Բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանը եւ հայկական Կիլիկիան….Հողը՝ որ պարունակն էր մեր բազմահազարամեայ պատմութեան, մշակոյթին, հոգեւոր-մշակութային արժէքներուն, հայ կեանքին: Կը ճանչնա՞նք այդ Հողը, քար առ քար, կառոյց առ կառոյց, աւերակ առ աւերակ, նշխար առ նշխար….որպէսզի կարենանք խորզգալ մեր կորուստը, հողին զարկերակը, նախնեաց կանչը, հաղորդուիլ մեր արմատներուն, որոնք դեռ կը տրոփեն այդ հողին տակ, կը բաբախեն լուռ ու տխուր իւրաքանչիւր աւերակին, իւրաքանչիւր նախշազարդ քար ու խոյակին մէջ, կը հառաչեն կիսաւեր եւ կիսափուլ տաճարէն, ամրոցէն, տուներէն…:
Ինքնաճանաչումը էական է հայեցի լինելութեան, հայ պահանջատիրութեան համար:
Պիտի վերագտնել նախնեաց արմատները:
Նուիրական այս զգացում-գիտակցութեան դրդումով էր, վստահաբար, որ Դալար Գույումճեան Թորոսեան, խումբ մը ուխտաւորներու հետ միասին, պիտի ուղեւորուէր Արեւմտեան Հայաստան եւ հայկական Կիլիկիա 2012-ին….
Արդիւնքը՝ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղին կազմակերպած 109 լուսանկարներու ցուցահանդէսն էր, որ տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ հին, պատմական թաղամասի « Խիլեմպորիկի Արէոս» հնաբոյր սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Պետ. Ներկ. Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի, ներկայութեամբ հիւրաբար Կիպրոս գտնուող Արցախի Հանրապետութեան փոխ-վարչապետ Տիար Արթուր Աղաբեկեանի, Թեմիս Կաթ. Փոխ. Գերապատիւ Տ. Նարեկ Արք. Ալեմեզեանի, Տէր Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանի եւ հոծ հանրութեան մը՝ Ուրբաթ 27 Նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, պաշտօնական բացումովը՝ Նիկոսիոյ Վսեմաշուք Քաղաքապետ Տիար Կոնստանտինոս Եորկաճիսի:
«Օշական» Մասնաճիւղին կողմէ խօսք առաւ Տիար Արթօ Դաւիթեան, որ սեղմ տողերով բնութագրեց Համազգային Մշակութային Միութեան հայապահպան գործունէութիւնը՝ սփիւռքահայ կեանքէն ներս հայ մշակոյթի ոգին վառ պահելու գծով, յատկապէս նշելով. «Այս ցուցահանդէսը արդիւնքն է ուխտագնացութեան մը դէպի Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա, դիտուած Դալար Գույումճեան Թորոսեանի պրիսմակէն: Ան ճարտարապետ է ասպարէզով, որ կրցեր է որսալ եւ իրեն հետ բերել իր՝ յաւէտ կորսուելու վտանգի եզրին կանգնած ժառանգութեան, ճարտարապետական, մշակութային եւ բնանկարային գեղեցկութիւնը….Ուխտագնացութիւնը զայն ներշնչած է կատարելու լայն ուսումնասիրութիւն մը, կորսուած պատմութիւն մը վերագտնելու հետամուտ…»:
Ան եզրակացուց. « Նշելով Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, մեր փափաքն է որ բոլոր գաղթականները, ո՛ւր որ ալ գտնուին անոնք աշխարհիս երեսին, հայերն ու կիպրացիները մասնաւորաբար, կարենան վերադառնալ իրենց պապենական հողերը եւ կարենան վայելել՝ իրենց հայրենիքին մէջ ապահով ապրելու ազատութիւնը»: Խորապէս իմաստալից եւ հոգեյոյզ էր Դալար Գույումճեան Թորոսեանի խօսքը, ուր ան յատկապէս ըսաւ. «Երբ այնտեղ էի, առաջին անգամ ըլլալով զգացի թէ ի՞նչ կը նշանակէր իսկապէս գտնուիլ իմ նախնեաց հողերուն վրայ: Զգացի քալածս հողին թրթռացումները, կողոպտուած եւ լքուած եկեղեցիներու հոգեյոյզ ներքինը….Զգացի ինքնատիպ ոյժը նախահայրերուս, որ լաւագոյնս բնութագրուած է՝ Եղեռնի նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի….հետեւեալ տողերուն մէջ.
« Այս հողին մէջ՝ Հիւլէ մը կայ Հայկէն, փոշի մ’Արամէն, Անանիայէն բիբ մը դէտ, դեռ աստղերու ճաճանչներով թաթաւուն: Ազգ մը կայ հոն…ազգ մը հին, որ այսօր իր վերաշողշող այգուն մէջ, հողի բնատուր մարմնոյն տակ ինձ կը խօսի…»: Չորսամեայ որդիս նոյնպէս զգածուած էր այս վայրերէն, երբ Անիի աւերակուած եւ ամայացած Անիի մէջ, ան ըսաւ. «Երբ մեծնամ, այս քաղաքին եւ անոր եկեղեցիներուն պահակը պիտի ըլլամ»:
Ան շարունակեց ըսելով. « Կը հաւատամ որ բոլորս պէտք է աշխատինք հանգամանքներու փոփոխութեան ուղղութեամբ, որպէսզի վերադառնանք մեր տուներն ու գիւղերը, եւ խաղաղութեամբ ապրինք, առանց որեւէ հալածանքի: Մինչ այդ, ամէն հայ պէտք է այցելէ այս հողերը, զզայ եւ պահանջէ անոնց տիրութիւնը, քանի որ անոնք մերն են, աներկբայօրէն: Միայն այնտեղ է, որ կարելէ է լիաթոք շնչել Հայկի շունչը եւ ճաշակել պտուղները այն հողին որ կը կրէ փառքը մեր հին հերոսներուն: Միայն այնտեղ է որ հայու հոգին պիտի սկսի թրթռալ հարազատօրէն….:
Այս լուսանկարներովս, փորձած եմ ձեզի վերադարձնել այն բոլորը, որոնց մասին կարդացեր ենք միայն մեր պատմութեան գիրքերուն մէջ….ա՛յն որ բացայայտօրէն Հայկական է, ա՛յն որ կը պատկանի քեզի, ինծի, բոլորիս, քանի որ մենք զաւակներն ենք անոնց, որոնք բռնի ուժով դուրս դրուեցան անկէ: 100 տարի ետք, եկեղեցիները, վանքերն ու տուները կը մնան պարապ, բայց դեռ կը շողարձակեն անոնք այն ներուժը, այն կարօտը դէպի իրենց իրաւատէրերը, որ վերադառնան եւ վերականգնեն զանոնք իրենց երբեմնի նախնական փառքով…»:
Այնուհետեւ, գնահատական քանի մը ջերմ խօսքերէ ետք, Տիար Կոնստանտինոս Եորկաճիս պաշտօնական բացումը կատարեց ցուցահանդէսին:
109 լուսանկարներ՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ գիւղերէն ու քաղաքներէն, վանքերէն ու եկեղեցիներէն, բերդերէն ու տուներէն, պարիսպներէն ու կամուրջներէն, նախշազարդ քարերէն եւ որմերէն….որոնք կը տողանցեն հայեացքիդ դիմաց, քեզ փոխադրելով նախահայրերուդ արմատները, քու արմատներդ, սեփական հոգիդ, հարազատ ինքնութիւնդ, ազգային էութիւնդ….
Պարզ լուսանկարներ չեն ասոնք, այլ կորուստի ցաւով ու կսկիծով, խոր կարօտով, այլեւ հպարտութեամբ լուսանկարուած եւ հայ հոգիի կնիքը կրող հոգեպատկերներ, որոնք մերթ կը յուզեն, մերթ կը ոգեշնչեն, մերթ կ’առինքնեն….ինքնաճանաչման կայծով կը բռնկեն հոգիդ, պահանջատիրութեան կամքով կը գօտեպնդեն քեզ:
Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի Դալար, որ՝ որպէս տատրակ մը տարագիր, բռնագրաւուած հայրենի տան սէրն ու կարօտը արծարծեցիր մեր սրտերուն մէջ, քիչ մը Հայաստան բերիր մեզի, հայրենազուրկ մեր առօրեան ջերմացնելու լուսանկարներէդ ճառագայթող հայրենասիրութեան շողով եւ նոր լիցք տալու մեր պահանջատիրական պայքարին…:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր – Երան Գույումճեան
Թիւ (53) Դեկտեմբեր 2015