցիկ կերպով գործեց», շեշտեց Չինաստանի նախագահը:
Ան ըսաւ, որ «Քորոնա» ժահրին շուրջ որեւէ քննութիւն պէտք է ղեկավարուի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ` նշելով. «Փեքին կը զօրակցի հետաքննութեան ձեռնարկման, սակայն համաճարակը վերահսկողութեան տակ առնելէն ետք»:
Չինաստանի նախագահը նաեւ յայտնեց, որ իր երկրին կողմէ պատրաստուած «Քորոնա» ժահրի դէմ որեւէ պատուաստ «համաշխարհային ընդհանուր շահին պիտի ծառայէ»` կոչ ուղղելով «միջազգային միասնականութեան` ընդդէմ «Քորոնա»-ի համաճարակին»:
Նշենք, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չաու Իլժան իր կարգին ըսաւ. «Տակաւին կանուխ է «Քորոնա» ժահրի աղբիւրին ու անոր տարածման շուրջ հետաքննութեան սկսելու»:
Մինչ այդ` Վատիկանի մէջ երէկ վերաբացուեցաւ Ս. Պետրոս տաճարը, որ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր փակ կը մնար:
Վրաստան այն առաջին 46 երկիրներէն է, որոնք ՄԱԿ-ի` «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի հիմնադրամէն ելեւմտական աջակցութիւն պիտի ստանան համաճարակի պատճառով յառաջացող ընկերատնտեսական ցնցումէն խոցելի խումբերը պաշտպանելու համար: Այս մասին հաղորդեց վրացական «Փիա» կայքը:
Հիմնադրամը 15 մայիսին մէկ միլիոն տոլար յատկացուցած է Վրաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մասնաճիւղերուն` առողջապահութեան ոլորտին մէջ ճգնաժամին արձագանգելու եւ խոցելի խումբերը համաճարակի ընկերատնտեսական հետեւանքներէն փրկելու նպատակով:
Այս առնչութեամբ Վրաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Նաթիա Մեզվրիշվիլի ըսած է. «Այսօր «Քորոնա» ժահրի ստեղծած իրավիճակին պատճառով մեր հիմնական նպատակն է փրկել մեր քաղաքացիներու կեանքը, դադրեցնել ժահրի տարածումը եւ յաղթահարել ատոր տնտեսական հետեւանքներն ու վերականգնել կայուն տնտեսութիւնը: Մենք բարձր կը գնահատենք բոլոր միջազգային գործընկերներու աջակցութիւնը համաճարակի յաղթահարման եւ յետճգնաժամային զարգացման խթանման գործին մէջ»:
Վրաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակման 6 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 701-ի, իսկ մահացածներունը կը շարունակէ մնալ 12:
Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը, սուր անկում մը կրելով, հասաւ 2-ի: Այդ թիւը մէկ օր առաջ 583 էր: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 174.355-ի, իսկ մահացածներունը մնաց անփոփոխ (7914): Իտալիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ մահուան 145 պարագայ, ինչ որ 9 մարտէն ի վեր նուազագոյն թիւն է: Մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 31.908-ի, իսկ վարակուածներունը` 68.351-ի: Թուրքիոյ մէջ այդ թիւը 149.435 է, իսկ մահացածներունը` 4140:
Հարաւային Ափրիկէի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ մահուան 3 եւ վարակման 1160 պարագայ: Մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 263-ի, իսկ վարակուածներունը` 15.515-ի: Նշենք, որ Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութիւնը Ափրիկէի մէջ վարակուածներու թիւով կը գտնուի առաջին դիրքի վրայ: Անոր կը յաջորդէ Եգիպտոսը: Ալճերիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 198 եւ մահուան 6 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 7019-ի, իսկ մահացածներունը` 548-ի:
Փերուի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակման 3732 եւ մահուան 125 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 92.273-ի, իսկ մահացածներունը` 2648-ի: Հնդկաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 5200 եւ մահուան 157 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 96.169-ի, իսկ մահացածներունը` 3029-ի: Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1.509.444-ի, իսկ մահացածներունը` 90.142-ի: Մեքսիքայի մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար 49.219 եւ 5177 են, իսկ Աւստրալիոյ մէջ` 7045 եւ 99:
www.aztagdaily.com/archives/473143